Գանատահայութեան լիաբուռն մասնակցութեամբ 206 հազար տոլար գոյացաւ Լիբանանահայութեան ի նպաստ կազմակերպուած նուիրահաւաք-թելեթոնին 

Կրկի՛ն մթագնած է Միջին Արեւելքի սիրտը կազմող Լիբանանի երկինքը. բազմաչարչար այս երկիրը տեսած է պատերազմ, տեսած է  հակամարտութիւններ, ապրած է կենցաղային ճգնաժամեր, տնտեսական տագնապներ, ապա վերջերս՝ թագաժահրի տագնապը եկաւ իր աւերիչ դրոշմը դնելու երկրին տնտեսական ու կենցաղային իրավիճակին վրայ: Հետզհետէ վատթարացող կացութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ տնտեսական ճգնաժամով, որուն հետեւանքով վտանգուեցաւ նաեւ հայ գաղութը ու «դանակը ոսկորին հասաւ»:

Գանատահայութիւնը միշտ լիաբուռն օժանդակութիւն հասցուցած է հոն՝ ուրկէ եկած է տագնապի ձայնը, հայրենիքէն եկած ըլլայ ան թէ Սփիւռքի որեւէ գաղութէ։

Լիբանանահայութեան տագնապին նկատմամբ ձեռնածալ չմնաց գանատահայ գաղութը, որ հայ ազգը հարուածող պատուհասներուն ընդառաջ միշտ առաջնեկը եղած է, որ օգնութեան ձեռք կ’երկարէ օժանդակելու համար մեր հայրենակիցներուն ամէնուրեք՝ Հայաստանի, Արցախի կամ Սփիւռքի մեր օճախներուն մէջ: Հետեւաբար անվարան յառաջացուց Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Մարմին մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութիս կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, եւ կոչ ուղղուեցաւ համայն գանատահայութեան, որպէսզի անտարբեր չմնայ լիբանանահայութեան օգնութեան կանչին հանդէպ:

Ապա ծայր առին դրամահաւաքի աշխատանքները, եւ գանատահայութիւնը, իր աւանդութեան համաձայն, անսաց Օժանդակութեան Մարմնի կոչին ու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ անվերապահ մասնակցութեամբ լիբանանահյութեան ի նպաստ կազմակերպուած թելեթոն-նուիրահաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 9 Յուլիս 2020-ին:

Նշեալ դրամահաւաքին սրտի խօսքերով ու ելոյթներով հանդէս եկան հայրենի եւ սփիւռքահայ արուեստագէտներ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կողմէ ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, ՀՅԴ երիտասարդական, պատանեկան եւ ուսանողական միութիւններու անդամներ, ՀՄԸՄականներ, Համազգայինի անդամներ, ՀՕՄի անդամներ, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի եւ Թորոնթոյի ՀՕՄի ամենօրեայ վարժարանի աշակերտներ եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, որոնք բոլորը իրենց զօրակցութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեցին լիբանանահայութեան եւ կոչ ուղղեցին գանատահայութեան՝ իրենց լուման բերելու տագնապալի վիճակի մէջ յայտնուած մեր ժողովուրդին ի նպաստ: Հայրենի եւ Սփիւռքահայ արուեստագէտներու մասնակցութիւնը երանգ տուաւ նուիրահաւաքի յայտագրին։

Կոչերը ապարդիւն չեղան, ի զուր չանցան Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Մարմնի աշխատանքները, անպատասխան չմնացին անել կացութեան մատնուած լիբանանահայութեան օգնութեան կանչերը, այլ անգամ մը եւս գանատահայութիւնը փաստեց, որ միշտ կողքին է մեր ժողովուրդին, յատկապէս այն հատուածին, որուն կը սպառնայ դոյզն վտանգ մը իսկ:

https://www.facebook.com/Aid4Lebanon/videos/196818045105793/

Լիբանանահայութիւնը պիտի մնայ համայն հայութեան գուրգուրանքի առարկայ, բնաւ իր ճակատագրին պիտի չյանձնուի, առանձին պիտի չմնայ, այլ կրկի՛ն անգամ իր ներքին կենսունակութեամբ, ամրակուռ կամքով եւ իր իւրայատուկ տոկունութեամբ պիտի յաղթահարէ այս տագնապը եւս, դուրս պիտի գայ այս փապուղիէն առաւել եւս զօրացած ու առաւել եւս միասնակամ:

Սփիւռքի զարկերակը կազմող այս գաղութին դերն ու դրոշմը աշխարհասփիւռ հայկական գաղութներուն վրայ ծանօթ է բոլորիս, որուն անդրադարձաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսելով. «Համայն հայ ժողովուրդին ուշադրութեան եւ հոգածութեան առարկայ պէտք է դառնայ լիբանանահայութիւնը, որուն դերը չի սահմանափակուիր Լիբանանով ու Միջին Արեւելքով, այլ ունի համահայկական, համասփիւռքեան տարողութիւն»:

«Գանատահայութիւնը հաւատացողն է հայ ժողովուրդի ամբողջականութեան սկզբունքին եւ ունի այդ ամբողջականութիւնը ամուր եւ հզօր պահելու վճռակամութիւն». այս խօսքերով գանատահայութեան կեցուածքը գնահատած էր Լիբանանի «Վանայ ձայն»ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, որուն լիիրաւ հաւաստիքը տուաւ Գանատայի հայ համայնքը, երէկ, իր անսակարկ նուիրումով հայ ժողովուրդի այն հատուածին, որ ատենօք երբեք չէ զլացած նաեւ ի՛ր լուման բերելու աշխարհասփիւռ ու հայրենի մեր ժողովուրդին:

Նշենք, որ Լիբանանահայութեան ճգնաժամի կացութեան, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոր ապագային սպառնացող վտանգին ի տես՝ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն, Մայիս 20ին յառաջացուց Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմինը։

Վարձքը կատար սոյն ծրագրին ձեռնարկողներուն, աշխատանքը ի կատար ածելու սիրոյն անխնայ ծառայողներուն եւ յատկապէս բոլոր նուիրատուներուն՝ ազգասիրական ու հայրենասիրական, նուիրական ու օրհնաբեր իրենց արարքին համար:

Դրամահաւաք-թելեթոնին գոյացաւ 206 հազար գանատական տոլար (152 հազար ԱՄՆ տոլար):

Նուիրատուներու եւ բարերարներու ցանկը շուտով կը հրատարակուի։

Նուիրահաւաքը կը շարունակուի։ Առցանց նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել հետեւեալ յղումով.

https://camam.akaraisin.com/Aid4Lebanon

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.