Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրի Գործադիր Վարչութեան Կազմութիւն
Նախապէս տեղեկացուցած էինք, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 25ամեակին առիթով, ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու զօրակցութեան համար կը տրամադրեն մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար:
Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի դիւանը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ արդիւնաւոր կերպով իրականացնելու համար Պէզիքեան ամոլին կողմէ կատարուած իշխանավայել այս նուիրատուութեամբ նախատեսուած լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան աշխատանքը, Ազգային առաջնորդարանին գլխաւորութեամբ արդէն իսկ կազմուած է Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրի գործադիր վարչութիւնը, որ Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2020ի երեկոյեան, Լիբանանի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ պաշտօնապէս այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ստացաւ անոր հայրական օրհնութիւնը:
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ վեհափառ հայրապետը նախ տեղեկացաւ ցարդ տարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին եւ իր օրհնութեան խօսքին ու յաջողութեան մաղթանքներուն ընդմէջէն կարեւորութեամբ յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խողովակով, Պէզիքեան ամոլը շարունակաբար եղած է մեր եկեղեցւոյ կողքին ու լիբանանահայութեան հետ: Այսօր, լիբանանեան կեանքի տագնապալի պայմաններուն մէջ, ըսաւ վեհափառ հայրապետը, նոյն վստահութեամբ ու կեցուածքով, Պէզիքեան ամոլը դարձեալ կը յայտնուի մեր եկեղեցւոյ կողքին` իշխանավայել օժանդակութեամբ աջակցելու համար լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին: Այնուհետեւ, յոյս յայտնելով, որ տագնապալի այս պայմանները շուտով կը հեռանան մեր կեանքէն՝ վեհափառ հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց յանձնախումբին եւ յիշեցուց, որ իբրեւ եկեղեցի, կառոյցներ ու պատասխանատուներ, մեր ծառայութիւններով ու նուիրումով մենք պէտք է շարունակաբար ըլլանք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կողքին, որպէսզի ազգովին մնանք կանգուն ու կենդանի:
Յայտնենք, որ Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրի գործադիր վարչութեան անդամ են Յակոբ Լատոյեան՝ ատենապետ, Գոհար Գանտահարեան՝ ատենադպիր, Րաֆֆի Սիսլեան՝ գանձապահ, Սիլվա Սողոմոնեան՝ խորհրդական, իսկ Զուիցերիայէն՝ Անի Պէզիքեան եւ Ալեքքօ Պէզիքեան։
Ազգային առաջնորդարանին մէջ վարչութիւնը արդէն իսկ ունեցած է շարք մը կարեւոր հանդիպումներ, հաստատած` կարիքաւորներու պայմանները ճշդող եղանակ, սահմանած` օժանդակութեան կտրօններու պատրաստութեան ու փոխանցման ձեւ եւ ճշդած` ընտանիքներու այցելութեան համար որոշ մանրամասնութիւններ: