Արցախ – Կիպրոս Բարեկամութեան Շրջանակի Կազմութիւն
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան 10 յունիսին Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներու եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ գլխաւորեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը` «Արցախ-Կիպրոս» բարեկամութեան շրջանակ ձեւաւորելու նպատակով: Ան հրաւիրուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան:
Խորհրդակցութեան բացումը կատարելով` Թովմասեան նշեց, որ 6 մարտին Կիպրոսի մէջ յայտարարուած է Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակ ստեղծելու մասին: Շրջանակին կ՛անդամակցին Կիպրոսի խորհրդարանի, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, յայտնի քաղաքական գործիչներ եւ գիտնականներ:
«Շրջանակի հետ համագործակցութիւնը գործնական դաշտ տեղափոխելու նպատակով` անհրաժեշտ կը նկատեմ Արցախի խորհրդարանի հովանիին տակ կազմել Արցախի մէջ Կիպրոսի հետ բարեկամութեան շրջանակ», ընդգծեց Արթուր Թովմասեան:
Հրապարակելով Արցախ-Կիպրոս բարեկամութեան շրջանակի կազմը` խորհրդարանի ղեկավարը յոյս յայտնեց, որ անիկա կ՛ընդլայնուի եւ իր գործունէութեամբ կը նպաստէ թէ՛ Արցախի միջազգային ճանաչման, եւ թէ Արցախի եւ Կիպրոսի միջեւ գործնական յարաբերութիւններու սերտացման:
«Արցախ-Կիպրոս» բարեկամութեան շրջանակի անդամներն են Արթուր Թովմասեան (շրջանակի նախագահ-Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ նախագահ), Արմինէ Ալեքսանեան (ընդհանուր քարտուղար), Աշոտ Ղուլեան (6-րդ գումարման ԱԺ նախագահ), Գեղամ Ստեփանեան («Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւն), Արթուր Մոսիյեան եւ Վահրամ Բալայեան («Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն), Դաւիթ Գալստեան (Արցախի «Արդարութիւն» խմբակցութիւն), Սէյրան Հայրապետեան եւ Գոհար Սարգսեան («Միասնական հայրենիք» խմբակցութիւն), Արթուր Յարութիւնեան, Արամ Գրիգորեան եւ Արմէն Յակոբեան («Ազատ հայրենիք» խմբակցութիւն), Լեռնիկ Յովհաննիսեան (Արցախի պետական համալսարանի դասախօս), Ռոբերտ Ղահրամանեան (ԱԺ աշխատակազմի ղեկավար), Սիրանուշ Սարգսեան (ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողով), Սոֆի Իւանիտիս (Արցախի յունական համայնքի ներկայացուցիչ), Բարեկամութեան շրջանակի քարտուղար` Լիլիթ Ասրեան (ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինի վարիչ):
Ամփոփելով խորհրդակցութեան արդիւնքները` Ազգային ժողովի նախագահը գոհունակութեան եւ երախտիքի խօսք ուղղեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի եւ Կիպրոսի յանձնախումբերուն` Կիպրոսի մէջ շրջանակի ստեղծման առումով ցուցաբերած անգնահատելի աջակցութեան համար:
Այս մասին «Ապառաժ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան նշեց, որ ՀՅԴ կառոյցները հետեւողական աշխատանք կը տանին, որպէսզի Արցախի բարեկամներու շրջանակը օրէ օր ընդարձակուի: Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի եւ Կիպրոսի յանձնախումբերու ջանքերուն շնորհիւ 6 մարտին Կիպրոսի մէջ ձեւաւորուած է Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակ, որուն մաս կը կազմեն պատգամաւորներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ: Յանձնախումբի ձեւաւորման առումով Վահրամ Բալայեան կարեւոր նկատեց երկկողմանի այցելութիւնները, միացեալ աշխատանքը:
«Բարեկամութեան շրջանակներու ընդլայնումը նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ Արցախի միջազգային ճանաչման համար, լոպիական աշխատանք կը կատարուի` այդպիսով իսկ թոյլ չտալով, որ իրականութեան դառնան Ազրպէյճանի հակահայ ծրագիրները», շեշտեց ան: