Ի Տէր յանգաւ Քեսապի, Այնճարի եւ Գէմպրիճի մէջ ծառայած Վեր. Յովհաննէս Սարմազեանը
Գէմպրիճի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնութիւնը հրապարակած են հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։
Սրտի խոր ցաւով իմացանք Վեր. Յովհաննէս Սարմազեանի մահը: Երկրէն երկինք մեկնող Աստուծոյ զաւակ մը, զինուոր մը, մեղքին դեմ պայքարող մը, ծառայող մը ընտանիքին, Եկեղեցիին, և ազգին: Ընտիր անօթ մը Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ: Վեր. Յովհաննէս Սարմազեան երկար տարիներ Ենովքի նման Աստուծոյ հետ քալեց, Քեսապէն սկսեալ անցնելով Այնճարէն և ապա Գէմպրիճ (Օնթարիօ):
Գէմպրիճի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին մէջ Վերապատուելին 28 երկար տարիներ ծառայեց իբր Հովիւ, սիրեց ու սիրուեցաւ ոչ միայն Հայ Աւետ. Համայնքէն ներս այլ նաև տարբեր համայնքներէն ներս: Ան նուիրուած ծառայեց բոլորին. անոր հեզութիւնը և Աստուածային առաքինութիւնները ցայտուն էին իր կեանքին մէջ, այսպէս մեծ Օրհնութիւն դարձած էր եկեղեցիին ու ազգին:
Վերապատուելին Աստուծոյ խօսքին խորունկ գիտութիւնով իր հոտը սնուցանեց և հաւատքի մէջ հաստատեց որու համար Աստուծոյ փառք կուտանք: Վերջերս իր հիւանդութեան պատճառաւ ֆիզիքապէս չէր կրնար ներկայ ըլլալ Եկեղեցւոյ Պաշտամունքներուն սակայն ան իր տան մէջ Աղօթքով կը մասնակցէր մեզի հետ: Վեր. Յովհաննէս Սարմազեան ժամանակաւորապէս մեզմէ բաժնուեցաւ իր սիրած Փրկչին միանալու և իր շատ սիրած առաքինի կողակիցին:
Վերապատուելին յաւիտենական կեանքի յոյսով ապրեցաւ ու այդ յոյսով իր աչքերը փակեց այս Աշխարին: Թող Սուրբ Հոգին, մխիթարէ զաւակները՝ Զելան, Վարանդը, Պարէթը, եւ Սարմազեան, Գագուսեան Ճանպազեան, Հասըրճեան ընտանիքները:
Օրհնեալ ըլլայ Վերապատուելիին յիշատակը: