«Հասէ՛ք մեզի, որպէսզի կարենանք միասին հզօր մնալ». ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի
Հարցազրոյց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի հետ
Մայիս 23-ին, «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ հեռակապով հարցազրոյցի ընթացքին, Լիբանանի խորհրդարանի անդամ եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ներկայացուց ներքաղաքական եւ տնտեսական տագնապի մէջ գտնուող Լիբանանի կացութիւնը՝ յատկապէ՛ս կեդրոնանալով Լիբանանի հայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ։
«Պատերազմի օրերուն հետ կարելի չէ բաղդատել Լիբանանի այսօրուան իրավիճակը։ Կացութիւնը այսօրուան դրութեամբ՝ ընդհանուր թշուառութեան վիճակ է։ Անմիջական օժանդակութեան կարիքը զգալի է»։
«Լիբանանահայութիւնը կը հաւատայ, որ ինք առանձին չէ»։
«Լիբանանի օգնութեան խաչը, շաբաթական երկու անգամուան դրութեամբ 1500 տարեցներու տուները ճաշ կ՚առաքէ»։
https://www.facebook.com/120633978044872/videos/279154443215850/?eid=ARA4TrraKb0tv9QX1VG3BivFzUTciE9yoSIbr7IAmOsy6PV2dzgp2WBufmXlO4TKHnvj0uvUd2vl3_O_