2020, Քանզի Ապրիլ Է Դարձեալ
ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Հայ ազգը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին յաճախ ենթարկուած է հալածանքներու եւ վայրագութիւններու, սակայն 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը տարբեր էր իր բնոյթով եւ աննախադէպ՝ իր տարողութեամբ։
2020, Ապրիլ է դարձեալ… Այս անգամ սարսափազդու եւ աննախադէպ դաժան օրեր կ՛ապրի համայն մարդկութիւնը: Պսակաձեւ ժահրը իր ոճով եւ տարողութեամբ կալանաւորած է երկրագունդը եւ առանց խտրականութեան ինքնամեկուսացուցած է մարդ արարածը իր տան պատերէն ներս։ Համայն մարդկութեան սպառնացող պսակաձեւ ժահրի համաճարակը ծնունդ տուած է մարդկային կենցաղի նոր իրականութեան մը՝ ներառելով մեր ազգն ու հայրենիքը իր մէջ:
Թէժ համաճարակի կանխարգիլման համար մարդկութիւնը արդի գիտութեան բարիքներէն ձեռք բերուած առողջապահական արհեստագիտութեան համաշխարհային բովանդակ համակարգը ի սպաս դրաւ կենաց ու մահու այս պայքարին, զօրակոչելով համայն աշխարհի գիտաշխատողները, բժիշկները, բուժքոյրերը, դեղագործները եւ հիւանդանոցներու համեստ աշխատողները, որոնք մոռնալով իրենց անձը տիւ ու գիշեր ծառայեցին եւ դառցան «անձինք նուիրեալք», մահուան գնով հասնելով բոլորին, առանց ցեղային, դաւանական եւ համայնքային խտրութեան: Յարգա՜նք առողջապահութեան եւ բոլոր անձնուրաց յառաջամարտիկներուն:
Տագնապալի այս օրերուն, աշխարհացրիւ հայութիւնը եւս ենթակայ է իր ապրած բնակավայրերու պետական իշխանութիւններու առողջապահական եւ ապահովական բոլոր ցուցմունքներուն:
Այս օրերուն, հայու ներքին արդար մղում մը սակայն, կը խանգարէ ամբողջ էութիւնս, կը յուզէ հոգեկան ներաշխարհս, քանզի Ապրիլ է դարձեալ: Չէ՞ որ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համայն հայութիւնը մէկ բռունցք դարձած՝ միասնական եւ համախումբ պահանջատիրութեան եւ հատուցման արդարահատոյց ձայնը դարձեալ պիտի բարձրացնէր քաղաքակիրթ աշխարհին ու մեր դարաւոր թշնամիին՝ Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ:
Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին ենթարկուած է բազում հալածանքներու, բնութեան եւ մարդկային ահաւոր աղէտներու: 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, 1988ի սարսափելի երկրաշարժը մեր պատմութեան սեւ էջերէն են, սակայն շնորհիւ հայութեան միասնական կամքին, անոր կազմակերպական կարոյցներու եւ հաստատութիւններու անդուլ ճիգերուն մեր ժողովուրդը մոխիրներէն յարութիւն առաւ եւ քալեց յաղթանակած:
Տագնապալի այս օրերուն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր ուղեկից միութիւններու համաշխարհային կառոյցներով, հակառակ համաճարկով պարտադրուած սահմանափակումներուն՝ պիտի ոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակը պատշաճ կերպով:
Մեր ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն անգերեզման նահատակներուն ճիչը անգամ մը եւս պիտի մղէ մեզ բոլորս՝ մեր արդար իրաւունքներու պահանջով ներկայանալու աշխարհին միշտ լաւատեսութեան եւ վճռակամութեան ամուր քայլերով:
Մէկ դար եւ հինգ տարիներ անցած են Մեծ Եղեռնի կանխամտածուած ոճիրի սեւ թուականէն: Թուական մը, որ կը յատկանշուի աննկարագրելի ողբերգութեամբ, մարդկային անասնական բնազդին ահաւորագոյն օրինակով։ Ցեղասպանութեան քաղաքական հետեւանքները եղան նոյնքան եղեռնային, որքան հայ ժողովուրդի սպանդը, որ ծրագրուեցաւ ու գործադրուեցաւ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ անմարդկային սառնասրտութեամբ։ Հայասպանութեան թիրախը ոչ միայն հայ ժողովուրդի ֆիզիքական բնաջնջումն էր, այլեւ հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու չէզոքացումը, հայոց հազարամեայ հողերու բռնագրաւումը։ Ամբողջ ժողովուրդ մը տեղահանուեցաւ իր բնօրրանէն, մեծով ու փոքրով յանձնուեցաւ Տէր Զօրի անապատի փոթորիկներուն։ Օսմանեան Թուրքիան անապատի աւազի վերմակին տակ ուզեց վերջնականապէս թաղել առաջին քրիստոնեայ ազգը եւ վերջ տալ Հայկական Հարցին։
Մեծ Եղեռնի թուականէն միայն հինգ տարի ետք՝ 1920ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի իրականացուցած իրաւարարական վճռագիրը եղան անկիւնադարձային։ Այսօր, 100 տարի ետք, Սեւրի դաշնագիրը պէտք է դիտել որպէս Ցեղասպանութենէն ետք հայոց երկրի սահմանները յատկանշող վճռորոշ փաստագիր։ Սեւրի պայմանագիրը ունի անժամանցելի արժէք, որ մինչեւ այսօր կ’անհանգստացնէ Թուրքիան։
1923 թուականին, սակայն, մշուշապատ Լոզանի դաշնագրով կը թաղուէր կարծես Հայկական Հարցը եւ քաղաքակիրթ կարծեցեալ Արեւմուտքը շուտով կը մոռնար Թուրքիոյ կողմէ բնաջնջուած արեւմտահայութեան մէկուկէս միլիոն նահատակները, հայոց բռնագրաւուած հողերն ու հայ գաղթականներու ճակատագիրը։ Արեւմտեան Աշխարհը իր տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմավարական շահերէն թելադրուած՝ բարեկամական ու սիրալիր յարաբերութիւններ կը մշակէ Թուրքիոյ կառավարութեան հետ մինչեւ այսօր։ Նոյն թուականներուն, նոր խորհրդայնացած Հայաստանի դաւաճան ղեկավարները նողկալի յանդգնութեամբ կը յայտարարէին, թէ Սովետական Հայաստանը հողային պահանջներ չունի հարեւան Թուրքիայէն։ Գաղթականութեան ճամբան բռնած տարագիր հայ բեկորներուն կը մնար կազմակերպել իրենց կեանքը եւ ինքնուրոյն ջանքերով տէրը դառնալ իրենց արդար իրաւունքներուն:
3000ամեայ հայրենիքէն տարագրուած եւ Մեծ Եղեռնի սարսափէն մազապուրծ ազատած հայ գաղթականութեան առաջին 50 տարիներու կեանքը եղաւ վերականգնումի, վերանորոգումի եւ վերակազմակերպումի շրջան մը: Ծնունդ առին հոգեւոր, կրթական, քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական հաստատութիւններ Սփիւռքի տարածքին:
1920ին, Սեւրի դաշնագիրով կարծես կը ձեւաւորուէր Հայ Դատի հիմնական նպատակը ու կը ստանար միջազգային իրաւական դիմագիծ: Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կերտիչ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը գերմարդկային ջանքերով հիմը դրաւ Հայ Դատի գրասենեակներուն Սփիւռքի բոլոր այն գաղթօճախներուն մէջ, որոնք յետագային լծուեցան քաղաքական աշխատանքի, քաղաքական ինքնուրոյն ռազմավարութեամբ արդարութիւն պահանջելով քաղաքակիրթ պետութիւններէն եւ Ցեղասպանութիւնը ուրացող թրքական կառավարութենէն:
Պահանջատիրական այս շրջանը սփիւռքահայ կեանքին մէջ եղաւ անկիւնադարձ մը ըլլալով հանդերձ, ան եղաւ ազատագրական պայքարի հանգրուան մը իր տարբեր հանգամանքներով՝ մղելով նորահաս սերունդները Հայ Դատի արդար լուծման իսկական պայքարին, որ ծաւալեցաւ մինչեւ Արցախի ազատագրութեան յաջողութեամբ պսակումը։
Հայ Դատի գրասենեակներու հետեւողական աշխատանքով՝ սփիւռքի հայկական համայնքներուն մէջ արմատացաւ պահանջատիրական ոգին, սակայն միւս կողմէ, թուրք պետութեան հովանաւորութեամբ, զգալիօրէն ծայր առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումի անհիմն քարոզչական քաղաքականութիւն մը։ Ուրացման այս արշաւը զարգանալով ստացաւ տեւական բնոյթ յատկապէս ակադեմական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ: Հակառակ Թուրքիոյ կառավարութեան երկար տարիներու ուրացումի քաղաքականութեան եւ ճնշումներուն ու սպառնալիքներուն, Հայ Դատի յանձնախումբերու քարոզչական աշխատանքները սկսան արդիւնաւորուիլ ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ, եւ տարուած հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ աշխարհի 32 մեծ ու փոքր պետութիւններ պաշտօնապէս ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Յատկանշական էին Եւրոպայի զանազան երկիրներու, Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տարուած սպառիչ ամէնօրեայ աշխատանքները, որոնց յաջողութեան անխոնջ սպասարկուները եւ թուրք իշխանաւորները սարսափեցնողները եղան Հայ Դատի գրասենեակներու ջահակիր յառաջապահները:
Մեծ հպարտութեամբ եւ հակիրճ տողերու մէջ յետադարձ ակնարկով մը պիտի անդրադառնամ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքներուն:
2006ին, Գանատայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ջանքերով մայրաքաղաք Օթաուայի մէջ հիմնուեցաւ Հայ Դատի գրասենեակը եւ անոր հիմնադրութիւնը եղաւ անկիւնադարձային: Գրասենեակի գործունէութեան ծիրը կ’ընդգրկէ գանատական կառավարական վերնախաւին հետ յարաբերութիւններու մշակում եւ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հետ քաղաքական աշխատանքներու համադրում։
Նոյն տարուան մէջ, Օթաուայի Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ կազմուեցաւ հայ-գանատական խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութիւնը, որ մեծապէս նպաստեց ապագայ ծրագիրներու յաջողութեան:
Շնորհիւ Օթաուայի մէջ գործող Հայ Դատի գրասենեակին, այսօր մեր կառոյցները նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակի վրայ ունին բազմաբնոյթ յարաբերութիւններ։
Օթաուայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքին շնորհիւ, 2004ին Ապրիլ ամսուան մէջ Գանատայի Դաշնակցային խորհրդարանը կը միանար Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունած արդարադատ երկիրներուն: Առ այդ, Հայ Դատի յանձնախումբին աշխատանքները նոր թափ ստացած կը զսպանակուին, որպէսզի Գանատայի կառավարութիւնը եւս հետեւի խորհրդարանի M380 բանաձեւին ու ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2006ին, պաշտօնական ելոյթով մը Գանատայի Դաշնակցային կառավարութեան նորընտիր վարչապետ Սթիվըն Հարփըր խիզախ յայտարարութեամբ մը յանձնառու եղաւ նորաստեղծ կառավարութեան անունով եւս պաշտօնական ճանաչում տալու Հայոց Ցեղասպանութեան արդէն իսկ ծերակոյտին եւ խորհրդարանին ընդունած բանաձեւին։ Գանատայի դաշնակցային կառավարութիւնը անգամ մը եւս կրցաւ հաստատել արդարութեան համաշխարհային ախոյեանի իր հանգամանքը՝ յաչս բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներուն։
Հոս արդար պիտի ըլլայ հաստատել, թէ նոյն տարիներու հայութեան իրաւունքներու կենսագործման ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին գծով եղաւ անկիւնադարձային եւ հիմնական խթան՝ քաղաքական գետնի վրայ Հայ Դատը ամրակայելու իմաստովէ։ Նորանկախ հանրապետութեան կառավարութեան յաջորդական հաստատումները քաղաքական բոլոր շահագրգիռ կողմերուն յստակացուցին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը անմիջական կապ ունի տարածաշրջանէն ներս կայունութեան հաստատման հետ։
Յետադարձ ակնարկով յիշենք նաեւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատմագրքին մէջ 29 Հոկտեմբեր 2019 թուականը յատկանշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը հաստատող թիւ 296 բանաձեւի նշանակալից ամրագրումով: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան ճնշող մեծամասնութիւնը՝ 405 թեր եւ 11 դէմ ձայներով հաստատեց տասնամեակներէ ի վեր սպասուած եւ տարբեր առիթներով անոր ընդունումը ձախողած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան թիւ 296 բանաձեւին ընդունումէն անմիջապէս ետք, աննախաընթաց քայլով մը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը եւս ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։ Համայն հայութեան ակնկալութիւնն է որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւս օր կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան:
Ամերիկայի Հայ Դատի Ուաշինկթոնի գրասենեակին, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու զոյգ գրասենեակներուն երկար տարիներու անդուլ աշխատանքներուն արդիւնքը եղան Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան բանաձեւերու ընդունման պատմական զոյգ յաղթանակները: Հայրենիքի եւ աշխարհացրիւ հայութիւնը ընդհանրապէս եւ ամերիկահայ համայնքը մասնաւորապէս ցնծութեամբ դիմաւորեցին պատմական այս յաղթանակները, որոնք վստահաբար պիտի ունենան նշանակալից անդրադարձ եւ ազդեցութիւն համաշխարհային քաղաքական հարթակին վրայ: Այսպիսի յաղթանակները անպայման պիտի աշխուժացնեն նաեւ Հայ Դատի ժրաջան նուիրեալները՝ նորանոր չափանիշերով աւելի մեծ նուաճումներու հասնելու համար:
Եւ վերջապէս ժամանակն է, որ մեր ազգը, ի սփիւռս աշխարհի, Հայաստանի եւ Արցախի , մէկ բռունցք դարձած՝ համայն աշխարհին ներկայանայ միասնական ճակատով եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն տէր կանգնելու անխախտ վճռականութեամբ: Ո՛չ Ցեղասպանութիւնը եւ ո՛չ ալ հողային պահանջատիրութիւնը ենթակայ են զիջումներու։ Թուրքիա պէտք է ընդունի իր գործադրած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ արդար հատուցում կատարէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն։ 105 տարիներու մեր պայքարին մէջ ոչ մէկ ընկրկում ու նահանջ կրնանք ունենալ։ Յստակ է մեր պահանջը՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում եւ արդար հատուցում: «Կը Յիշեմ եւ կը Պահանջեմ»։ Ա՛յս է եւ պիտի ըլլայ այլեւս հայուն կարգախօսը բոլոր ճակատներու վրայ։
Բի՜ւր յարգանք մէկուկէս միլիոն սրբադասուած մեր նահատակներուն։