Առաջնորդ Սրբազանը ծաղկեպսակներ զետեղեց Մոնթրէալի ու Լաւալի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձաններուն դիմաց
Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ ամեակին առիթով, Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան այցելեց Մոնթրէալի ու Լաւալի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձաններ, խոնարհեցաւ մեր բիւրաւոր Սուրբ նահատակներուն յիշատակին առջեւ, ծաղկեպսակներ զետեղեց ու բարեխօսական աղօթքներով՝ համայն գանատահայութեան փոխարէն վերանորոգեց անսակարկելի մեր իրաւունքներուն պահանջատէրի կեցուածքն ու յանձնառութիւնը։
Մոնթրէալի յուշարձանի այցելութեան, Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան, իսկ Լաւալի յուշարձանին՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեան:
Նշենք նաեւ, որ այսօր, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Բարեխօսական արարողութիւններ պիտի կատարուին ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասեալ նահատակներուն, իսկ հոգեւորականաց դասու անդամները ծաղկեպսակներ պիտի զետեղեն Ցեղասպանութեան յուշարձաններուն դիմաց:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի