Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան Մասնակից Համավարակի Դէմ Պայաքարին

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան գործօն մասնակցութիւն կը բերէ COVID-19-ի դէմ Կիպրոսի մէջ տարուող պայքարի ջանքերուն։ Պաշտպանիչ սարքերու մեծ պահանջին պատճառով, Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը գործօն մասնակցութիւն բերաւ հետեւեալ պաշտպանիչ սարքերու Կիպրոս փոխադրութեան աշխատանքներու համադրման մէջ.

50.000 բժշկական դիմակներ

5.000 դէմքի վահանակներ

4.000 պաշտպանական արտազգեստներ

Այս առաքելութեան յաջողութեան համար Վարդգէս Մահտեսեան իր գործընկերներու՝ CDA Ընկերութիւններու Խմբակին եւ իր գործարար գործակիցներուն անվճար օժանդակութիւնը ապահովեց։ Խորհրդարանի Նախագահ Տիմիթրիս Սիլլուրիսի օժանդակութեամբ, ան համադրեց անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը, որպէսզի պաշտպանիչ սարքերը հասնին Կիպրոս, չինական կառավարութեան տրամադրած մնացեալ բժշկական սարքերուն հետ։ Բժշկական սարքերը այսօր հասան Լառնաքայի օդակայանը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.