Լոռիի եւ Ջաւախքի ի նպաստ նուիրահաւաքի աշխատանքները կը շարունակուին

Զօրակցինք Հայաստանի Հիւսիսային դարպասներու ամրագրման

Շունչ ներարկենք Լոռիին եւ Ջաւախքին

Գանատայի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբի կազմակերպած զեկուցական եւ հանգանակային հաւաքները, որոնք տեղի պիտի ունենային կիրակի Մարտ 15, 2020-ին, Թորոնթոյի մէջ եւ երկուշաբթի Մարտ 16-ին Մոնթրէալի մէջ, ի հետեւումն Գանատայի կառավարութեան թագաժահրի վարակի տարածման կանխարգիլման ուղղուած յորդորներուն եւ ուղեցոյցերուն՝ անորոշ ժամանակով յետաձգուեցան։

Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ նուիրահաւաքի աշխատանքները կը շարունակուին։ Ստորեւ յանձնախումբի հրապարակած զօրակցութեան նպատակաուղղուած նուիրատուութեան թերթիկի բովանդակութիւնը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.