Արամ Ա. Կաթողիկոս իր բարձր գնահատանքը յայտնեց «Քորոնավիրուս»-ի պատուաստի գծով աշխատանքի լծուած Նուպար Աֆէյեանին
1598
0
24 Մարտ 2020-ին, երկար զրոյց մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ «Քորոնավիրուս»ի պատուաստանիւթի մը գիւտին գծով յարատեւ աշխատանքի լծուած Նուպար Աֆէյեանին միջեւ։
Տիար Աֆէյեան լայն բացատրութիւններ տուաւ Վեհափառ Հայրապետին իր ընկերութեան կատարած մասնագիտական աշխատանքներուն գծով։
Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց պարոն Աֆէյեանին՝ անոր աշխատանքը նկատելով համամարդկային առաքելութիւն, որ պատիւ կը բերէ մեր ազգին ու հայրենիքին։
Յայտնենք, որ Նուպար Աֆէյեան իր պատանեկութեան տարիներուն Պէյրութի Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասին մաս կազմած է, ապա ատենապետը եղած է Պոսթընի ազգային վարժարանին եւ միաժամանակ բարերարը՝ նոյն վարժարանին մանկապարտէզի բաժնին։ Ան նաեւ «Aurora» մարդասիրական նախաձեռնութեան հիմնադիրներէն է։