ՀՅԴ Գանատայի պատանիները պիտի մասնակցին Լոռի-Ջաւախք զօրակցական Նախաձեռնութիւններուն
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւնները նշեցին Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան ազատամարտի սկզբնաւորման տարեդարձները
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը կը յայտնէ, որ 29 Փետրուար 2020ին, Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ մեծ շուքով նշուեցան Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան ազատամարտի սկզբնաւորման տարեդարձները:
Դաշնակցական Պատանիին համար անհրաժեշտութիւն է իմանալ իր ժողովուրդի անցեալը, որովհետեւ, ներկայ իրադրութիւններու նորովի ընկալման համար, յաճախ պէտք է դիմել անցեալին: Արցախեան հիմնահարցը ներկան է, սակայն անոր արմատները կու գան անցեալէն՝ Մայիս 1918էն եւ Փետրուար 1921էն:
Փետրուարեան ապստամբութիւնը պատմականօրէն եղաւ առաջին պոռթկումը պոլշեւիկեան բռնակալութեան դէմ: Եւ Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս ստանձնեց ղեկավարի դերը եւ հանդէս եկաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ՝ ազգային միասնութեան եւ ազատութեան գաղափարներ մարմնաւորողի դերով: Փետրուարեան Ապստամբութեան խորհուրդէն ներշնչուած` Արցախեան ազատագրական պայքարը սկսաւ 1988-ին, նոյն ռէժիմին կողմէ Արցախը ազերիներուն յանձնուելուն պատճառով: Բայց Հայ ժողովուրդը ազատագրեց ե՛ւ Արցախը: Արցախը եղաւ ու է մեր պատիւը, մեր հպարտութիւնը: Եւ այդ հպարտութիւնը ամբողջական դարձաւ, երբ պատմական դարաւոր եւ նշանաւոր քաղաքը, Շուշին, ազատագրուեցաւ 8 Մայիս 1992ին:
Իսկ հիմա, քաջ գիտակցելով որ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ՀՅԴաշնակցութիւնը պիտի դիմէ նախաձեռնութիւններու եւ նկատի ունենալով որ Գանատայի շրջանը քոյր շրջան է Լոռիի մարզի եւ Ջաւախքի հետ, պատանիները պիտի մասնակցին Լոռի-Ջաւախք զօրակցական հաւաքին:
Որովհետեւ Դաշմնակցական Պատանին կը խոստանայ որ իր պատմութիւնը վառ պահելով, պիտի պայքարի օտարամոլութեան վտանգին դէմ, հակահայ թրքական եւ ազերիական քարոզչութեան դէմ:
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմին