Համազգայինի Գանատայի գրական մրցումի դափնեկիր աշակերտները կը գրեն

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած 2018-2019 տարեշրջանի աշակերտական գրական մրցում, որ արդէն վեց տարիէ ի վեր իբրեւ բարի աւանդութիւն հաստատուած է մեր գաղութին մէջ եւ կարեւոր բաժին ունի հայերէն լեզուի ու մշակոյթի պահպանման աշխատանքներուն մէջ, անգամ մը եւս գործնապէս ապացուցեց, որ մայրենիին հետ պատանի սերունդին մտերմութեան մէջ գեղագիտական ստեղծագործութիւնը ինչպիսի՛ բարերար ու անփոխարինելի դեր ունի նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ:

2018-2019 տարեշրջանի գրական մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի հայկական վարժարաններու աշակերտներ, բաժնուած երկու խումբերու։ Առաջին խումբը կը ներառէր 5-րդէն 9-րդ դասարանի աշակերտները, իսկ երկրորդը՝ 10-րդէն 11-րդ, իսկ Թորոնթոյի պարագային՝ 12-րդ դասարաններու աշակերտները։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս տարուան մրցանակակիրներուն, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի «Գոլոլեան» նախակրթարանի աշակերտներէն՝ Մէրի Լիլիթ Նաճարեանի, Բալիկ Թաշճեանի, Օշին Մարգարեանի, Նունէ Նազարեանի, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարանի «Բաստրմաճեան» երկրորդականի աշակերտներէն՝ Հրակ Արթինի, Նայիրի Էլիպէքեան եւ Լոռի Մարտիրոսեանի շարադրութիւնները:

Մեր Թաղը

Շաբաթ օր է, 22 Յունիս։ Վերջապէս դպրոցս վերջացաւ, վերջացան նոյնպէս դասերու եւ գրաւորներու մտահոգութիւններս։ Պատշգամը նստած կը դիտեմ մեր հանդարտ եւ գեղեցիկ թաղը։

Մենք կը բնակինք «Scarborough» քաղաքին մէջ։ Թէեւ խճողուած քաղաք է՝ իր բարձր ու ցած շէնքերով, բայց մեր թաղը հանդարտ է։ Երբեմն հեռուէն կը լսուի մայրուղիի աղմուկը։ Բայց վնաս չունի, այդ ալ հաճելի կը թուի ինծի։

Ահա կը տեսնեմ մեր դրացի Նորմընը, որ իր ՝ Չարլին, առտու, կէսօր, իրիկուն պտոյտի կը տանի։ Ի՛նչ ուրախ կը ցատկռտէ այդ շնիկը խոտերուն վրայ։ Ազատութիւնը առած է։

Դիմացէն կու գայ 5-րդ յարկի իրաքահայ դրացին իր երեք շուներով։ Մեր այս դրացին կարծես շուներու հաւաքածոյ կը սիրէ ունենալ։ Ամէն մէկը տարբեր գոյն ունի եւ տարբեր չափ։ Երբ թաղի շուները իրարու հանդիպեցան, ա՛լ երեւակայեցէք անոնց հաջոցը։ Ի՞նչ կը խօսին իրարու հետ։ Որպիսութի՞ւն կը հարցնեն, թէ իրենց օրուան կերակուրին մասին։ Մէկն ալ չի գիտեր։ Հեռուէն կու գայ տիկին Սօսին՝ ծանր տոպրակներ շալկած։ Երեւի չինական վաճառատունէն գնում ըրած է։

Քովի շէնքի խաղավայրին մէջ ոմանք կողովագնդակ կը խաղան, ուրիշներ ալ լողաւազանին մէջ կը զուարճանան։ Տակաւին քանի մը օր առաջ, այդ պզտիկները դժգոհ դէմքերով թաղին անկիւնը կեցած կը սպասէին դպրոցի հանրակառքը։ Իսկ հիմա՝ ա՛լ հոգ չկայ։ Ո՛չ դասի մասին, ո՛չ ալ պարտականութեան մասին պէտք է մտածել։ Միայն կը խաղան եւ կը զուարճանան։

Քովի դպրոցի բակէն ներս ալ, փոքրերը անդադար կը վազվզեն, սահնակի վրայ կ’ելլեն, ու ոմանք ալ հեծիկ կը քշեն։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս ձմրան ժամանակ այդ բակը ամայի կ’ըլլար։ Հոն կայ նաեւ բլուր մը, որ ձմրան եղանակին փոքրերուն հաճելի սահնակի կը վերածուի։

Բոլոր եղանակներուն ալ շատ գրաւիչ կ’ըլլայ մեր թաղը, բայց իմ նախասիրած եղանակս աշունն է, երբ բոլոր ծառերը կարմիր, դեղին եւ նարնջագոյն հագուստ հագած կ’ըլլան։ Բնութեան այս գեղեցիկ տեսարանին մաս կը կազմեն թռչունները։ Անոնք անընդհատ երամ-երամ պտոյտի կու գան մեր թաղը։ Տե՛ս անոնք հիմա շարուած են ելեկտրական թելերուն վրայ։ Հանգիստ են հոն, աշակերտներու պէս մէկ շարքի վրայ նստած՝ կ’երգեն։ Չմոռնամ ըսելու, որ անոնցմէ շատերը մեր պատշգամներուն թշնամին են, որովհետեւ անոնք կու գան եւ պատշգամը կ’աղտոտեն։ Ահա քեզի գործ։

Պատշգամը կեցած, միտքերս հեռու գացին, երբ յանկարծ հրշէջ մեքենաներու ահազանգը խանգարեց զանոնք։ Ի՞նչ պատահած է արդեօք։ Կը տեսնեմ, որ անոնք կ’ուղղուին դէպի մեր քովի շէնքը, որուն բնակիչները կը սկսին դուրս գալ։ Երեւի կրակի ազդանշանը լսած են։ Յուսամ մեծ հարց մը չկայ հոն։

Հակառակ այս գէշ դէպքին, մեր թաղը ինծի համար ապահով, մաքուր ու հաճելի թաղ մըն է։ Շատ կը սիրեմ հոն ապրիլ, որովհետեւ շատ յիշատակներ ունիմ հոն, նաեւ որովհետեւ դպրոցիս, Հայ կեդրոնին եւ եկեղեցիին շատ մօտ է։

Մէրի Լիլիթ Նաճարեան

Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարան

«Գոլոլեան» նախակրթարան

7րդ դասարան

 

 

Մեր Թաղը

Երեք տարի առաջ ծնողքիս հետ, Հալէպի պատերազմին պատճառով, Թորոնթօ փոխադրուեցայ։ Կ’ապրիմ հսկայ շէնքի մը մէջ «Don Mills»ի եւ «Van Horne»ի վրայ։ Թէեւ պատշգամէս տեսնուած տեսարանը եւ շրջապատը կը սիրեմ, բայց չեմ մոռնար Հալէպի մեր շէնքն ու դրացիները։ Մենք կ’ապրէինք հինգ յարկանոց շէնքի մը մէջ, որ կը գտնուէր նեղ թաղի մը մէջ։ Թաղին մէջ կային դեղարան, նպարավաճառներ, լուացարան նորոգող, ջրմուղագործ եւ համակարգչային խաղերու խանութներ։ Մենք կ’ապրէինք շէնքին երրորդ յարկը։ Մեր յարկին մէջ կար հայ ընտանիք մը երկու պզտիկներով: Ամէն օր, դասերս վերջացնելէ ետք, իրարու տուն երթալով զուարճալի խաղեր կը խաղայինք, ինչպէս՝ պահուըտուք, դպրոցի խաղը, խաղալիքներով եւ այլն։ Մեր շէնքին դրացիները հայ էին, մինչեւ իմ վերջին երեք ամիսներս Հալէպի մէջ։ Երբ ես պատշգամէս դուրս կը դիտէի, կը տեսնէի հինգ տարեկան արաբ աղջիկ մը կամ ալ ինէն-ութը տարեկան այլազգ աղջիկ մը։ Երբեմն կը խօսէինք եւ կը խնդայինք պատշգամէ պատշգամ եւ երբեմն իրարու դիմաց նստելով դաս կ’ընէինք։

Ամառը իմ նախասիրած եղանակս էր։ Կը սիրէի ամէն թաղին փոքրիկներուն հետ խնդալ, խաղալ եւ զուարճանալ արեւու ճառագայթին տակ։ Երբ օդը շատ տաք կ’ըլլար, թաղին անկիւնի նպարավաճառէն պաղպաղակ կը գնէինք՝ զովանալու համար։ Ամրան նախասիրած տօնս էր Վարդավառը. քրոջս հետ կը սիրէի թափանցիկ տոպրակներ պաղ ջուրով լեցնել եւ պատշգամէն վար թափել մարդոց վրայ: Միայն Վարդավառին մեզի արտօնուած էր այս ընել։ Մարդոց վրայ թափելէ ետք ես խողովակը քրոջս վրայ բռնելով, ամբողջովին կը թրջէի զինք։

Աշնան եւ ձմրան եղանակներուն ես կը նախընտրէի տունը մնալ եւ վառարանին քով տաք խմելիք մը խմել։ Երբ ձանձրանայի, մեր քովի դրացիին պզտիկներուն հետ կը խաղայի կամ ալ քրոջս հետ, տունը, զանազան խաղեր խաղալով ինքզինքս կը զբաղցնէի։ Հալէպի մէջ տարին մէկ անգամ ձիւն կու գար։ Ձիւնոտ օրերուն ես ժամը հինգ-վեցին կ’արթննայի եւ աճապարելով վառ կ’իջնէի։ Ժամերով քրոջս եւ դրացիներուս հետ անդադար կը խաղայի։ Երբ բոլոր ձիւնը կը հալէր, իմ ուրախութիւնս ալ կը հալէր։

Մեր թաղին մէջ շատ լաւ եւ գէշ յիշատակելի բաներ պատահած են։ Նոր Տարիի գիշեր մը, երբ մեր ընտանիքը հաւաքուած էին մեր տունը, քեռիս մեր պատշգամէն հրավառութիւնը դիտած ատեն կը նշմարէ գող մը, որ կը փորձէր մեր թաղի դեղարանին դուռը բանալ, բայց քեռիս բացականչելով գողին ուշադրութիւնը գրաւեց եւ զայն հեռու փախցուց։ Մեր թաղին ամէնէն յիշատակելի դէպքն էր մեր տան հրդեհը։ 2008-ին մենք մեր մեծ մօրը տունը Նոր Տարին կը դիմաւորէինք, յանկարծ ծնողքս մեր դրացիներէն հեռաձայն ստացան եւ անմիջապէս տուն վերադառնալով տեսան հրշէջները մեր թաղին մէջ՝ կը փորձէին մեր տան կրակը մարել։ Օրեր ետք գիտցանք, թէ մեր վարի դրացիին զաւակը փորձած էր պայթուցիկ մը վառել, բայց սխալմամբ մեր պատշգամը նետած էր։ Այդ հրդեհէն մենք կորսնցուցինք շատ յիշատակներ, բայց, փառք Աստուծոյ, որ մենք տունը չէինք։

Բալիկ Թաշճեան

Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարան

«Գոլոլեան» նախակրթարան

8րդ դասարան

Մեր Թաղը

 

Մեր գեղեցիկ թաղը կը գտնուի «Etobicoke»ի մէջ։ Չորս եղանակները շատ լաւ կ’երեւին իմ ննջասենեակիս պատուհաններէն։ Մեր թաղի թաց ու գունաւոր գարունը միշտ ինծի կը բերէ երջանկութիւն եւ ուրախութիւն։ Գարունը կեանք ու յոյս կը ցուցադրէ։ Ծաղիկներու, ծառերու, այգիներու, պտուղներու, բանջարեղէններու եւ դաշտերու պայծառ գոյները միշտ զիս աւելի երջանիկ կը դարձնէ եւ իմ սիրտս շատ կը ջերմացնէ։ Կը կարծեմ, որ ամառը մեր թաղին լաւագոյն եղանակն է։ Դեղին, ջերմ ու մեծ արեւը միշտ կը փայլի մեզի անամպ երկինքէն։ Ես գիտեմ, որ ամառը սկսեր է, երբ դանդաղ, բարձրաձայն, պաղպաղակի բեռնատարը կ’երգէ իր զուարճալի երգը, յիշեցնելով երիտասարդ, ուրախ երախաներուն՝ համեղ եւ սառած անուշեղէնին մասին։

Ամրան դուրսը շատ կը խաղամ։ Իսկ ճիշդ փողոցին վերջը երկու խաղավայրեր կան, որոնք միշտ պզտիկներով լեցուն են։ Հայրս միշտ կը քաջալերէ ինծի, որ հեծիկովս աւազան երթամ ու պաղ ջուրին մէջ խաղամ։ Ամրան իմ ծնողքս շատ կը սիրէ արձակուրդի երթալ։ Անցեալ տարի Եւրոպա ճամբորդեցինք եւ շատ ուրախ ժամանակ անցուցինք, յուսամ նորէն կ’երթանք։ Աշունը շատ գեղեցիկ է մեր թաղին մէջ։ Երբ որ մեր փողոցը դառնաս, անկարելի է կարմիր, դեղին եւ սրճագոյն գոյները չտեսնես։ Երբ հայրս տերեւները հաւաքէ, չեմ կրնար ինքզինքս զսպել ու հաճոյքով վրան կը ցատկեմ։ Աշնան դպրոցը կը բացուի, եւ գոհաբանական օրուան ատեն համով հնդկահաւեր կ’ուտենք։ Իմ ծնողքս շատ կը սիրէ երկար քալելու երթալ։ Իսկ ձմեռը, որ ամենէն երկարն է, շատ պաղ ու ձիւնոտ է։ Շատ կը սիրեմ սահնակով ձիւնին վրայ խաղալ։ Միշտ ուրախ դէմքով տուն կը վերադառնամ։ Ամէն տարի Կաղանդ Պապան ալ կու գայ շատ նուէրներով։

Մեր թաղին մէջ եղող դրացիները շատ բարի են։ Մեր քովի դրացին երկու պզտիկ շուներ ունի, որոնց հետ շատ կը խաղամ։ Միշտ կը հաջեն, երբ զիս տեսնեն։ Միւս կողմը դրացի մը ունինք, որ միշտ ինծի կը հրաւիրէ ճաշի։ Անցեալ տարի երկու տարիքոտ մարդիկ կ’ապրէին մեր դիմաց, բայց հիմա փոխադրուեցան։ Լաւ օրերուն շատ կը սիրեմ եղբօրս հետ կողովագնդակ խաղալ մեր տան առջեւը, միշտ ուշադիր կ’ըլլանք ինքնաշարժերուն։ Ամէն տարի Յուլիս մէկին մեր ետեւի կանաչ պարտէզէն կրնաս տեսնել հսկայական, գունաւոր հրախաղութիւնները։ Ամէն տարի ծնողքիս հետ կը դիտենք գեղեցիկ լոյսերը, որոնք կը թռին երկինքին մէջ։ Մեր թաղը շատ մօտ է օդականային։ Ամէն գիշեր կրնաս լսել օդանաւերու ձայնը։ Իմ մօրս ու հօրս աշխատած գործատեղիները շատ մօտ են մեր թաղին, բայց դժբախտաբար մեր հայկական վարժարանը հեռու է։ Մեր թաղին մէջ պզտիկ անտառ մըն ալ կայ, ուր գայլեր ու աղուէսներ կը բնակին։ Իմ դաշնակի ուսուցիչս ալ մեր թաղը կ’ապրի, ան շատ շնորհալի դաշնակահարուհի է եւ շատ լաւ կը սորվեցնէ ինծի։ Մեր տան ետեւն ալ փոքր դպրոց մը կայ, ամէն օր կը տեսնեմ պզտիկներ, որոնք այս դպրոցը կը յաճախեն։ Ամէն գիշեր անհամբեր կը սպասեմ, որ մեր տունը հասնինք: Կը զգամ, որ ապահով եմ մեր թաղին մէջ։

Օշին Մարգարեան

Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարան

«Գոլոլեան» նախակրթարան

7րդ դասարան

 

 

Մեր Թաղը

Մեր թաղը այն փողոցն է, ուր կը գտնուի մեր շէնքը, մեծ դաշտի մը դիմաց։ Հոս կեանքիս մեծ մասը անցուցած եմ ուրախ եւ տխուր օրերով։ Տարբեր եղանակներուն, մեր թաղը տարբեր գեղեցկութիւն կ’ունենայ։

Գարնան մեր թաղի ծառերը շատ գեղեցիկ, մեղմ, կանաչ գոյն կը ստանան, եւ դաշտէն անուշահոտ խոտի բոյրը կը բուրէ։ Թռչունները կը վերադառնան իրենց արձակուրդէն եւ կը սկսին ծառերուն վրայ բոյն շինել։ Բայց դպրոցին մէջ, զբօսանքի ատեն, մէկ տեսակի բադիկներ կան, որոնք ընկերներուս ետեւէն կը վազեն, եւ ես խնդալով կը դիտեմ։ Ընտանիքով յաճախ մեր շէնքին քովի պարտէզը կ’երթանք եւ հոն կը ճաշենք։ Մայրս համեղ ճաշեր կը պատրաստէ, եւ հայրս խաղեր կը կազմակերպէ։ Քրոջս հետ հեծանիւ կը քշեմ, հովերը կը փչեն իմ կողմս, կը զգամ արեւուն տաքութիւնը մարմնիս մէջ։ Հաճելի ժամերը կ’անցնին, եւ արեւնամուտին տուն կ’երթանք քալելով։ Կը հանդիպինք ապահովութեան հսկիչին՝ Ժոնին, որ Յունաստանէն եկած է։ Շատ ուրախ եւ աշխոյժ անձ մըն է, բայց նաեւ ունի մեծ թերութիւն մը, ան շատ պահանջող է եւ հօրմէս միշտ գերմանական շոքոլա եւ գինի կ’ուզէ։

Ամրան տաք օդը մեզի կը յիշեցնէ դպրոցի վերջաւորութեան մասին։ Ընկերներս եւ ես աշխոյժ կ’ըլլանք եւ անհամբեր կը սպասենք արձակուրդը։ Արձակուրդին ընտանիքով ծովափ կ’երթանք։ Երբ շէնքին վարի յարկը կ’երթանք, ուր ինքնաշարժներ կան, կը հանդիպինք մեր չինացի հարեւանին։ Ան աղուոր ինքնաշարժ ունի, բայց երբեք չի քշեր, միայի կը մաքրէ եւ հոգ կը տանի, ճիշդ մանչի մը նման։ Երբ ծովափ կը հասնինք, տաք աւազը ոտքերուս կը դպնայ, եւ պաղ ջուրին մէջ կը խաղամ։ Քրոջս հետ աւազէ պալատ կը շինենք եւ քանի մը անգամ ալ իրեն աւազին մէջ կը դնեմ եւ ամբողջ մարմինը աւազով կը ծածկեմ, միայն գլուխը կ’երեւի։ Ուրախ ժամանակ կ’անցընենք եւ գիշերը պաղպաղակ ուտելով տուն կը վերադառնանք։

Աշնան դպրոցը կը սկսի։ Մօրս հետ դպրոցական պիտոյքներ գնած կ’ըլլամ եւ պայուսակի մէջ կը դասաւորեմ։ Առաջին օրերը դաս շատ չունիմ եւ շատ ուրախ կ’ըլլամ, երբ ընկերներս տեսնեմ։ Բայց քիչ մը ետք շատ դաս կ’ունենանք, եւ ես կը յոգնիմ։ Պայուսակս այնքան մեծ է, որ դպրոց երթալու ժամանակ, շէնքի վերելակին մէջ, եթէ դրացի մը կայ, կը հարցնեն որ ո՞ւր կը ճամբորդեմ։ Աշնան չորցած կանաչ եւ կարմիր տերեւները կ’իյնան ծառերէն, եւ ես տերեւներով կը կառուցեմ դէզ մը եւ մէջը կը ցատկեմ։ Կը սպասեմ իմ տարեդարձիս համար Սեպտեմբեր 22-ը եւ Հոկտեմբեր 31-ին «trick or treat»ի կ՚երթամ ընկերոջս հետ, եւ շաքար կը հաւաքենք։

Ձմրան թռչունները կը գաղթեն աւելի տաք տեղեր։ Պաղ, ճերմակ ձիւնէ փաթիլներ երկինքէն կը տեղան։ Քանի մը օր այնքան պաղ կ’ըլլայ, որ դպրոց չեմ ունենար։ Դրացիները յաճախ դուրս չեն ելլեր։ Ես բակը ձիւնամարդ կը շինեմ քրոջս հետ։ Հայրս տաք խմելիքներ կը պատրաստէ մեզի համար։ Այնքան պաղ կ’ըլլայ, որ քիթս Rudolf-ի քիթին պէս կը կարմրի։ Ես կը հիւանդանամ, որովհետեւ երբ մայրս կ’ըսէ «բաճկոնդ հագուէ», ես զինք չեմ լսեր։ Իմ ամենէն սիրած տօնս Կաղանդն է, կը սիրեմ ծառը գեղեցկացնել զարդարանքներով եւ ծառին տակի նուէրները բանալ։ Շատ ուրախ եւ զուարթ կ’ըլլայ ընտանիքս, եւ կը սիրեմ իրարու հետ ժամանակ անցընել։

Ես մեր թաղը շատ կը սիրեմ եւ շատ հաճելի ժամեր կ’անցընեմ ընտանիքովս։ Կ’ուրախանամ, երբ դրացիներուս կը հանդիպիմ։ Տարբեր խաղեր կը խաղամ տարբեր եղանակներուն։ Տարին շատ արագ կ’անցնի:

Նունէ Նազարեան

Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարան

«Գոլոլեան» նախակրթարան

7րդ դասարան

 

 

Վերածնունդ

Մարդ արարածը կը ծնի վայրի մը մէջ՝ ակամայ, եւ այդ տեղը կ’ըլլայ իր ծննդավայրը։ Ես ծնած եւ ապրած եմ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ։ Մեծցած եմ այդ մթնոլորտին մէջ։ Սակայն, ճակատագիրս հասցուցած է զիս այստեղ, ուր կրկին կը շարունակեմ ապրիլ հայկական շրջանակի մը մէջ եւ կը խօսիմ իմ մայրենի լեզուս։ Շատ մեծ բարեբախտութիւն մըն է օտար երկրի մէջ յաճախել հայկական վարժարան մը եւ ունենալ հայ ընկերներ։ Եթէ կարողութիւնը ունենայի ծնելու իմ փափաքած վայրս, կը նախընտրէի սկսիլ իմ կեանքս Քեսապի մէջ, ուր անցուցած եմ իմ մանկութիւնս։ Թէեւ երբեք բախտը չեմ ունեցած տեսնելու Հայաստանը ու շնչելու անոր օդը, սակայն այդ փոքրիկ վայրին մէջ զգացած եմ հայրենիքի հոգին։ Թերեւս խաբած եմ կամ համոզած եմ ինքզինքս սուտով մը, բայց այնտեղի մաքուր օդն ու ազատութիւնը չեմ կրնար բաղդատել այստեղի կամ ուրիշ բնակավայրի մը ապրելակերպին։ Ամէն մէկ վայրկեան, երբ բախտը ունեցած եմ այցելելու Քեսապ, ունեցած եմ տարբեր յիշատակներ, որոնք շատ արժէքաւոր են ինծի համար։ Այդ վայրը առիթ կու տար ինծի վերապրելու այն քաղցր ժամանակները, զորս անցուցած եմ մահացած մեծ հօրս հետ։ Այդ յիշատակները նաեւ կը բերեն այն վայրկեանները, զորս անցուցած եմ ամբողջ գերդաստանիս հետ։ Հոն ունէի հայ ընկերներ, որոնց հետ լեռները բարձրացած եմ։ Դժբախտաբար, շատ մը երազներ կարելի չէ իրագործել հոս։

Քեսապ ինծի առիթ կու տար առանձնանալու եւ ազատելու տարբեր սովորամոլութիւններէ։ Այդ փոքրիկ վայրին մէջ այս քաղաքի աղմուկը չկար։ Պէտք չէի զգար գործածելու տարբեր արհեստագիտական գործիքներ։ Կ’ապրէի բնական ու առողջ միջավայրի մէջ։ Այդ հայ մթնոլորտին մէջ, երկրի կամ քաղաքի ճնշումներն ու դժուարութիւնները գոյութիւն չունէին։ Թէեւ կ’ուզէի այդ փոքր անկիւնին մէջ ծնիլ, սակայն երբեք չէի հարցադրեր իմ ինքնութիւնն ու ազգութիւնս, որովհետեւ իմ ինքնութեանս պատճառով կրցած եմ հայրենիքի մթնոլորտը զգալ օտար երկրի մը մէջ, առանց իսկ Հայաստանը տեսնելու։ Պիտի ուզէի հոն ծնիլ, որովհետեւ բաւարար ժամանակ ունեցած եմ ճանչնալու այդ գեղեցիկ վայրը, որ առիթը կու տար ինքնութիւնս զօրացնելու եւ ճանչնալու։

Քեսապ շատ հեռու չի գտնուիր Հայաստանէն եւ կարծես թէ մօտակայ ըլլալուն պատճառով զգացած եմ Հայաստանի շունչը։ Կ’ուզէի բնակիլ հոն, որովհետեւ միշտ սիրած եմ բնութիւնը։ Բնական միջավայրը հանդարտութիւն կը բերէ, եւ այդ գեղեցիկ ծովուն ալիքներուն ձայնը տարբեր տեսակի ուրախութիւն մը կը պատճառէր ինծի։

Կը հաւատամ, որ եթէ նորէն Քեսապ երթամ, պիտի կարենամ վերապրիլ բոլոր յիշատակներս։ Հիմա հոն չեմ թէեւ, սակայն այն յիշատակներս, որոնք կը գտնուին իմ մէջ՝ կենդանի պիտի մնան մինչեւ վերջ ու ապրեցնեն Քեսապը իմ մէջ։

Հրակ Արթին

Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարան

«Բաստրմաճեան» երկրորդական

11րդ դասարան

 

 

Երկնասլաց շէնքերէն բարձր

Մեր մոլորակին վրայ, ամէն տեսակի տեղ կրնանք գտնել։ Սակայն, իւրաքանչիւր անձի բնաւորութիւնը տարբեր միջավայրի մը կը յարմարի։ Բանաստեղծ մը, որ յաճախ իր սիրած աղջիկը կը համեմատէ վարդի մը, վստահաբար ինքզինք աւելի հանգստաւէտ պիտի զգար գիւղը, ուր հազարաւոր ծաղիկներ կը զարդարէին իր բակը։ Իսկ եթէ Պետրոս Դուրեան Նիւ Եորք բնակէր, կրնա՞յ ըլլալ «Լճակ»ին տեղ «Վարձակառք»ը արտասանէինք։ Ես, որ ծրագիր չունիմ արտայայտուելու որեւէ բանաստեղծական ոճով, կ’ուզէի ապրիլ ճիշդ այդ հսկայ քաղաքը։

Ես թէեւ երբեք չեմ եղած Նիւ Եորք, ան միշտ իմ անունս կանչած է։ Կրնայ ըլլալ որ միամիտ եմ, որ կը հաւատամ, թէ այս աշխարհի սահմաններէն ներս երազները կ’իրականանան։ Ինծի կը թուի, թէ նոյնիսկ եթէ շրջապատուած ըլլամ երկնասլաց շէնքերով, միայն այդտեղ է, որ այդ հսկայ շէնքերէն աւելի բարձր կրնայի ըլլալ։

Նախ եւ առաջ, հոն անվերջ կարելիութիւններ կան՝ կրնաս ընել որեւէ բան որեւէ ժամու։ Գիշերուան կէսին, դեռ «Times Square»ի շողշողուն լոյսերը կը փայլեցնեն փողոցները, իսկ այստեղ՝ իրիկուան եօթէն ետք բոլոր խանութներուն դռները արդէն գոց են, զուարճութեան ամէն տեղ փակ է, ամէն մարդ գործէն յոգնած վերադարձած է եւ տան մէջ բանտարկուած։ Ես արդէն մոռցած եմ լուսինը ինչի կը նմանի, երբ պատուհան մը չի բաժներ զինք ինձմէ։

Նիւ Եորք ամէն ինչ տարբեր կ’ըլլար, կեանքս վերջապէս փոփոխութեան ու նորութեան կը ծանօթանար։ Առտու կանուխ կ’արթննայի ինքնաշարժներու բզզացող ձայնին տակ (որ ուրիշին անտանելի աղմուկ կրնայ թուիլ), բայց իմ ականջիս երաժշտութեան նման կը հնչէ։ Կը նստէի յարկաբաժնիս պատշգամին, ումպ-ումպ խմելով տաք սուրճս։ Կը դիտէի վերէն բոլոր մարդիկը, որոնք կ’աճապարէին գործի հասնելու, մտածելով թէ որքան պզտիկ եւ անկարեւոր կը թուէին այս անվերջ շէնքերու ծովուն մէջ։ Սակայն, ես ալ վարէն նոյնչափ անկարեւոր կը թուէի իրենց, առանց մտածելու որ այդ պահուն մտքիս մէջ՝ կեանքի կամ մահուան որոշումներ կը դառնային։ Ինքզինքս ազատելով այս խոկումէն, կը պատրաստուէի հայելիիս առջեւ՝ վրաս անցընելով ինչ որ ուզէի։ Երբ հայելիին մէջ արտացոլումս տեսնէի, վերջապէս գոհ կ’ըլլայի եւ թերութիւններս նոյնիսկ չէի ուզեր փոխել։

Ճիշդ է, թէ Նիւ Եորք ինծի կը թուի երազային քաղաք մը, ուր ամէն բան կարելի է, ուր ամէն բան դրական է, բայց այդպիսի բան գոյութիւն չունի աշխարհի վրայ։ Ճիշդ է, թէ մեր մոլորակին վրայ ամէն տեսակի տեղ կրնանք գտնել, բայց ես դեռ կը փնտռեմ տեղ մը, ուր խաղաղութիւն կայ։

Նայիրի Էլիպէքեան

Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարան

«Բաստրմաճեան» երկրորդական

11րդ դասարան

 

 

Չկայ աւելի հարազատ տեղ քան՝ հայրենիքը

Աշխարհի վրայ կան բազմաթիւ երկիրներ, որոնք շատ յառաջացած են զանազան բնագաւառներու մէջ։ Այս երկիրները մեծ առաւելութիւններ կու տան իրենց քաղաքացիներուն։ Եթէ ես կարողութիւնը ունենայի ընտրելու երկիր մը, կ’ընտրէի իմ հայրենիքս՝ Հայաստանը։ Ինծի համար Հայաստանի մէջ ծնիլն ու ապրիլը շատ մեծ նշանակութիւն ունին։ Թէեւ իմ հայրենիքս փոքր երկիր մըն է, սակայն ան հարուստ է իր պատմութեան փառապանծ էջերով։ Հայաստան ապրիլը իւրաքանչիւր հայու համար երազանք է։ Ինծի համար դրախտավայր մըն է ան, որովհետեւ ունի բազմաթիւ տեսարժան վայրեր, շատ գեղեցիկ մշակոյթ ու լեզու։ Ան նաեւ զարգացած երկիր մըն է։

Երբ ես ճամբորդեցի Հայաստան, շատ փոքր էի եւ այցելած տեսարժան վայրերս շատ մեծ նշանակութիւն չունէին ինծի համար։ Բայց, երբ մեծցայ, զգացի, թէ աննկարագրելիօրէն գեղեցիկ է Հայաստանի սքանչելի բնութիւնը։ Անոր գեղեցիկ գարունն ու ոսկեայ աշունը կեանք կու տան երկրին։ Իւրաքանչիւր վայր ունի իր պատմութիւնը, որով ան գեղեցկացած է, օրինակ՝ Գառնին, Գեղարդը, Էջմիածինը, Ջերմուկը, Դիլիջանը, Սեւանայ լիճը, Նորավանքը եւ շատ ուրիշ վայրեր։ Ապրիլ երկրի մը մէջ, որ լեցուն է գեղեցիկ վայրերով, հոգեպէս կը հարստացնէ մարդը։

Ինչպէս գիտենք, իւրաքանչիւր ազգ ունի իր մշակոյթն ու լեզուն։ Հայկական մշակոյթը ամենէն հին ու հարուստ մշակոյթներէն մէկն է։ Ան ճոխ է իր հարուստ երգերով ու պարերով։ Այս երկրին մէջ է, որ ծնունդ առած են հանճարներ, ինչպէս՝ Յովհաննէս Թումանեանը, Րաֆֆին, Պարոյր Սեւակը, Մարտիրոս Սարեանը եւ ուրիշներ։ Արուեստագէտներով հարուստ երկիրը միայն կրնայ ունենալ կեանք եւ հոգի։ Հայաստան ապրելով ապահով պիտի զգամ, որովհետեւ գիտեմ, թէ բոլորը իրարու հետ կը խօսին մէկ լեզուով՝ հայերէնով։ Դժուար է գտնել երկիր մը, որ ունի այնքան գեղեցիկ ու հին լեզու, ինչպէս հայերէնը՝ իր գեղեցիկ տառերով, նաեւ երկիր մը, ուր բոլորը նոյն կրօնքը ունին։ Հայերէն լեզուն եւ հայկական մշակոյթը, ինչպէս նաեւ կազմակերպուող ճոխ ծրագրերն ու յայտագիրները եռանդուն կը պահեն զիս։

Թէեւ Հայաստանը միւս մեծ երկիրներուն չափ զարգացած չէ, բայց ան ալ յառաջդիմած է գիտական եւ մարզական որոշ ոլորտներու մէջ։ Հայաստանի մէջ կառուցուած է արհեստագիտական կեդրոն մը, որ ձրիաբար հնարաւորութիւնը կու տայ երիտասարդներուն նորանոր գիտելիքներ ձեռք բերելու։ Իսկ, անդրադառնալով մարզական աշխարհին, հայերը առաջնութիւն շահած են ճատրակի եւ ծանրաբարձութեան, ինչպէս՝ Տիգրան Պետրոսեան եւ Լեւոն Արոյեան եղած են աշխարհի ճատրակի ախոյեաններ, իսկ Իւրիկ Վարդանեան եղած է ողիմպիական խաղերու եւ եւրոպական մրցաշարքի ծանրաբարձութեան ախոյեան։ Ես հպարտութիւն կը զգամ, տեսնելով որ հայերը աշխարհին ներկայացած են իրենց գիւտերով։ Օրինակ՝ Ռայմոնտ Տամատեան ստեղծած է MRI-ի սարքաւորումը, Վարազդատ Գազանճեան եղած է գեղեցկագիտական առաջին վիրաբոյժը եւ շատ ուրիշ հայեր, որոնք հիացուցած են աշխարհը իրենց ստեղծագործութիւններով։ Ինչպէ՞ս կարելի է չապրիլ այդ երկրին մէջ, գիտնալով որ քու ազգդ հոն շատ հանճարեղ գործեր հեղինակած է։

Ի վերջոյ, ո՛ր երկիրն ալ որ երթանք, աւելի հարազատ տեղ չենք կրնար գտնել, քան՝ մեր հայրենիքը։ Եթէ ան մեզի տէր է, մենք ալ պէտք է ի՛ր տէրն ու տիրականը ըլլանք։ Հայաստանը մեր սրտին մէջ է, իր գեղեցիկ, տեսարժան վայրերով , մշակոյթով ու հարուստ լեզուով, նաեւ իր զարգացած ժողովուրդով։ Անկարելի է հրաժարիլ հոն ապրելէ։

Լոռի Մարտիրոսեան

Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարան

«Բաստրմաճեան» երկրորդական

12րդ դասարան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.