Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը մեկնարկէ Նորարար Մշակոյթի Ծրագիրը
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը նպաստի յատուկ ծրագիր մը մշակած է այն լիբանանահայ երիտասարդներուն համար, որոնք փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործ եւ նորարար ծրագիրներ յղանալ եւ իրագործել։
«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը կը հանդիսանայ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկը, եւ այն գործիքն է որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել պայմանները՝ արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու եւ մշակութային նորարար փորձառութիւն մը ապրելու։
Այս նպաստին հիմնական նպատակն է խթանել ստեղծագործ մտքերը՝ մշակելու արեւմտահայերէնով յղացուած եւ կիրարկուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի խօսքերով՝ «Անհրաժեշտ է երիտասարդներուն առիթ տալ որ անոնք իրենց ժամանակակից մշակոյթը ստեղծեն հայերէնով. իրենց միտքերն ու զգացումները արտայայտեն եւ իրենց ապրած իրականութիւններուն շուրջ խոկան հայերէնով, հետեւաբար կարենան լեզուն իւրացնել իրենց ստեղծագործ փորձառութիւններուն ընդմէջէն։ Այս Ծրագիրը լիբանանահայ երիտասարդներուն հնարաւորութիւն կու տայ հայերէնով արտայայտուելու, եւ կը միտի իրենց լսելու՝ թելադրելու փոխարէն։ Արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը ապահովելու Հիմնարկութեան առաքելութեան մէջ այս ծրագիրը կենսական դեր կը խաղայ»։
Նորարար Մշակոյթի Ծրագիրին դիմելու համար հետեւիլ ներքոնշեալ կապին. https://gulbenkian.pt/en/grant/creative-culture-program-in-lebanon/