Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայ Դատի «Haytadology» Դասընթացը
Անցնող շաբաթավերջին, հակառակ Աւտրիոյ գաղութին փոքրաթիւ ծաւալին, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Լեհաստանէն աւելի քան յիսուն երիտասարդներ մասնակցեցան Հայ Դատի ժամանակակից հարցերու եռօրեայ Դասընթացքին, որ կը կրէր «Haytadology» խորագիրը: Դասընթացքը կազմակերպուած էր Աւստրիոյ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, Հայաստանի դեսպանատան կից գտնուող «Հայաստան» սրահին մէջ:
Շատ լաւ կազմակերպուած, խտացեալ բարձրորակ այս դասընթացքը հասաւ իր թիրախին. հայ երիտասարդին առաջին այս հանգրուանին փոխանցել էական, տարրական գիտելիքներ`Հայ Դատի ամբողջ թղթածրարին գծով, նպատակ ունենալով Եւրոպա ապրող հայ երիտասարդին «զինել» պէտք եղած տուեալներով, կազմաւորել զայն, որպէսզի ան, հայ թէ օտար շրջանակներու մէջ կարենայ ճշգրիտ ձեւով, ինքնավստահ ու վաւերական հիմնաւորումներով արծարծել ու խօսիլ Հայ Դատի առնչուող որեւէ նիւթի մասին, տիրապետելով անոր:
Եռօրեայ դասընթացքները, որոնք ընթացան առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9, ընդգրկեցին հայոց ժամանակակից պատմութեան, հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախեան հակամարտութեան ու խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին, եւրոպահայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու, քարոզչական-յարաբերական մարզի, Հայաստան-Եւրոպական կառոյցներ յարաբերութիւններու, Հայ Դատի ներկայի հոլովոյթին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց, Հայ Դատի գծով Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս արձանագրուած իրադարձութիւններուն առնչուող զեկուցումներ, ապա որոնց շուրջ տեղի ունեցան հաւաքական քննարկում-զրոյցներ եւ աշխատանքային գործնական տարբեր վարժութիւններ:
Վերոյիշեալ նիւթերը փոխանցեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, Հ.Յ.Դ. գործիչ Հրաչ Վարժապետեան, Հ.Յ.Դ. «Վարանդեան» Առանձնակի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Յակոբճեան եւ Հայ Դատի Պրիւքսէլի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, իսկ առցանց իր մասնակցութիւնը բերաւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուներէն Արամ Համբարեան:
Դասընթացքի աւարտին իւրաքանչիւր մասնակիցի յանձնուեցաւ հաստատագիր:
Երիտասարդներուն հաստատումով իսկ, այս դասընթացքը եղաւ արդիւնաւէտ, օգտակար եւ ուսանելի, ինչ որ ողջունելի է հարկաւ ու ապագայի նկատմամբ գօտեպնդող: Միւս կողմէ, դասընթացքը եկաւ հաստատելու, որ Եւրոպայի մէջ հասակ կ՛առնեն գիտակից, հաւասարկշռուած, ուսեալ, համաշխարհային անցուդարձերէն տեղեակ ու հայկական ժամանակակից հարցերով հետաքրքրուած եւ յանուն ազգային ընդհանրական մեր շահերուն աշխատելու պատրաստակամ երիտասարդներ:
Նման համարձակ ու խոստումնալից նախաձեռնութիւններ ոչ միայն օգտակար են, այլեւ` կենսական եւրոպահայութեան համար: Պատրաստել յանձնառու հայ երիտասարդը կը նկատուի Հայ Դատի հիմնական պարտականութիւններէն մէկը, մանաւանդ այն պահուն, երբ յատկապէս Եւրոպայի տարածքին հայութեան դիմաց սկսած է հետզհետէ առաւել սաստկանալ թրքական-ազերիական հակահայ բացայայտ արշաւը: