Թորոնթոյի մէջ Նշուեցաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Առաջնորդ Սրբազանի Քահանայական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 35-ամեակը
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին ի նպաստ՝ «Առաջնորդի Ընթրիք»ը, Շաբաթ, 1 Փետրուար 2020-ին, Թորոնթոյի «Հայ Կեդրոն»ին մէջ ի մի խմբեց Օնթարիոյի եկեղեցիներու հոգեւոր եւ աշխարհական ծառայողները, ազգային բարերարները, Առաջնորդարանի բարեկամներն ու համայնքի մեծ ընտանիքը, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Առաջնորդի Ընթրիք»ի յանձնախումբին:
Աւանդական ընթրիքին ներկայ էին Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Վարուժան Լափոյեան, Թորոնթոյի մէջ Լիբանանի Հիւպատոս Տիար Գրիգոր Փոսթաճեան, Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի երեսփոխան Արիս Պապիկեան, ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, հոգեւորականաց դասու Կրօնական ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Պատգամաւորներ, Ազգային Երեսփոխաններ, Հոգաբարձուներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Շքանշանակիրներ, Գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներ, բարեկամներ եւ ազգայիններ:
Երեկոն սկսաւ բարի գալուստի խօսքով, զոր արտասանեց օրուան հանդիսավարը՝ Օրիորդ Նազիկ Հանէշեան: Ան ամենայն ձեռնհասութեամբ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ զանոնք հրաւիրեց վայելելու հաճելի ու տոհմիկ այս պահը։
Այնուհետեւ, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր քահանայութեան ու ծառայական կեանքի 35 տարիներուն նուիրուած տեսերիզ մը, որ ցոլացումն էր անոր վաստակաշատ կեանքին՝ հաւատարիմ միաբանի, աշխատասէր եկեղեցականի, անխոնջ հոգեւորականի ու կորովի Առաջնորդի յատկութիւններուն:
Յանուն Ազգային Վարչութեան, ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Համբիկ Գարայեան: Ան շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր քահանայութեան 35 ամեակը ու բարձր գնահատեց անոր ծառայութիւնները, ապա ողջունելով ներկաները՝ գնահատանքի արտայայտութիւններ ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան բոլոր աջակիցներուն: Իր խօսքի աւարտին, Տիար Գարայեան յայտնեց, որ Առաջնորդ Սրբազանին 35-ամեակին առթիւ Ազգային Առաջնորդարաին մէջ հիմը կը դրուի «Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան» ֆոնտին:
Ապա, ցուցադրուեցաւ Հայաստանի մէջ Ազգային Առաջնորդարանիս մարդասիրական ծրագիրները ներկայացնող՝ Գեղարքունիք Մարզի Մաքենիս եւ Գեղամավան գիւղերու համակարգչային դասասրահի եւ համայնքի կեդրոն-հաւաքավայրի բացման հանդիսաւոր արարողութեանց տեսաերիզը: Յիշենք, որ սոյն ծրագիրներու բարերարութիւնը ստանձնած էին Տէր եւ Տիկին Վադուժան եւ Սիլվա Լափոյեանները։
Ասմունքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Լափոյեան Երկրորդական Վարժարանի աշակերտներէն՝ ԼորիՊէրպէրեան:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բեմ հրաւիրուեցաւ, կատարելու համար պարգեւատրումներ: Ազգային, կրթական, մշակութային մասնագիտական իրագործումներու «Անանիա Շիրակացի» շքանշանով պարգեւատրեց Փրոֆ. Րաֆֆի Չարշաֆեանը։ «Օրհնութեան Գիր»երու արժանացան՝ Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Քանի Թիթիզեան, Տէր եւ Տիկին Կրէկ եւ Մանուշ Պզպզեան ու Տէր եւ Տիկին Սիմոն եւ Սիլվա Փօլատեան ամոլները, Ազգային Առաջնորդարանիս իրենց մատուցած նուիրեալ ու անխոնջ ծառայութեանց համար։
Ընթրիքի մթնոլորտին հայկականութեան մեծ նպաստ բերաւ «Ազնաւուր» անսամպլը, ղեկավարութեամբ՝ Անուշ Գալստյան-Բասիշնիկի, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Առաջնորդարանի անցնող մէկ տարուան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսաերիզ մը:
Երեկոյթի փակման եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան առաջին հերթին ողջունեց բոլոր ներկաները, շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Ազգային Առաջնորդարանի բարերարներուն ու բարեկամներուն եւ ապա ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ անցեալ տարուան ընթացքին իրագործուած ծրագիրներուն ու անոնց անմիջականշարունակութիւնը հանդիսացող յառաջիկայի քայլերուն: Ան մասնաւորաբար շեշտեց, որ «Առաջնորդարանը իր լայնածաւալ ծրագիրներով կը գործէ ի խնդիր համայնքներու հզօրացման եւ առ հասարակ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար։ Ազգային Առաջնորդարանը աւելի սերտօրէն ամրապնդելով այդ գիտակցութիւնը, կը շարունակէ ընթանալ ընդհանրական շահերու իրագործման հեռանկարով»: Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայացուց Ազգային Առաջնորդարանի յառաջիկայ ծրագիրները, եւ մաղթեց, որ այս տարին ըլլայ բոլորի անհատական ու մեր ազգային հաւաքական կեանքերուն մէջ նոր նուաճումներու տարի մը:
Երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին Պահպանիչով։ Ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» Մաղթերգը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ