Եւրոխորհրդարանին մէջ Պաքուի հայ փախստականներու մասին համաժողով պիտի կայանայ
1712
0
Եւրոխորհրդարանին մէջ փետրուար 5-ին Պաքուի հայ փախստականների ճակատագրին մասին համաժողով պիտի կայանայ: Այս մասին Yerkir.am-ին կը յայտնէ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը:
«Մոռցուած փախստականներ. ի՞նչ տեղի ունեցած է Պաքուի հայերուն հետ» խորագրով համաժողովը կազմակերպուած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի առաքելութեան կողմէ: Բանախօսներն են Պարոնուհի Քարոլայն Գոքսը, իրաւապաշտպան Աննա Աստվածատրեան-Թիւրքոթը եւ Պրիւքսէլի համալսարանի դասախօս Դաւիթ Պապաեւը: