Վարդինէ Նախարար Օհանեան Ստանձնեց Լիբանանի Մարմնակրթութեան Եւ Երիտասարդութեան Հարցերու Նախարարութիւնը
Յունուար 29-ին, Լիբանանի Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Վարդինէ Օհանեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ստանձնեց նախարարութիւնը` նախկին նախարար Մոհամետ Ֆընէյշէն:
Ֆընէյշ շնորհաւորեց լիբանանցիները նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով, եւ շեշտեց, որ անոր կազմութիւնը երկրին դիմագրաւած տագնապներուն լուծման սկիզբը կը նկատուի:
«Այս նախարարութիւնը կը յանձնեմ նախարար Օհանեանի: Նախարարութիւն մը, որ լիբանանցիներուն երեք քառորդին կը պատկանի, որովհետեւ երիտասարդներու հարցերով զբաղիլը հսկայ պատասխանատուութիւն է, որ ո՛չ միայն նախարարութեան կամ նախարարին պատասխանատուութիւնն է, այլ բոլոր նախարարութիւններուն, յատկապէս տնտեսական եւ ելեւմուտքի», ըսաւ ան:
Իր կարգին, նախարար Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆընէյշին` մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մէջ երեք տարուան ընթացքին անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:
«Այս նախարարութիւնը կը ստանձնեմ պատասխանատուութեամբ եւ համոզուած, որ այս նախարարութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունի երիտասարդական ներուժին եւ հարստութեան պահպանումին մէջ: Իմ խոստումս պիտի ըլլայ այն, որ մենք միասնաբար, պատասխանատուութեամբ եւ կատարեալ թափանցիկութեամբ պիտի գործենք լիբանանցի երիտասարդներուն համար:
«Այսօր մեր նպատակն է Լիբանանի ապագային նկատմամբ երիտասարդութեան վստահութիւնը ամրապնդել, եւ այդ մէկը պիտի յաջողցնենք մշակելով աշխատանքային ծրագիր մը, որ կ՛ընդառաջէ լիբանանցիներուն ընկերային եւ մշակութային պահանջներուն` հեռու մնալով քաղաքական տարակարծութիւններէն», ըսաւ Վ. Օհանեան:
Նշենք, որ ուշ գիշերին նախարար Օհանեան հաղորդագրութեամբ մը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք թուիթըրեան իր անձնական հաշիւին ընդմէջէն գրառում մը կատարած է կամ անձնաւորութեան մը դէմ գրած:
Վ. Օհանեան հաստատեց, որ ինք թուիթըրեան հաշիւ չունի, եւ զգուշացուց իր անունով ստեղծուած կեղծ հաշիւներէ, որոնք կրնան օգտագործուիլ տեղեկատուութեան մարզին կողմէ` իրեն վերագրելով գրառումներ, որոնք իրականութեան մէջ իր կողմէ չեն կատարուած: