Ճանչնանք Գորոնա Ժահրախտը կամ Թագաժահրախտը

Գորոնա ժահրախտը ժահրային հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչը coronaviridae ժահրն է: Այս ժահրը առաջին անգամ տեսնուած է 1960-ին: Ան ունի թագի (crown) կերպարանք եւ անոր corona անուանումը եղած է այդ իմաստով: Ուստի ես այս ժահրը հայերէնով պիտի կոչեմ Թագաժահր (corona virus) իսկ հիւանդութիւնը՝ թագաժահրի հիւանդութիւն եւ կամ թագաժահրախտ (corona virus disease):

Թագաժահրը կը հարուածէ կովերը, խոզերը, հաւերը, ինչպէս նաեւ ջղջիկները, օձերը եւ շատ մը ընտանի կենդանիներ: Վարակումը շատ դիւրին է անասուններով, հաւերով եւ օձերով խճողուած շուկաներու մէջ ինչպէս նաեւ մորթուած կեմդանիներու վաճառման շուկաներու եւ սպանդանոցներու մէջ:

Թագաժահրը կը յառաջացնէ փորհարութիւն եւ վերին շնչառական խողովակներու հիւանդութիւններ: Մարդիկ հազուագիւտօրէն կը վարակուին թագաժահրով: Մարդոց սկզբնական վարակումը տեղի կ՚ունենայ վարակուած կենդանիներուն դպնալով եւ կամ անոնց կղկղանքին, մէզին եւ լորձունքին ենթակայ ըլլալով: Ամէն մարդ իր կեանքի ընթացքին նուազագոյնը մէկ անգամ կը վարակուի այս ժահրով:

Թագաժահրը մարդէ մարդ կը փոխանձուի վարակուող անձին օդին մէջ տարածած օդակաթիլներու (droplets) ներշնչումով: Վարակուած անձը օդակաթիլները իր շուրջը կը տարածէ հազալով եւ փռնգտալով: Առողջ անձ մը կը վարակուի թագաժահրով նաեւ, երբ ան դպնայ վարակուած անձին ձեռքերուն, երեսին եւ անոր գործածած իրեղէններուն եւ կամ գործածէ զանոնք:

Մինչեւ օրս թագաժահրախտի թխսաւորման ժամանակաշրջանը անորոշ է: Այսինքն՝ առողջ անձի մը վարակումէն ետք ախտանշաններու սկսման ժամկէտը յայտնի չէ: Յստակ չէ նաեւ թէ՝ վարակուած անձ մը ե՞րբ կրնայ վարակել առողջ անձ մը:

Թագաժահրախտը կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ որեւէ մէկ եղանակին: Ան ընդհանրապէս պարզ հարբուխի նշաններով կը յայտնուի եւ կը տեւէ մի քանի օր: Ան որեւէ մէկ դարմանումի չի կարօտիր, սակայն հիւանդը պէտք է հանգիստ ընէ տան մէջ եւ առատ ջուր խմէ:

Յաճախ վարակուած անձը կ’ունենայ մտահոգիչ ախտանշաններ եւ հիւանդագին լուրջ վիճակ: Շնչառական խողովակներու լուրջ բորբոքումներ՝ քթախոռոչաբորբ (sinusitis), քթաբորբ (rhinitis), ըմբանաբորբ (pharyngitis), խռչափողաբորբ (laryngitis), շնչափողաբորբ Trachiitis), ցնցղատապ(bronchitis), ցնցղիկատապ (brongeolitis) եւ թոքատապ (pneumonia): Երեխաներ կ’ունենան նաեւ միջին ականջի բորբոքում եւ լսողութեան տկարութիւն:

«MERS-middle east respiratory syndrome» (Միջին Արեւելքի շնչառական համախտանիշ) եւ « SARS-severe acute respiratory syndrome» (զօրաւոր անակնկալ շնչառական համախտանիշ) թագաժահրախտի տարբեր տեսակներ են, որոնք 2000-էն ետք պատահեցան շատ մը երկիրներու մէջ:

2003-ին ամբողջ աշխարհի տարածքին 774 անձեր մահացած են «SARS» թագաժահրախտէն:

2012-ին MERS թագաժահրախտը համաճարակի ձեւով տարածուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ խլելով 858 մարդոց կեանքը: Ան սկիզբ առած էր Սէուտական Արաբիայէն, ապա՝ տարածուած Ափրիկէ, Ասիոյ զանազան երկիրներ եւ Եւրոպա:

2014-ին երկու պարագաներ ախտաճանաչուած են Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:

2015-ին այս հիւանդութիւնը յայտնուած է Քորէայի մէջ:

2019-ին Չինաստանի մէջ յայտնուած են 300 պարագաներ:

Թագաժահրախտով վարակուած անձը կ’ունենայ հետեւեալ ախտանշանները՝ քթահոսք, կոկորդացաւ, ջերմութիւն, գլխացաւ, որոնց կը յաջորդէ՝ ձայնի փոփոխութիւն եւ մեղմ հազ: Յառաջացած թագաժահրախտի պատճառով հիւանդը կ՚ունենայ՝ ուժգին հազ, խուխ, բարձր ջերմ, քթախոռոչատապ, խռչափոատապ, շնչափողատապ, ցնցղատապ, եւ թոքատապ: Տարեցներ, տկար դիմադրողականութիւն-ախտամերժութիւն (immunity ) ունեցողներ, HIV եւ AIDS հիւանդութիւններէ տառապողներ աւելի հակամէտ կ՚ըլլան ունենալու վերոյիշեալ ծանր հիւանդութիւնները:

Թոքաժահրախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի յատուկ քիթի եւ կոկորդի խլնահեղուկի ու խուխի մշակումով (culture), արեան քննութիւններով եւ թոքի նկարումով:

Թագաժահրախտի դարմանումը պարզ պարագաներուն կ’ըլլայ տան մէջ հանգիստ ընելով եւ առատ հեղուկ խմելով: Յառաջացած պարագաները եւ բարդութիւններ ունեցողները պէտք է խնամուին հիւանդանոցի մէջ եւ ենթարկուին լուրջ դարմանական միջոցառումներու:

Թագաժահրախտի տարածումը եւ փոխանցումը առողջ անձերուն կարելի է արգիլել, պարզապէս հետեւելով հետեւեալ ցուցմունքներոն՝

  • – Հեռու կենալ վարակուած անձերէ,
  • – Չձեռնուիլ, չողջագուրուիլ եւ չհամբուրուիլ անձերու հետ,
  • – Չգործածել այլոց իրեղէնները, հագուստը, անկողինը, բարձը, պնակը, պատարագաղը եւ դգալը:

Թագաժահրի դէմ պատուաստ գոյութիւն չունի մինչեւ օրս: Սակայն ներկայ կացութեամբ արդէն Ամերիկայի եւ կարգ մը այլ երկիրներու աողջապահական պետական կազմակերպութիւնները յայձնարարած են դեղաշինութեան մեծ ընկերութիւններուն թագաժահրի դէմ պատուաստի պատրաստութիւնը: Արդէն դեղաշինութեան մեծ ընկերութիւնները գործի անցած են եւ լրջօրէն կ՚աշխատին այդ պատուաստի պատրաստութեան:

Այս օրերուս շատ կը խօսուի այս հիւանդութեան մասին, որովհետեւ Չինաստանի մէջ յայտնուեցաւ թագաժահրը եւ շուտով տարածուեցաւ Չինաստանի զանազան շրջաններուն մէջ: Թագաժահրախտը յատնուեցաւ նաեւ շատ մը այլ երկիրներու մէջ: Այս մէկը տեղի ունեցած է Չինաստանէն այլ երկիրները ճամբորդող եւ վարակուած անձերու միջոցաւ: Կանխազգուշական մեծ միջոցներու դիմուած է Չինաստանի եւ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ, որպէսզի թագաժահրի տարածումը զսպուի: Մտահոգիչ է տարածումը, բայց ոչ ահազանգային: Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութիւնը տակաւին ահազանգ չէ յայտարարած, սակայն բոլորիս պարտականութիւնն է աչալուրջ հետեւիլ տեղեկատուական լուրերուն եւ ի պանանջեալ հարկին կատարել նախազգուշական միջոցները:

Չինաստանի ամբողջ տարածքին մէջ արդէն 700-է աւելի վարակուած անձեր ախտաճանաչուած են: Մեծ մտավախութիւն կայ որ թագաժահրախտը արագօրէն տարածուի: Տարածումը շատ դիւրին է այս օրերուն, որովհետեւ միլիոնաւոր անձեր կը ճամբորդեն երկրէ երկիր:

Շատ մը երկիրներու մէջ շտապ կացութիւն յայտարարուած է եւ օդակայաններուն բժշկական կեդրոներ հաստատուած են քննութեան ենթարկելու կասկածելիները: Ամերիկեան կառավարութիւնը եւ այլ երկիրներ թելադրած են իրենց հպատակներուն դէպի Չինաստան ճամբորդութիւն չկատարել:

Չինաստանէն այլ եկիրներ հասնող ճամբորդները պէտք է դիմեն այդ երկիրներու առողջապահական յատուկ կեդրոնները եւ տեղեակ պահելու են զանոնք իրենց իրավիճակով: Այս կեդրոնները վերադարցող ճամբորդները հսկողութեան տակ կը պահեն եւ նուազագոյն ախտանշանի մը յայտնութեան պարագային կը մէկուսացնեն եւ ապա կը դարմանեն:

Յունուար 26-ի դրութեամբ, Սինկափուրի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Գանատայի մէջ մէկական պարագաներ ախտաճանաչուած են:

Չինաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ օդանաւային ճամբորդութիւնները կասեցուած են: Մեծ հաւաքավայրերու խրախճանքները եւ հաւաքոյթները բոլորովին արգիլուած են:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.