Հայաստանի մէջ ռուսական 102–րդ զօրաբաժինը զինավարժութիւններ կը կատարէ
Ռուսաստանի զինուած ուժերու Հարաւային ռազմական շրջանի 102–րդ զօրաբաժինի օդաչուները Միկ–29 կործանիչներով, Մի–24Պ եւ Մի–8ՄՏՇ ուղղաթիռներով զինավարժութիւններ կը կատարեն «Կամխուդ» զօրավարժարանին մէջ։ Այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը։
Ըստ յայտարարութեան՝ օդաչուները տարբեր բարձրութիւններու վրայ կատարած են վարժութիւններ եւ ոչնչացուցած են լեռնային պայմաններու մէջ քօղարկուած պայմանական հակառակորդի հրամանատարական կէտերը։ Վարժանքներուն մասնակցած է մօտ 300 զինծառայող, եւ ներգրաւուած է 50 միաւոր զինամեքենայ։
Ռուսիոյ Զինուած Ուժերու Հարաւային ռազմական շրջանի 102–րդ զօրաբաժինը Հայաստանի մէջ տեղակայուած է 1995 թուականին եւ ռազմական հսկողութիւն կը կատարէ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան միացեալ Հակաօդային Պաշտպանութեան համակարգին համաձայն։ Հարաւային ռազմական շրջանի ստորաբաժանումները տեղակայուած են Ռուսաստանի կովկասեան տարածքներուն մէջ, Ղրիմ։ Հարաւային ռազմական շրջանի ենթակայութեան տակ են նաեւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ տեղակայուած 7–րդ եւ 4–րդ զօրաբաժինները։