«Հրաշագործ Նռանէ»ն նոր շունչ կը բերէ հայ մանկական գրականութեան
Ժասմին Հայրապետեան, ծնունդով արցախցի, կ՚ապրի Երեւան, սկսած է ստեղծագործել շատ փոքր տարիքէն, համացանցի վրայ արդէն իսկ ունի իր անձնական պլոքը: Ան Հայաստանի մէջ այս տարիքի առաջին պարմանուհին է, որ այսպիսի հեքիաթային վիպակ մը կը գրէ, «Հրաշագործ Նռանէ» վերնագրեալ, եւ կը յիշէ գիրքին մէջ, թէ պիտի ունենայ իր շարունակութիւնը, ապա կը նուիրէ իր մեծ մօր յիշատակին:
«Հրաշագործ Նռանէ»ն հրատարակուած է Երեւան, Լուսակն հրատարակչութեան կողմէ, 2019-ին, 116 էջով. վարպետօրէն գեղանկարուած է Ասիա Ղանտիլեանի կողմէ, որուն հովանաւորութիւնը ստանձնած են Փաթիլ Թասլաքեան եւ Վարագ Տէր Յակոբեան: Կողքին գունաւոր նկարազարդումը կը վերագրուի Սերոբ Ղարիպեանի: Ժասմինի այս ստեղծագործութիւնը հրապարակուած է նախաձեռնութեամբ «Հայկաշխարհ» մանկապատանեկան կայքէջին, մեկենասութեամբ Պոսթընի Ս. Ստեփանոս վարժարանին, Պոսթընի հայկական ձայնասփիւռին եւ բժիշկ Յակոբ Այնթէպլեանի: Բնագիրը արեւմտահայերէնի վերածուեր եւ խմբագրուեր է կրկի՛ն Հայկաշխարհի կողմէ:
Գիրքի հերոսուհի Նռանէն 16 տարեկան հրաշագործ գեղեցիկ հայուհի մըն է, որ օժտուած է գերբնական ուժով: Հեքիաթին վայրը Հայաստանն է, Նռանէի հայրենիքը, ուր ան 16 տարեկան հազիւ բոլորած, յանկարծ կ“անդրադառնայ, որ անբնական ուժ մը ունի, երբ կը փորձէ օգտակար դառնալ փողոցը չարաճճի երեխաներու կողմէ չարչրկուող անմեղ շուներու եւ կատուներու: Այդ մէկը իր կեանքի առաջին դէպքը կը հանդիսանայ, որուն շնորհիւ ան կ“անդրադառնայ, թէ տարօրինակ ուժ մը ունի ինք, եւ զոր կը հաստատէ իր մեծ մայրն ալ, որուն հետ կ“ապրէր Նռանէն, երբ ծնողքը զինք լքած ու հեռացած էր:
Անկէ ետք հետաքրքրական ու անսպասելի անակնկալներով լեցուն արարներ կը բացուին ընթերցողին դիմաց, որուն ընդմէջէն Նռանէն կը յայտնուի որպէս փրկարար, որ կը պայքարի չարին դէմ եւ կ“ուզէ յաղթել, որպէսզի զինք լքած ծնողները օր մը լսեն իր մասին ու վերադառնան: Սակայն Նռանէն ունի թուլութիւն մը, ան կը սիրահարուի չարագործներու տղուն, հետեւաբար հերոսուհին կը յայտնուի հակասական իրավիճակներու մէջ, որոնց մասին գիրքին սկիզբը տրուած ծանօթութեան մէջ կը յիշուի. «Գաղտնիքներ… անսպասելի իրավիճակներ, ցնցող բացայայտումներ, սէր, տառապանք, պարտութիւն ու յաղթանակ»:
Հետաքրքրական երեւոյթը նաեւ այն է, որ հայկական են հայ հերոսուհիին զէնքերը՝ ծիրանի կորիզը, նուռը, ծիրանափողը, արծուագորգը եւ Նարեկը: Այս բոլորը անուղղակիօրէն նախ ծանօթութիւն կու տան հայկական աւանդական այս իրերուն մասին, անոնց խորհուրդին ու իմաստին մասին, ինչպէս նաեւ զանոնք ներառելով հայկական հեքիաթաշխարհին մէջ՝ հայկական ինքնութեան հանդէպ ճանաչողութիւն կը շնորհուի երեխային:
Վիպակի հեղինակ պարմանուհին իր այս պատմութեամբ երեխաներուն կը ձգտի սորվեցնել, թէ ինչպէ՛ս պէտք է իրենց կարողութիւնները ծառայեցնեն յանուն բարիին, յանուն բարոյական վեհ արժէքներու եւ թէ ինչպէ՛ս պէտք է ըլլան քաջ եւ հնարամիտ, որպէսզի կարենան յաղթել չարին:
«Հրաշագործ Նռանէն» առինքնող պատմութիւն է, գրուած է վառ երեւակայութեամբ, ստեղծագործ ու տաղանդաւոր պարմանուհիի մը կողմէ, որ կարողութիւնը ունի ընթերցողը պահելու սպասողական եւ լարուած վիճակի մէջ, անհամբեր ու մէկ շունչով կարդացուելու ունակութեամբ: Հեղինակը երեխաներուն մտքին մէջ կը փորձէ սերմանել բարութեան, արդարութեան, ազնուութեան եւ սիրոյ հունտեր:
Հեքիաթի այս առաջին հատորը կ“աւարտի սիրոյ շնորհիւ բարիին յաղթանակով, հաստատելով թէ աշխարհի վրայ սէրէն ու բարութենէն կը բխին բոլոր առաքինութիւնները: Հեքիաթին ընդմէջէն բարոյական արժանիքներու խորհուրդն ու հասողութիւնը կ“իրականանան հեզասահօրէն երեխային մտքին ու հոգիին մէջ, կը բնակին հոն ու մաս կը կազմեն իր առօրեային ու անձնաւորութեան: Աւելին՝ անոնք կը ներգործեն երեխային ներաշխարհին ու մտածողութեան վրայ եւ հաւանաբար մղեն զինք եւս ստեղծագործութեան, որովհետեւ հեքիաթները երեխային յիշողութեան վրայ անմոռանալի տպաւորութիւն կրնան ձգել եւ ենթագիտակցութեան մէջ կը փորագրուին անոր փոխանցած արժանիքները:
«Հրաշագործ Նռանէ»ն նոր շունչ եւ կենսունակութիւն կը բերէ հայ մանկական գրականութեան, յատկապէս երբ գրուած է 13 տարեկան տաղանդաւոր ու շնորհալի աղջնակի մը կողմէ, նոր տեսլականի մը նոր հորիզոններ բանալով, մանկական աշխարհէն բխած եւ ուղղուած մանկաշխարհին:
Հեքիաթները մանկական ուղեղին ու հոգիին վրայ անջնջելի տպաւորութիւն գործող տարրերն են, որոնք երեխային դաստիարակութեան մէջ մեծագոյն դերակատարութիւն ունին, իսկ «Հրաշագործ Նռանէի» պարագային՝ ա՛լ աւելի մեծ կրնայ ըլլալ ներգործութիւնը, որովհետեւ ան շարադրուած է նոյնինքն երեխայի մը կողմէ, ի՛ր ներաշխարհէն բխած, ի՛ր ակնոցով դիտուած ու ի՛ր ցանկութիւններն ու իղձերը փոխանցած:
Խիստ քաջալերելի է Հայկաշխարհի նման հեքիաթի մը արեւմտահայերէնով հրապարակելու նախաձեռնութիւնը, յոյժ գնահատելի է Ժասմինի քաջութիւնն ու համարձակութիւնը իր երեւակայութիւնն ու ստեղծագործական տաղանդը հեքիաթային վիպակով մը ինքնագործելու: Յոյսով ենք, որ «Հրաշագործ Նռանէ»ն իր արդար տեղը կը գտնէ հայ մանկական գրականութեան մէջ, եւ անոր հեղինակը կը շարունակէ ստեղծագործել բեղուն կերպով՝ օրինակ ու քաջալեր հանդիսանալով իր հասակակիցներուն:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան