ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Գանատայի մէջ սկսաւ իր քաղաքական հանդիպումները
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով Գանատա ժամանած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Նոյեմբեր 30-ին իր քաղաքական հանդիպումները սկսաւ Լաւալ քաղաքի Հայ Կեդրոնին մէջ։ Ընկ. Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Ֆայսալ էլ Խուրիի, Աննի Գութրաքիսի եւ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արամ Էլակօզի հետ, որոնց հետ քննարկեց Գանատա-Հայաստան համագործակցութեան տարբեր բնագաւառներ։ Հանդիպման ներկայ էին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի պատուիրակութիւնները։
Նշենք, որ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչը Գանատա պիտի գտնուի 30 Նոյեմբերէն 8 Դեկտեմբեր եւ որպէս գլխաւոր պատգամաբեր պիտի բանախօսէ Գանատայի մէջ կայանալիք ՀՅԴ Օրուան տօնակատարութիւններուն։ Միաժամանակ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ գանատական տարբեր քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։