Արհեստակցականէն քաղաքացիական եւ ապա՝ քաղաքական
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Անսպասելի չէր անշուշտ, որ Լիբանանի մէջ ծայր առած ժողովրդային ըմբոստութեան շարժումը կենցաղային,ընկերային եւ քաղաքացիական շրջագիծերը հատելով անցում կատարէր քաղաքական հարթութիւն։
Նախապէս, նման հարցեր, աշխատաւորներու իրաւունքներ, տուրքերու դէմ բողոքներ, շահագործման եւ հարստապետական կարգերու դէմ առնուող վճռական միջոցներ, գործադուլներ, դասադուլներ եւ բողոքի գործողութիւններ կամ անհնազանդութեան շարժումներ կը կազմակերպուէին արհեստակցական միութիւններու կողմէ։ Ձախի, կեդրոնի եւ աջի դասական հասկացողութիւններու ժամանակաշրջանին, ընդհանրապէս ձախ ուղղուածութեան հետեւող արհեստակցական միութիւններու գործառոյթներուն մաս կը կազմէին նման գործողութիւններու կազմակերպումները։ Երկիրի բնականոն կեանքը անդամալուծելու կարողութիւնը կը պատկանէր նման միութիւններու, որոնք իւրաքանչիւր ոլորտի համար ունէին իրենց կառոյցը․զանոնք համախմբող կեդրոնը երբ համընդհանուր գործադուլ յայտարարէր, երկիրը ամբողջ կ՛անդամալուծուէր։ Այդ պարագաներուն եւս խնդիրը կրնար սկսիլ տուրքերու կուտակման դէմ բողոքելով , ապա արագ անցում կը կատարուէր քաղաքական դաշտ, տեղի տալով կառավարութիւններու հրաժարականին, խորհրդարաններու լուծարման եւ արտակարգ ընտրութիւններու կազմակերպման, եթէ անշուշտ արհեստակցական միութիւններու միաւորումը կարենար համաժողովրդային ալիքին հսկայ մակընթացութիւններ արձանագրել։
Ընկերային խնդիրներու արծարծումը շատ արագ անցում կը կատարէր դէպի քաղաքական դաշտ։Յայտնաբար, դասական գաղափարաբանութիւններու անշքացման գործընթացին հետ հետզհետէ իրենց դերակատարութիւնը կորսնցուցին նաեւ արհեստակցական միութիւնները։ Նոր աշխարհակարգը կարծէք հնամաշ նկատելով գաղափարախօսական-գաղափարաբանական կազմակերպութիւնները չէզոքացուց արհեստակցական միութիւններու դերակատրութիւնը։ Անոնք անուանապէս կան։
ժղովրդավարական երկիրներու մէջ հակակշիռ գործառոյթներ իրականացնող այդ կարեւոր դերակատրութիւնը կատարողները վերափոխուեցան ժամանակի ընթացքին եւ հասարակական դաշտին մէջ հետզհետէ ազդեցիկ գործօնի սկսան վերածուիլ քաղաքացիական շարժումները։ Վերափոխուեցան նաեւ անոնց պաշտպանած թեմաները, պաշտպանելու եղանակները եւ ընդհանրապէս աշխատելու ձեւերը։ Սեռային իրաւահաւասարութենէն մինչեւ կենսոլորտային խնիդրներ իբրեւ հիմնադրոյթներ եկան աւելնալու հիմնականին մէջ աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ծրագիրներուն։
Այն ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի տարբեր քաղաքներուն մէջ արհեստակցական միութիւններու եւ քաղաքացիական շարժումներու համախառն արտադրութիւնն է իբրեւ բարձրացուող խնդիրներ, իբրեւ բողոքի գործողութիւններ, իբրեւ ճնշամիջոցներ։ Լիբանանը ունէր արհեստակացական միութիւներու աւանդութիւն․Լիբանանը ունի սակայն ներկայ աշխարհակարգի ճշդած օրինաչափութիւններուն ընդառաջ շարժելու ճկունութիւն։ Ժամանակակից հասարակագիտութիւնը համալրած է աւանդութիւնը այս պարագային։
Առ այս պահը չէ ձեւաւորուած մարմին կամ յանձնախումբ, որ բոլոր բողոքարկողներուն անունով բանաձեւէ պահանջները պաշտօնապէս եւ լիազօրութիւն ունենայ ի պահանջեալ հարկին բանակցութիւններ վարելու հանգուցալուծում բերելու համար ստեղծուած իրավիճակին։ Իւրաքանչիւր ցուցարար ընկերային ցանցերու միջոցով թէ հեռատեսիլի պաստառին առջեւ կը ներկայանայ պահանջով։ Լիբանանեան փողոցը կարծէք հարազատ արտացոլացումն է վիրթուալ Լիբանանին, ուր տարբեր մեկնաբանութիւններ, տարբեր տեսակէտներ եւ հետեւաբար նաեւ տարբեր պահանջներ կը ներկայացուին ինչպէս ընկերային ցանցի օգտատիրոջ, այնպէս նաեւ անհատ ցուցարարին կողմէ։
Բողոքարկող զանգուածը կը բարձրացնէ աշխատաւորներու վերապահուած իրաւունքներու հարց, ապօրինի հարստացումներու երեւոյթները վերացնելու անհրաժեշտութիւն, յափշտակուած գումարները վերամուտքագրելու պահանջ, կենսական անլոյծ թղթածրարներու լուծում․ բայց նաեւ այս բոլորին համար կառավարութեան հրաժարաում, արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպում, բացառիկ լիազօրութիւններով գործող անցումային կառավարութիւն, հնչեցնելով նաեւ ամբողջ համակարգի արմատական վերափոխում։
Պահանջներու այս երկրորդ բաժինն է, որ երկրորդ կարգ կը մղէ քաղաքացիական շարժումին սկզբնական պահանջները եւ շարժումը կը վերածէ էապէս քաղաքականի։ Հակառակ կառավարութեան որդեգրած բարեկարգումներու ծրագրին, որ անընդունելի պատճառներով արգելակուած էր տարիներէ ի վեր՝ բողոքի շարժառիթներու կուտակում պատճառելով,ցուցարարները չեն ուզեր հեռանալ փողոցէն յայտարարելով, որ ուշացած է կառավարութիւնը նման քայլեր որդեգրելու իր որոշումին մէջ։
Հնչող պահանջները հետզհետէ կը դառնան զուտ քաղաքական եւ կը նախանշեն երկարաշունչ ծրագրի մը նախադրեալներ, որոնք կոչուած են շրջելու երկրի միջհամայնքային , հետեւաբար նաեւ միջկուսակցական համակարգը։
Արմատական այս բանաձեւին յանգելու համար կենցաղային, ընկերային, ֆինանսական, տնտեսական,կենսոլորտային հարցերու սրացումը, ինչպէս նաեւ ապաշնորհ վարչակառավարման, ապօրինի հարստացման , աւատապետական կարգերու յաւերժացման միտող երեւոյթներու դէմ պայքարելու վճռակամութիւնը անհրաժեշտ միջոցներ են։
Սակայն․ խնդրին տարածաշրջանային-աշխարհաքաղաքական մանրադիտակով դիտարկումի փորձը տարբեր դիտակէտեր կը հաստատէ։ Լիբանանը բաց հրապարակ է տարբեր պետութիւններու ազդեցութեան գօտիներու, քաղաքական առեւտուրներու եւ բախման կամ համաձայնութեան կէտերու հատման։ Ամէնէն սուր հարցը տարածաշրջանին մէջ Իրանի ազդեցութեան նուազեցման եւ հետեւաբար Իրանի գործիք նկատուող կազմակերպութիւններուն քաղաքական դաշտին մէջ ունեցած դերակատարութեան չէզոքութեան կրնայ վերաբերիլ։ Պատժամիջոցային քաղաքականութեան հետեւանքները զգալի են այս երկրին մէջ եւ բնականաբար նպաստած՝ ֆինանսատնտեսական տագնապի խորացման։ Հիմա պետական հաստատաութիւններու ապահամայնքայնացման եւ ապակուսակցականացման առաջադրանք կ՛արծարծուի,այս հանգրուանային թէկուզ տարերային կերպով եւ անորոշ ընթացակարգերու պատկերացումով։
Առնչուած պետութիւններու շահերու բախման կէտ կայ ներկայ դրուածքին մէջ։ Մինչ, լիբանանեան հասարակութիւնը կը պահէ իր համախոհութիւնը հակահամակարգային իր դիրքորոշումներուն մէջ։ Ներհասարակական ճեղքերը կրնան անկանխատեսելի հետեւանքներու յանգիլ եւ իրադրութիւնները դուրս բերել մինչ այժմ հասարակութիւն-իրաւապահ մարմիններու երկկողմանիօրէն գործողութիւները խաղաղ ու քաղաքակիրթ պահելու ճիգերու սահմաններէն։
Ելքը՝ բանակցիլն է։ Բանակցելու համար բողոքարկողներու կողմէ լիազօրուած մարմին ձեւաւորելը, պահանջներ բանաձեւելը եւ տասնամեակներու վրայ կուտակուած ու բարդուած հանգոյցներու հանգրուան առ հանգրուան լուծում բերելու տրամադրութեան ու կամքի դրսեւորումը։ Այս մէկը զու տեսաբանութիւն կը համարուի, եթէ անշուշտ արտալիբանանեան կեդրոններ հանգուցալուծման կամ քաոսային իրավիճակներու տարբեր պատկերացումներ մշակած են ապստամբած Լիբանանին համար։