«Մենք Իբրեւ Համահայկական Քաղաքական Կուսակցութիւն` Չենք Կրնար Մեր Պետութեան Կողքին Չըլլալ Կարեւոր Ու Էական Հարցերու Ընթացքին»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան

Անցնող օրերուն Լիբանան կը գտնուէին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը եւ նախագահ Սիմոն Սիմոնեանը: Անոնք իրենց այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցան պետական տարբեր շրջանակներու եւ լիբանանահայ գաղութի տարբեր շրջանակներու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանին հետ, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ ներկայիս ՀՅ Դաշնակցութեան արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժ ըլլալու իրականութեան, ՀՅԴ-ի հայաստանեան քաղաքականութեան ուղղութիւններուն, ՀՅԴ-ի մասնագիտական ոլորտներու յանձնախումբերու գործունէութեան, արցախեան տագնապին վերաբերեալ կուսակցութեան կեցուածքներուն եւ համահայկական բնոյթ ունեցող այլ հարցերու:

«ԱԶԴԱԿ».-Նախորդ տարուան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն ետք Դաշնակցութիւնը դուրս մնաց Հայաստանի խորհրդարանէն: Իբրեւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժի` այս իրողութիւնը ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ յառաջացուց Դաշնակցութեան հայաստանեան մայր կազմակերպութեան գործունէութեան մէջ:

ԻՇԽԱՆ ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ.- Դաշնակցութեան դերը եւ ազդեցութիւնը երբեք պայմանաւորուած չէ եղած այն քուէով, որ ինք ստացած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Եթէ անկէ առաջ 5 կամ 6 տոկոսով ներկայութիւն էինք խորհրդարանին մէջ, Դաշնակցութեան իրական կշիռը եւ ազդեցութիւնը 5 կամ 6 տոկոս չէ եղած Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ: Խորհրդարան չանցնելէն ետք, անշուշտ, մենք կորսնցուցած ենք այն կարեւոր ամպիոնը`  քաղաքական որոշումներուն վրայ ազդելու համար, բայց խորհրդարանի մէջ չըլլալով` այսօր Դաշնակցութիւնը Հայաստանի ամէնէն աշխուժ, ամէնէն կազմակերպուած քաղաքական կուսակցութիւններէն մէկն է: Այս իրականութիւնը մենք փաստած ենք անցնող 9 ամիսներու ընթացքին: Անշուշտ որոշակի վերանայումներ իրականացուցած ենք մեր թերացումներու, բացթողումներու եւ շատ հարցերու հետ կապուած ու հիմա մեծ թափով, մեծ ծաւալով աշխատանքի սկսած ենք մեր հասարակութեան հետ:

«Ա.».- Տարուան սկիզբէն, նախ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը եւ յետոյ ՀՅԴ հայաստանեան կազմակերպութեան Գերագոյն ժողովը իրենց յայտարարութիւններուն մէջ մատնանշեցին, որ իբրեւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժ` այսուհետեւ Դաշնակցութիւնը մաս պիտի չկազմէ որեւէ քոալիսիոն կառավարութեան եւ պիտի ձգտի ընկերվարական եւ ազգային գաղափարներուն, Դաշնակցութեան գաղափարներուն առանցքին շուրջ իշխանութեան կազմութեան: Այս ուղղուածութիւնը կեանքի կոչելու համար Դաշնակցութիւնը ինչպիսի՞ քայլերու կը դիմէ:

Ի.Ս.- Ասոնք ես կը համարեմ շատ կարեւոր յայտարարութիւններ, որոնք մեր ժողովներու յայտարարութիւններն էին: Այո՛, մենք յայտարարած ենք, որ ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ յաջորդ իշխանութիւնը ձեւաւորուի Դաշնակցութեան առանցքին շուրջ: Այս պահուն որեւէ միաւորումներու, որեւէ համախմբման մասին խօսք չկայ, մեր օրակարգին վրայ նման հարց չկայ դրուած, այս պահուն մենք իբրեւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժ` կը փորձենք ընդդիմութեան հետ համախմբում ստեղծել որոշ օրակարգերու շուրջ. գիտէք` Դաշնակցութիւնը առաջին նման նախաձեռնութիւնը ըրաւ, եւ կուսակցութիւններով միասին ստորագրեցինք յայտարարութիւն` դատական համակարգի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու ժամանակ, անկէ առաջ Արցախի մէջ մեծ ֆորում ըրինք, ուր կային տարբեր կուսակցութիւններ: Այս պահուն մենք միաւորման հարց չունինք մեր օրակարգին մէջ, բայց ունինք առաջնահերթ կարեւոր օրակարգեր, որոնց շուրջ ձգտելու ենք, որպէսզի ընդդիմութիւնը միաւորուի:

«Ա.».- Իբրեւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժի` Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինը ստեղծած է մասնագիտական ոլորտներու 12 յանձնախումբեր, որոնք զանազան բնագաւառներու մէջ յաճախ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ եզրակացութիւններ կը ներկայացնեն: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը նաեւ նախաձեռնած էր արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ խորհրդակցութիւններու` ընդհանուր օրակարգերու շուրջ համաձայնութեան յանգելու նպատակով: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք երկու ուղղութիւններով տարուած աշխատանքները:

Ի. Ս.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը սկիզբէն ստեղծեց 12 մասնագիտական յանձնախումբեր, որոնց նպատակն է մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող բոլոր բանագաւառներու վերաբերեալ ունենալ մասնագիտական կարծիք եւ եզրակացութիւն: Այս յանձնախումբերուն մէջ ընդգրկուած է շուրջ 180 հոգի, եւ հետզհետէ այդ թիւը աւելի կը մեծնայ: Այստեղ շատ կարեւոր է, որ մեր այդ յանձնախումբերուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ մեր սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչները, որոնք ունին համապատասխան մասնագիտութիւններ, գիտելիքներ. Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն, Պարսկաստանէն, Լիբանանէն եւ տարբեր երկիրներէն ունինք ընկերներ, որոնց մասնագիտական փորձը եւ կարողութիւնը կ՛օգտագործենք մասնագիտական եզրակացութիւններ ունենալու համար: Այս առումով, մեր յանձնախումբերը բաւական լաւ աշխատած են եւ յառաջիկային իրենց գործունէութիւնը աւելի ընդլայնելու են: Ասիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ մենք` իբրեւ ընդդիմութիւն, երբ կը քննադատենք կառավարութիւնը, նաեւ կ՛առաջարկենք այլընտրանքը, ճանապարհը, թէ մենք ինչպէ՛ս կը պատկերացնենք հարցերու լուծումը: Իսկ ընդդիմութեան հետ կապուած` մենք կը փորձենք կարեւոր օրակարգի շուրջ համաձայնութեան գալ եւ միասին պայքարիլ այն հարցերուն դէմ, ուր կը գտնենք, որ իշխանութիւնը սխալ ճանապարհով կ՛երթայ, ասոր ամէնէն ցայտուն օրինակներէն մէկը դատական համակարգի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններն են:

«Ա.».- Հայաստանի իշխանութիւնները, դատական համակարգի բարեփոխումներու պատրուակով շարունակական ճնշումներ բանեցուցին դատական իշխանութիւններուն վրայ եւ փորձեցին, գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն վրայ ձեռք դնելէ ետք, նաեւ սեփականացնել դատական իշխանութիւնները: Ի՞նչ է Դաշնակցութեան մօտեցումը իշխանութիւններուն վարած այս հակասահմանադրական քայլերուն դէմ դնելու իմաստով:

Ի. Ս.- Իշխանութիւնը իր գործողութիւններով, ըստ էութեան, դատական համակարգին մէջ բարեփոխումներ ընելու անուան տակ կը ներկայացնէ հանրային պահանջ եւ ժողովուրդի պահանջ եւ կը փորձէ ունենալ սեփական կառավարելի դատական իշխանութիւն: Մենք շատ յստակօրէն այս մասին մեր գնահատականը տուած ենք, այս է իրականութիւնը: Իշխանութիւնը, փոխանակ իրական բարեփոխումներ իրականացնէ դատական համակարգին մէջ, այս պահուն աւելի շատ կը հետաքրքրուի ոչ թէ բարեփոխումներով, այլ անով, որ դատական իշխանութեան գլուխ կանգնած մարդիկ ըլլան կառավարելի եւ իւրային:

«Ա.».- ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովէն անմիջապէս ետք հրապարակուած յայտարարութիւնը յատուկ ուշադրութեան առանցք դարձուցած էր Արցախը, մանաւանդ շեշտը դրուած էր Հայաստան-Արցախ ռազմաքաղաքական դաշինք ստեղծելու անհրաժեշտութեան վրայ, այս գծով ալ, Դաշնակցութեան կազմակերպութեամբ եւ հայաստանեան ու արցախեան զանազան քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի ֆորում: ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութիւնը ինչպիսի՞ միջոցներու կը դիմէ ռազմաքաղաքական դաշինքի այս առաջադրանքը իրականութեան վերածելու համար:

Ի. Ս.- Ես այդ ֆորումը մեծապէս կը կարեւորեմ, իրօք շատ յաջող էր. անիկա տեղի ունեցաւ մայիսի սկիզբները, Ստեփանակերտի մէջ, որմէ ետք ստեղծուեցաւ կազմկոմիտէ, որ այս ժամանակահատուածին մէջ բաւական աշխատանք իրականացուց, եւ մենք կը պատրաստուինք հաւանաբար նոյեմբերին իրականացնել արդէն Երեւանի մէջ մեծ ֆորում, որ, ըստ էութեան, Արցախի ֆորումին շարունակութիւնն է: Այս պահուն նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին:

«Ա.».- Ի տես Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն կողմէ հայութեան մէջ բաժանարար գիծեր ստեղծելու մօտեցումին, ինչպէս նաեւ այդ իշխանութիւններուն վարած ոչ ճիշդ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւններուն` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը բազմիցս քաղաքականապէս լրջանալու կոչ ուղղեց անոնց, այս գծով ալ Ազատութեան հրապարակին վրայ «Լրջացէ՛ք» ընդհանուր խորագիրով հանրահաւաք կազմակերպուեցաւ: Այս բոլորէն ետք ինչպէ՞ս կը գնահատէք ներկայիս իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը:

Ի. Ս.- «Լրջացէ՛ք»-ի յայտարարութիւնը դեռ ուժի մէջ է, որովհետեւ իշխանութիւնը այս ժամանակահատուածին մէջ կը շարունակէ շատ մը հարցերու վերաբերիլ անլուրջ: Երբ իշխող ուժը ընդդիմութիւն էր ժամանակին, անիկա բոլորովին այլ էր. այն գործողութիւնները, որ ինք ընդդիմութեան կարգավիճակին մէջ ըրած է, հիմա իբրեւ պետութեան գլուխ կանգնած ուժ` իրաւունք չունի ընելու: Հետեւաբար մենք այս մասին շատ խօսած ենք, որ մեր հասարակութեան եւ ժողովուրդի սպասելիքները իշխանութիւններէն շա՜տ շատ են, ու երկրին մէջ իրական համակարգային բարեփոխումներ ընելու պահանջն ալ շատ մեծ է: Իշխանութիւնը պէտք է կեդրոնանայ այս խնդիրները լուծելու վրայ: Իշխանութիւնը պէտք է լուծէ մեր երկրին առջեւ կանգնած բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ, բայց այս ընթացքին ան կը շարունակէ մնալ անցեալին մէջ, կը շարունակէ ապրիլ անցեալով, ներկայի եւ ապագայի մասին որեւէ լուրջ եւ ծրագրաւորուած գործողութիւններ չկան: Այսօր ակնյայտ է, որ իշխանութիւնը չունի երկիրը զարգացնելու երկարաժամկէտ ռազմավարական ծրագիր: Այս իմաստով, լրջանալու կոչը ուժի մէջ է:

«Ա.».- Մեր ընթերցողները կը հետաքրքրուին վերջին ժամանակաշրջանին քաղաքական օրակարգին վրայ ինքզինք պարտադրած բնապահպանական, մասնաւորապէս Ամուլսարի հանքի շահագործման հարցով: Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը արդարացիօրէն մտահոգութիւն արտայայտեց այս հանքի շահագործման հարցին շուրջ կառավարութեան որդեգրած կեցուածքին պատճառով, կոչ ուղղեց հարցի լուծման համար դիմելու ժողովրդային հանրաքուէի ընտրանքին, իսկ ՀՅԴ շրջակայ միջավայրի մասնագիտական ոլորտի յանձնախումբը վերջերս հրապարակուած իր մասնագիտական եզրակացութեան մէջ նշեց, թէ այնքան ատեն որ հանքի շահագործումին պատճառով վտանգներ պիտի յառաջանան, պէտք չէ շահագործել զայն: Ինչպէ՞ս կը տեսնէք այս հարցին վերջնական հանգուցալուծումը:

Ի. Ս.- Մենք վերջին յայտարարութեան մէջ շատ յստակ ըսած ենք. քանի դեռ մենք չունինք հիմնաւորուած, փաստարկուած եզրակացութիւններ, որ հանքի շահագործումը վտանգ չի սպառնար մեր երկրին, նկատի ունենալով Սեւանի ջրային աղբիւրները, հանքը պէտք չէ շահագործուի, իսկ մինչեւ հիմա եղած ուսումնասիրութիւնները եւ եզրակացութիւնները այդ հիմնաւորումը մեզի չեն տուած: Մենք մինչ այդ հրապարակուած եզրակացութենէն եւ վարչապետի յայտարարութենէն ետք անմիջապէս ըսինք, որ եզրակացութիւնը եւ բովանդակութիւնը մեր ունեցած բոլոր մտահոգութիւնները չեն փարատեր, հետեւաբար պէտք է շարունակուին ուսումնասիրութիւնները, եւ եթէ պարզուի, որ փոքր վտանգ գոյութիւն ունի, հանքը պէտք չէ շահագործուի:

«Ա.».- Վերջերս յայտարարեցիք, որ կը բացառէք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն հետ որեւէ քոալիսիոն համագործակցութիւն, բայց ինչպէս միշտ, պետութեան եւ ազգի շահը ապահովելու հարցերուն մէջ Դաշնակցութիւնը պատրաստ է որեւէ ձեւով օգտակար հանդիսանալու: Ձեր կարծիքով, ո՞ւր կը սկսին եւ ո՞ւր վերջ կը գտնեն մէկ կողմէ արմատական, բայց պատասխանատու ընդդիմութեան, իսկ միւս կողմէ` համագործակցութեան որոշ եզրեր գտնելու սահմանները:

Ի. Ս.- Ասիկա ամէնէն կարեւոր հարցերէն մէկն է: Մենք ըսած ենք, որ կը բացառենք կառավարութեան մաս կազմելը, որովհետեւ մենք այս կառավարութեան հետ նաեւ գաղափարական տարաձայնութիւններ ունինք, բայց նաեւ մենք` իբրեւ համահայկական քաղաքական կուսակցութիւն, որ ունի բազմաթիւ հնարաւորութիւններ, միջազգային կապեր, կուսակցութիւն, որ սփիւռքեան համայնքներուն մէջ ունի լրջագոյն դերակատարութիւն, մենք չենք կրնար մեր պետութեան կողքին չըլլալ կարեւոր եւ էական հարցերու ընթացքին, որովհետեւ որեւէ իշխանութիւն անցողիկ է, իսկ պետութիւնը` մնայուն, հետեւաբար բոլոր համահայկական եւ միջազգային օրակարգերուն մէջ, ուր մեր պետութեան շահը եւ իրաւունքները պաշտպանելու հարց կայ, մենք ըլլալու ենք մեր պետութեան կողքին: Այսօրուան մեր Լիբանան այցելութիւնը ըսուածին լաւագոյն օրինակներէն մէկն է, մենք հայ ժողովուրդին ոչ թէ պառակտող, ժողովուրդի մէջ բաժանարար գիծեր դնող կուսակցութիւն ենք, այլ` համախմբող, միաւորող, որովհետեւ մենք կը գտնենք, որ հայ ժողովուրդի ողջ հնարաւորութիւնները եւ աղբիւրները պէտք է մէկտեղենք մեր մայր հայրենիքը զարգացնելու, ժողովուրդը կազմակերպելու եւ մեր առջեւ դրուած խնդիրները լուծելու համար:

«Ա.».-Անցնող օրերու ընթացքին Լիբանան գտնուելով` դուք հանդիպումներու յագեցած օրակարգ մը ունեցաք: Կիրակի ներկայ գտնուեցաք նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապերու մարմինին կազմակերպած` Հայաստանի անկախութեան 28-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն-փառատօնին, ի՞նչ է ձեր կարծիքը  այս տօնակատարութեան մասին:

Ի. Ս.- Մենք արդէն երրորդ օրն է, որ կը գտնուինք Լիբանան եւ ունեցած ենք շատ կարեւոր քաղաքական-պետական հանդիպումներ եւ այցելած ենք Լիբանանի հայկական կրթօճախներ, ժողովրդային մեծ հանդիպում ունեցած ենք Այնճարի մէջ, նաեւ մասնակցած ենք Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ կազմակերպուած փառատօնին: Լիբանանի մէջ շփուելով կառավարութեան անդամներուն հետ` տեսած ենք, թէ որքա՛ն մեծ յարգանք եւ վստահութիւն կայ առհասարակ հայ համայնքի, հայ պաշտօնեաներուն նկատմամբ: Ասիկա շատ կարեւոր հանգրուան է նաեւ Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւնները զարգացնելու համար: Այս առումով, մենք հինգ նախարարներու հետ հանդիպած ենք եւ քննարկած` Հայաստանի եւ Լիբանանի տուեալ ոլորտներու յարաբերութիւններու մասին: Մենք այս հնարաւորութիւնը պէտք է օգտագործենք Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններու աշխուժացման եւ գործնական դաշտ տեղափոխելու համար: Այս առումով, մեծապէս կը կարեւորեմ այդ հանդիպումները:

Շատ տպաւորիչ էր, որ Պուրճ Համուտի մարզադաշտին մէջ նման մեծ հանդիսութեամբ, մեծ շուքով եւ պատասխանատուութեամբ կը նշուէր Հայաստանի անկախութեան տօնը: Մենք մասնակցած ենք այդ անկախութեան տօնին, կրկին հայ ժողովուրդի միասնականութեան կոչ ուղղած ենք, կրկին կարեւորած ենք մեր երկրի ներքին կայունութիւնը, կրկին կարեւորած ենք մեր հայ ժողովուրդի միասնական ըլլալը, եւ շատ կարեւոր էր, որ այդ տօնակատարութիւնը կը կրէր «Մի՛շտ միասին» կարգախօսը: Հակառակ ասոր եղան կարգ մը անհատներ ու շրջանակներ, որոնք փորձեցին այս տօնակատարութիւնը այլ ուղղութեամբ տանիլ, համեմատական կատարել այլ գաղութներու մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի հետ եւ ինչ-որ ձեռնածութիւններ ընել, ասիկա անընդունելի է եւ դատապարտելի. մեզի համար սփիւռքի հայ գաղութներուն միջեւ չկան տարբերութիւններ. անշուշտ Լիբանանի հայկական գաղթօճախը սփիւռքի ամէնէն կազմակերպուած եւ կարեւոր գաղթօճախներէն մէկն է: Ասիկա միասնակամութեան եւ Հայաստանի անկախութեան տօնը նշելու ձեռնարկ էր, ուր ե՛ւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, ե՛ւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը հանդէս եկան միասնականութեան կոչով` հայ ժողովուրդը համախմբելու եւ առաջ տանելու համար:

«Ա.».- Յառաջիկայ տարի հայութիւնը պիտի նշէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մեծագոյն իրագործումներէն մէկը եղող Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին հրապարակման 100-ամեակը: Ի՞նչ ըսելիք ունիք այս առնչութեամբ եւ ինչպէ՞ս կը նախատեսէք այս յոբելեանին նշումը Հայաստանի մէջ` պետական թէ հասարակական մակարդակով:

Ի. Ս.- Դժբախտաբար մենք 19 եւ 20 թիւը իբրեւ յոբելենական տարիներ` կապուած ե՛ւ Ա. Հանրապետութեան, ե՛ւ Սեւրի դաշնագիրին, ե՛ւ վերջերս պետական համալսարանի հիմնադրութեան, շատ կարեւոր ձեռնարկներ ունէինք, որոնք դժբախտաբար պետական մակարդակով, պատշաճ կարգով չնշուեցան եւ չկարեւորուեցան: Նշուածներուն ալ պէտք եղած շուքն ու կարեւորութիւնը չտրուեցաւ: Հայաստանի այսօրուան հանրապետութիւնը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան իրաւայաջորդն ու շարունակութիւնն է: Շատ կարեւոր է, որ մեր պատմութեան փառաւոր էջերուն ճիշդ գնահատական տանք եւ կարեւորենք: Այս իմաստով, մենք ունինք բազմաթիւ թերացումներ, որոնք ճիշդ ժամանակին չենք ըրած:

Հարցազոյցը վարեց` ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Արտագրեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.