ժամանակն է հարցեր տալու եւ լսելու Սփիւռքը
Սիւզըն Փաթթի եւ Հրաչ Չիլինկիրեան
«Հորիզոն».- Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ`Սփիւռքի հետազօտական նոր ծրագիր մը սկսաւ անցեալ տարի: Հայ սփիւռքի հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) հետազօտական ծրագրին նպատակն է խիստ կարեւոր բաց մը գոցել Սփիւռքի վերաբերող գիտելիքներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել փաստերու վրայ հիմնուած հասկացողութիւնը մը՝ բազմակողմանի եւ բազմաշերտ սփիւռքեան ժամանակակից կեանքին մասին:
Առաջին հանգրուանով, սփիւռքեան չորս քաղաքներու մէջ (Պոսթըն, Գահիրէ, Մարսէյ եւ Փասատենա), Մայիս եւ Յունիս 2018-ին, աւելի քան 1000 հայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աննախընթաց հարցախոյզին, գլխաւորութեամբ՝ գիտնականներու, հետազօտողներու եւ փորձագէտներու: Այս քաղաքներու հարցախոյզերու արդիւնքները արդէն առցանց հրապարակուած են www.armeniandiasporasurvey.com կայքէջին մէջ։ Այս տարուան հարցախոյզը կը շարունակուի Մոնթրէալի, Արժանթինի,Ռումանիոյ եւ Լիբանանի մէջ։
«Հորիզոն» յաջորդաբար պիտի հրատարակէ 2018-ի ուսումնասիրուած հիմնական թեմաներու մասին յօդուածաշարք մը։ Կը հրատարակենք շարքի երկրորդ յօդուածը։ Առաջին յօդուածը կարդալ այս յղումով։
Սփիւռքը եւ սփիւռքահայութիւնը աւելի լաւ ճանչնալու նպատակով, նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանին, Մարտ 2017-ին, խումբ մը մտաւորականներ եւ ակադեմականներ, որոնք արդէն իսկ ուսումնասիրութեան փորձ ունին սփիւռքի եւ Հայաստանի վերաբերեալ, հաւաքուեցան Լոնտոնի մէջ եւ առաջին անգամ ըլլալով արծարծեցին ու քննարկեցին Հայկական Սփիւռքի Հետազօտութեան ծրագիրը եւ նման ծրագրի մը անհրաժեշտութիւնն ու զայն իրականացնելու միջոցները: Այս խումբը դարձաւ կորիզը Խորհրդատու Մարմնին, որ պիտի ղեկավարէր ծրագրին նախափորձը (Pilot project): Խումբին մաս կազմեցին Այլին Պարքըր, Անի Պագալեան, Տանիէլ Տուկլաս, Արմինէ Իշխանեան, Սիւզան Փաթթի, Հրաչ Չիլինկիրեան եւ Ուլրիք Զիմըր:
Նախնական ծրագրումէն եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան կողմէ անհրաժեշտ պիւտճէն ապահովելէ ետք, Օգոստոս 2017-ին Սիւզան Փաթթի նշանակուեցաւ ծրագրի նախափորձին ղեկավարը, իսկ Լոնտոնի Հայկական Հաստատութիւնը՝ իբրեւ վարչական գործերու նստավայրը:
Յաջորդող ամիսներուն Խորհրդատու Մարմինը ընդլայնուեցաւ՝ ներառելով նոր անդամներ. ինչպէս՝ Հայկ Կիւզէլեան, Սօսի Գասապեան, Տոնըլտ Միլըր, Ժոանն Ռանտա Նուչօ, Վահէ Սահակեան եւ Խաչիկ Թէօլէլեան:
Փետրուար 2018-ին, Խորհրդատու Մարմնին կարգ մը անդամները գումարեցին այլ ժողով մը, այս անգամ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ: Այս ժողովին ճշդուեցան հետազօտութեան առաջին վայրերը, ժամանակը, ուսումնասիրութեան մեթոտաբանութիւնը, իսկ առաջադրուած հարցաթերթիկը դրուեցաւ վերջնական ձեւի մէջ:
Շատ արագ արդէն ծրագրին կարեւորութիւը բացայայտուեցաւ Խորհրդատու Մարմնին համար, երբ հետեւեալ եւ նմանօրինակ այլ պատասխաններ տրուեցան հարցապնդուողներու կողմէ.
«67 տարուան մէջ առաջին անգամն է, որ ինծի հարց կը տրուի, թէ ի՞նչ կը մտածեմ եւ ի՞նչ կ’ուզեմ»:
Մարսէյի մէջ հարցապնդուողի մը այս պատասխանը կ’ընդգրկէ Հայկական Սփիւռքի Հետազօտման ծրագրին կարեւորագոյն յատկանիշներէն մէկը՝ հարց տալ, ծանօթանալ եւ քննարկել տեսակէտներն ու փափաքները աշխարհի տարածքին գտնուող հայկական համայնքներուն: Արդարեւ, տարբեր համայնքներու մէջ, հարցեր տրուեցան հարցապնդուողներու՝ արտայայտելու իրենց տեսակէտները ինքնութեան եւ պատկանելիութեան վերաբերեալ, իբրեւ հայեր եւ իբրեւ տարբեր երկիրներու քաղաքացիներ: Անոնք արտայայտեցին զիրենք մտիկ ընելու անհրաժեշտութիւնը: Անոնք նաեւ ողջունեցին ստեղծուած կարելիութիւնը՝ քննարկելու իրենց փորձառութիւնները, ակնկալութիւնները եւ յոյսերը, որպէս անհատներ եւ հայեր:
Պոսթընը, Գահիրէն, Մարսէյը եւ Փասատինան նկատի առնուեցան իբրեւ նախափորձին պատշաճող քաղաքներ՝ քանի մը պատճառներով. ա) Անոնք տարբեր են իրարմէ, ինչ որ առիթ կ’ընծայէր նախափորձը կատարողներուն՝ դիտելու եւ ծանօթանալու սփիւռքի մէջ նման հետազօտութիւն մը կատարելու գործընթացին հետ կապուած բազմազան գործօններու, բ) անոնք կարեւոր համայնքներ են եւ ըստ չափի աւելի կառավարելի էին դաշտային աշխատանքներու համար, քան՝ մեծ քաղաքները, ինչպէս Լոս Անճելըսը, Մոսկուան կամ Փարիզը:
Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, յիշեալ չորս քաղաքներուն մէջ հետազօտական աշխատանքները տեղի ունեցան Հայաստանի Թաւշեայ Յեղափոխութենէն նուազ քան երկու ամիս ետք: Շատ հաւանաբար այս գործօնը տարբեր ձեւերով ազդեցութիւն ունեցաւ կարգ մը պատասխաններու վրայ, յատկապէս, թերեւս ամենէն աւելի այն հարցումներուն պարագային, ինչպէս, թէ արդեօք մարդիկ կը հետեւի՞ն Հայաստանի եւ Արցախի եւ/կամ սփիւռքի լուրերուն: Անիկա կրնայ նաեւ ազդած ըլլալ կարգ մը պատասխաններուն վրայ, ինչպէս օրինակ եթէ մէկը կը փափաքի՞ այցելել Հայաստան կամ եթէ պիտի փափաքէ՞ր հոն ապրիլ: Այս ոգեւորութիւնը անշուշտ ներկայ էր բաց հարց-քննարկումներու ատեն, ուր Նիկոլ Փաշինեանը եւ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը ամենէն աւելի տրուած պատասխաններն էին՝ Հայաստանի նուաճումներուն կամ հիացմունքի առարկայ առաջնորդներու մասին տրուած հարցումներուն:
Շատ բան կարելի եղաւ սորվիլ այս նախափորձը իրականացնելու ժամանակ: Հարցապնդուողներու ապրող եւ կենսունակ նմոյշ մը ստեղծելու ճիգը, պէտք է ըսել՝ լուծելի ամենէն դժուարին հարցերէն մէկն էր մեթոտաբանական եւ դաշտային աշխատանքներու տեսակէտէն:
Սփիւռքի Հետազօտութեան ծրագրի այս նախափորձին իրականացման ընթացքին ձեռք բերուած ուսանելի դասերուն մէկ կարեւոր մասը դրական ազդեցութիւն ունեցաւ` չորս նոր քաղաքներու համար նախատեսուած 2019-ի հետազօտութեան նախագծումին եւ զարգացման վրայ: Իսկապէս, ուսանելի եւ քննարկելիք շատ բան կայ փորձառական հարցաթերթիկներու աւելի քան 800 անձերու պատասխաններուն եւ 200 որակական հարցազրոյցներուն մէջ, նոյնիսկ եթէ այս թիւերը սփիւռքի մէջ ապրող միլիոնաւոր հայերու մէկ շատ փոքր համեմատութիւնը կը ներկայացնեն:
Այս նախափորձը մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ հարցումներու նախագծման, վերամշակման՝ գումարելով, հանելով եւ վերջապէս փորձարկելով կենսունակ հարցաթերթիկ մը: Անհրաժեշտ է նշել, որ հարցումներու թիւը շուրջ 100-էն իջաւ մօտ 50-ի: Աւելին, փորձառական փուլը հանդիսացաւ առիթ մը յառաջացնելու աշխատանքային խումբեր, որոնք աշխատեցան ներդաշնակ եւ անոնք համոզում գոյացուցին, որ Սփիւռքի Հետազօտութիւնը գնահատելի ծրագիր մըն է:
Հետազօտութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց այն համայնքներուն մէջ, ուր տեղի ունեցան զրոյցները եւ ընդհանրապէս՝ Սփիւռքի տարածքին: Անկասկած որ հետազօտութեան արդիւնքները օգտակար պիտի հանդիսանան սփիւռքի կառոյցներու եւ համայնքային ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքական առաջնորդներուն՝ անոնց տրամադրելով հիմնաւորուած տեղեկատուութիւններ, թէ այսօր որո՞նք են հայ համայնքներուն մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերը եւ մտածելու կերպերը, եւ թէ ինչպէ՞ս կարելի է զանոնք օգտագործել՝ ճշդելու եւ լուծումներ որոնելու տեղական կարիքներուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք կարգ մը ուշագրաւ յայտնաբերումներ.
Հարցապնդուողներուն ճնշող մեծամասնութիւնը հայկական սփիւռքի շարունակութիւնը կը նկատէ կարեւոր եւ իմաստալից տարածք. 94%–ը զայն կը նկատէ «բաւական/շատ կարեւոր»: Նմանապէս, 84%–ը կարեւոր կը նկատէ օժանդակել սփիւռքի Միջին Արեւելքի համայնքներուն: Այս մէկը նշանակալից է, որովհետեւ աւանդաբար Ցեղասպանութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը հանդիսանային ֆինանսաւորման, ուսումնասիրութեան կամ քննարկումի ուշադրութեան առարկաները սփիւռքի մէջ:
Հայաստանը կը հանդիսանայ «բաւական/շատ կարեւոր»՝ հարցապնդուողներու 90%–ին համար: 75%-ը առնուազն մէկ անգամ այցելած է երկիրը, իսկ 93%–ը մտադիր է այցելել:
Հարցապնդուողները ընդհանրապէս կ’ըսեն, որ հայոց լեզուն, պատմութիւնը եւ կրօնը կարեւոր են իրենց եւ հայութեան ինքնութեան համար, սակայն զգալի էին որոշ տարբերութիւններ յիշեալ չորս քաղաքներուն մէջ եւ յաւելեալ հարցումները յայտնաբերեցին աւելի սուր տարբերութիւններ գործնական արտայատութիւններուն մէջ:
Ինչպէս որ նախատեսուած էր, քրիստոնէութիւնը կը նկատուի հայկական ինքնութեան մէկ կարեւոր մասը՝ առաքելական, աւետարանական եւ կաթոլիկ պատասխանողներու համար, հաւասարապէս չորս քաղաքներուն մէջ: Հակառակ այն իրողութեան որ միայն 14-16%-ը եկեղեցի կ’երթայ շաբաթական կամ ամսական դրութեամբ, 70%–ը կ’ըսէ, որ կարեւոր է ամուսնանալ հայկական եկեղեցւոյ մէջ: Հարցապնդուողներուն շուրջ 43%-ը կը կարծէ, որ կիները եւս պէտք է քահանայագործեն հայկական եկեղեցիներուն մէջ, իսկ 30%-ը՝ կարծիք չունի:
Մինչ չորս քաղաքներուն մէջ հարցապնդուողները աւելի գործունեայ կը թուին ըլլալ, քան՝ հայերու մեծամասնութիւնը, անոնց երկու երրորդը յայտնեց, որ անդամ չէ հայկական որեւէ քաղաքական կազմակերպութեան: Սակայն, մեծամասնութիւնը կ’ըսէ, որ գործուն մասնակցութիւն կը բերէ հայկական այլ կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս է պարագան ՀԲԸՄ-ի, Համազգայինի եւ այլն: