Պատմական Կիլիկիոյ բերդեր UNESCO-ի ցանկին մէջ

\n

\n

Կոռիկոսի բերդ

\n

Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց թէ 13 պատմական վայրեր ներառուած են UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան պահպանման ժամանակաւոր ցանկին մէջ։ Այդ վայրերէն երկուքը Կիլիկեան թագաւորութեան կարեւոր նմոյշներ են, Ատանայի մերձակայ «Անաւարզա» (Անարզաբա) ամրոցը եւ Մերսին նահանգի «Քըզ Գալէսի»ն (Կոռիկոս) Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան շրջանէն հասած են մեր օրերուն, բայց նախարարութեան լուսաբանութեան մէջ այս մասին որեւէ նշում չէ կատարուած։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»ի աշխատակից Բագրատ Էսդուգեան:

Անաւարզա պատմական քաղաքը կը թուարկուի ՆՔ. ԺԹ. դարուն, որուն մէջ գտնուող եւ շինութիւնը Լեւոն Բ. թագաւորի վերագրուած միջնաբերդին ու պարիսպներուն համար գրուած է՝ «Ատանայի շրջակայքի մէջ եզակի միջնադարեան ամրոցը իր երեք մուտքերով ու յաղթանակի կամարով, դաշտին կեդրոնը կղզիի մը նման բարձրացող բլուրի մը վրայ կը գտնուի»։

\n

 

\n

\n

Անաւարզա բերդ

Տարածաշրջանի պատմութիւնը Իսթանպուլի Համալսարանի գրական բաժնի դասախօսներէն Փրոֆ. Մուսթաֆա Համտի Սայարի կողմէ հետեւեալ կերպով կը ծանօթացուի.-

«1137 թուին, Բիւզանդիոնի Եոհաննէս Կոմնենոս Բ. կայսրը 37 օրուայ շրջանապատումէ ետք կը յաջողի գրաւել։ 1188-ին Լեւոն Բ. ժայռաբլուրի վրայ կը կառուցէ ամրոցը, որ մինչեւ օրս լաւագոյն ձեւով պահպանուած է։ 1279-ին թիւրքմէններ կը փորձեն քաղաքը գրաւել»։ Ինչպէս կը տեսնուի, այստեղ նշուած է Լեւոն Բ.-ի անունը, առանց նշելով անոր Կիլիկիոյ Հայոց արքայ ըլլալը։

Նոյն ճակատագրին կ՚արժանանայ Կիլիկիոյ Իշխան Լեւոնը, որ Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը հիմնելէ ետք գահ բազմելով Լեւոն Ա. արքայի կոչումին արժանացած թագաւորի մի այլ գործը։

Թագաւորութեան կարեւորագոյն նաւահանգիստ Քորիկոսի պաշտպանութեան համար 1199-ին կառուցուած Քըզ Գալէսիի համար ալ հայկական պատկանելիութեան նշում մը չենք տեսներ նախարարութեան կայքէջի վրայ։

Հոս ալ թէեւ նշուած է որ Քըզ Գալէսի ամրոցը 1199 թուին կառուցուած է Լեւոն Ա.-ի կողմէ, բայց նոյնպէս անտեսուած անոր Հայոց թագաւոր ըլլալու իրողութիւնը։

Իսթանպուլի « Քըզ Գուլէսի»ի առասպելի մէկ նմանը կը պատմուի Մերսինի Քըզ Գալէսիի համար ալ, ըստ որու գուշակներ թագաւորին յայտնած են թէ իր միակ դուստրը պիտի թունաւորուի օձի մը խայթոցով։ Գուշակութեան ազդարարած չարիքը կանխելու համար թագաւորը ծովուն վրայ պատսպարան մը կը կառուցէ աղջկան համար, բայց միրգերու կողովին մէջ թագնուած օձ մը կը խայթէ զայն։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.