ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՀԱՅ Է

\n

\n

«Հորիզոն».- Աւստրալիացի Ճոզըֆ «Ճօ» Հոքի 1996-էն ի վեր Հիւսիսային Սիտնիի խորհրդարանի անդամ է։ Ան 18 Սեպտեմբեր 2013-էն ի վեր Աւստրալիոյ վարչապետ Թոնի Ապպոթի կառավարութեան մէջ ելեւմուտքի նախարարութիւնը ստանձնած է: Նախապէս եղած է մարդասիրական ծառայութեանց նախարար, իսկ Ճոն Հաուըրտի կառավարութեան մէջ Աշխատանքի նախարար: 2013-ի ընտրութիւններէն ետք՝ Հոքի նշանակուած է Աւստրալիոյ ելեւմուտքի նախարար։ Ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը նկատուի կարեւորագոյն նախարարութիւնը, որուն պաշտօնն է հաւասարակշռել ամբողջ երկրի տնտեսական եւ ֆինանսական պիւտճէն:

Հոքի ծնած է Հիւսիսային Սիտնիի մէջ։ Անոր հայրը՝ Ռիչըրտ, երուսաղէմցի հայ է, իսկ մայրը՝ Պեւըրլի աւստրալիացի է։ Անոր հօր սկզբնական մականունը Հոգետօնեան եղած է, սակայն 1940-ին Աւստրալիա հաստատուելէ ետք, հայրը զայն վերափոխած է Հոքիի։

Աւստրալիոյ ելեւմուտքի նախարար Ճօ Հոքի երկրի ամէնէն բարձրաստիճան նախարարը եղած է, որ ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը

Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի առթիւ իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ Հոքի կը նշէ, որ 1915-ին «ցեղասպանութիւն» եզրը գոյութիւն չունէր, սակայն ոչ մէկ այլ բառ կրնայ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերուն պատահածը նկարագրել։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.