Ազգային գործիչ եւ դաստիարակ ողբացեալ Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեանի կենսագրական գիծեր
Յուլիս 13-ին կեանքէն անժամանակ հեռացաւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի նախկին փոխ տնօրէն եւ «Հորիզոն»ի երկարամեայ աշխատակից Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեանը։
Ցոլինէ ծնած է 3 Ապրիլ 1961-ին, Պէյրութ: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ, ապա յաճախած է AUB համալսարանը եւ մասնագիտացած՝ քիմիագիտութեան մէջ:
1984-ին փոխադրուած է Գանատա, Մոնթրէալ, ուր շարունակած է իր ուսումը UdeM-ի մէջ՝ հաղորդակցութեան ապա կրթական բաժանմունքներուն դասընթացքներուն հետեւելով:
1991-ին ամուսնացած է Վիգէն Աֆարեանի հետ, եւ բախտաւորուած են դուստրով մը՝ Արեւիկ:
Մոնթրէալ հաստատուելէն անմիջապէս ետք, 1986-2016 պաշտօնավարած է Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանին մէջ, նախ որպէս շաբաթօրեայի եւ ամէնօրեայի հայերէնի ուսուցչուհի, ապա որպէս փոխ տնօրէնուհի: 1995-2008 անխափան կերպով աշխատակցած է «Հորիզոն» շաբաթաթերթին «Գանատական Հորիզոն» եւ «Գանատահայ Հորիզոն» սիւնակներով, ինչպէս նաեւ 15 տարիէ ի վեր կը ղեկավարէր «Հայ կեդրոնի ձայն» ռատիոժամը:
Լիբանանի մէջ անդամակցած է ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, իսկ Գանատա փոխադրուելէն ետք եղած է ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ, Կեդրոնական կոմիտէի գործավար եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի գործավար: Ան եղած է նաեւ հաւատաւոր ՀՕՄ-ուհի:
2004-ին, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 25-ամեակին, Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան պարգեւատրուած է յատուկ յուշանուէրով մը՝ իր երկարատեւ կամաւոր աշխատակցութեան համար: 2003-ին, պարգեւատրուած է Ethnic Press Council of Canada-ի կողմէ՝ որպէս գանատական լրատուական աշխարհին մէջ ներդրում կատարած «Հորիզոն»ի լրագրող։
Ցոլինէն կնքեց իր մահկանացուն Շաբաթ, 13 Յուլիս 2019-ին, Sacre Cœur հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան: Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Երեքշաբթի, 16 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, եկեղեցւոյ կարգը՝ Չորեքշաբթի, 17 Յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, իսկ գերեզմանի կարգը՝ L’Éspérance գերեզմանատան մէջ, Ste Dorothée: