Գանատայի ՀՀ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ ﬕջնադարեան Հայաստանի Անի քաղաքին վերաբերող լուսանկարներու շնորհանդէս
Գանատայի ՀՀ դեսպանատան մէջ, Նոյեմբեր 23-ին տեղի ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Անի քաղաքին վերաբերող «Ճանապարհորդութիւն դէպի Անի` ﬕջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք» թեմայով լուսանկարներու շնորհանդէս` «Հայաստան» համահայկական հմնադրաﬕ Թորոնթոյի մասնաճիւղի ղեկավար Մկրտիչ Մկրտչեանի ներկայացմամբ: Այս մասին «Արﬔնպրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը, որուն հաղորդագրութեան էջ նշուած է. «Երեկոյին կը մասնակցէին հայ եւ գանատացի արուեստագէտներ, հասարակական–քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ, բազմաթիւ գանատահայեր: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արէն Եգանեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Մկրտիչ Մկրտչեանին շնորհանդէսի իրականացման համար եւ ընդգծեց վերջինիս երկարատեւ տարիներու անձնուէրր գործունէութիւնը ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման: ՀՀ դեսպանը հանգամանալից անդրադարձաւ Անի քաղաքի ﬔծագոյն մշակութային ժառանգութեանը:
Շնորհանդէսի ընթացքին Մկրտիչ Մկրտչեանը ներկայացուց Անի քաղաքի պատմութիւնն ու ճարտարապետութիւնը` լուսանկարներու ﬕջոցով ցուցադրելով Անիի եկեղեցիներու եւ այլ ճարտարապետական կոթողներու` իր այցելութիւններուն ժամանակ իր կողէ նկարահանուած համայնապատկերները: Շնորհանդէսը լուսաբանուեցաւ Օթթաուայի հայկական լրատուաﬕջոցներուն կողմէ»: