Թուրքիոյ նախագահի սպառնական շեշտը ընդարմացումէ դուրս կը բերէ՞ Արեւմուտքը
Ազգայնամոլ եւ կրօնամոլ ամբոխին կռթնած, հաշուեյարդարի ենթարկելէ ետք բարենորոգչական ամէն կարգի ընդդիմութիւն, Թուրքիոյ նախագահը կը սպառնայ:
Սպառնալիքներ:
Եթէ Եւրոմիութիւնը փակ պահէ իր դռները Թուրքիոյ առջեւ, Րէչէփ Էրտողան կը յայտարարէ, որ երկրի խորհրդարանը եթէ ընդունի մահապատիժի օրէնքը, ինք անմիջապէս պիտի վաւերացնէ, ձեռնոց նետելով Եւրոմիութեան:
Ինչպէ՞ս կը հակազդէ Եւրոմիութիւնը :
Եթէ Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ ըսել, որ Թուրքիան տեղ չունի իր մէջ, Րէչէփ էրտողան կը սպառնայ ըսելով. «Զիս լաւ լսեցէ՛ք: Եթէ աւելի հեռու երթաք, սահմանները պիտի բացուին, այս լաւ մտցուցէ՛ք ձեր գլխուն մէջ»:
Այս ըսած է Թուրքիոյ նախագահը Պոլսոյ մէջ արտասանած իր ճառով:
Այսինքն Եւրոմիութեան հետ երեք միլեառ եւրոյով կնքուած–գնուած համաձայնութիւն մը պիտի չյարգուի: Եւ ապաստան փնտռող գաղթական անզսպելի բանակներ պիտի խուժեն դէպի յունական կղզիներ եւ ապա պիտի տարածուին Եւրոմիութեան երկիրները:
Ի՞նչ պիտի պատասխանէ Եւրոմիութիւնը:
Մինչ այդ պիտի շեշտուին ներազգային տարակարծութիւնները եւ ծնունդ պիտի առնեն ապակայունացումները:
Րէչէփ Էրտողանի այս վերաբերումը ունի միջագայնօրէն ընդունուած սահմանում. Շանթաժ (chantage):
Եւրոմիութեան պաշտպանական վարդապետութիւնը կրնա՞յ ինքնիրեն թոյլատրել Րէճէփ Էրտողանի սպառնալիքին առջեւ տեղի տալ (անձնատուր ըլլալ) առանց իր քաղաքական միջազգային վարկը քանդելու: Պարզ քաղաքացին եւ հեռուի ու մօտի քաղաքական առաջնորդները անտարբեր պիտի չըլլան նման վարկաբեկման դէմ յանդիման:
Արդէն Եւրոմիութեան այն երկիրները որոնք տարակարծութիւններ ունին Պրիւքսէլի հետ, աւելի պիտի հեռանան կեդրոնէն:
Բայց Արեւմուտքի քաղաքական վերաբերումը Թուրքիոյ նկատմամբ միշտ ալ յատկանշուած է տեղատուութեամբ եւ հաճոյակատարութեամբ: Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ սուլթաններու օրէն մինչեւ այսօր, Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը իր քաղաքական զինանոցին մէջ ունի երկակենցաղ պատեհապաշտութիւնը: Ատլանտեան Զինակցութեան (ՕԹԱՆ) անդամ Թուրքիան, երբ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոմիութիւն իրենց գլխաւորած զինակցութեամբ պատերազմի մէջ են ինքնակոչ «Իսլամական Պետութեան» դէմ, չվարանեցաւ զէնք տրամադրելու եւ դիւրութիւններ ընծայելու անոնց թշնամիին, միաժամանակ, քաղաքական տարբեր դիրքերու վրայ գտնուող Ռուսիոյ հետ իրաւ-կեղծ բարեկամութիւն մշակելու, իր նախագահի Մոսկուա այցելութեամբ:
Հին բայց չհինցած պասքիւլի (politique de bascule) քաղաքականութիւնը՝ օգտուելով իր աշխարհագրական դիրքէն:
Միշտ եղած է այն, որ արեւմտեան երկիրներու իշխանութիւնները, ինչ հոսանքի ալ պատկանին, վարած են իրապաշտական համարուած քաղաքականութիւն, realpolitik, որուն համար յապաղումով սուղ վճարած են երկիրներ եւ ժողովուրդներ: Այդ realpolitik-ի գինը հայերը վճարեցին, երբ առաջին աշխարհամարտին Գերմանիոյ աչքին առջեւ տեղի ունեցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը:
Պրիւքսէլի Եւրոմիութեան վարիչ յանձնախումբը երբ կը զիկզակէ, Եւրոխորհրդարանը որոշում քուէարկած է, որ իր կարգին կրնայ մեռեալ տառ մնալ:
24 նոյեմբերին, Եւրոխորհրդարանի երեսփոխանները, անոնք ըլլան պահպանողական, ազատական, ընկերվարական եւ կանաչ, քուէարկած են որոշում մը, որ յանձնառու չի դարձներ Պրիւքսէլի կառավարող Յանձնախումբը: Բայց այդ որոշումը այլապէս քաղաքական կարեւոր իմաստ ունի: Որոշումը կը պահանջէ, որ Պրիւքսէլի Եւրոմիութեան կառավարիչները առկախեն Թուրքիոյ Եւրոպայի անդամակցութան բանակցութիւնները, պատճառաբանելով, որ «թուրք կառավարութեան ճնշումի միջոցառումները, երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ դրութեան ծիրէն ներս խիստ եւ չափազանցուած են, եւ դէմ կ’երթան թրքական Սահմանադրութեամբ ընդունուած իրաւանց եւ հիմնական ազատութիւններուն, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան ժողովրդավարական հիմնական արժէքներուն»:
Գեղեցիկ խօսքեր, որոնք խիղճ կը հանդարտեցնեն, բայց ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր, արգելք չեն ըլլար Թուրքիոյ ծաւալապաշտական եւ կրօնական մոլեռանդութեամբ առաջնորդուող քաղաքականութեան: Քաղաքակիրթ աշխարհը եւ անոր համաշխարհային տարողութիւն ունեցող հաստատութիւնները, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը եւ անոր Ապահովութեան Խորհուրդը, Կրթական եւ Մշակութային Կազմակերպութիւնը (UNESCO) ի՞նչ ըրին հայոց ցեղասպանութեան եւ հայոց հայրենիքի բռնագրաւման հարցով, հակառակ տրուած խոստումներու եւ ստորագրուած դաշնագիրներու: Ի՞նչ ըրին եւ ի՞նչ կ’ընեն շարունակուող ցեղասպանութեան հարցով, երբ հայրենահանուածներու սերունդներ կ’օտարարան եւ կ’այլասերին, երբ Թուրքիոյ տարածքին հայոց մշակութային ժառանգութեան փաստերը կը փճացուին կամ անոնք կ’իւրացուին:
Թուրքիոյ դիմաց տեւաբար նահանջած Արեւմուտքին, բնականօրէն կրնայ սպառնալ Րէչէփ էրտողան: Երբ կ’ըսէ՝ «Զիս լաւ լսեցէ՛ք: Եթէ աւելի հեռու երթաք, սահմանները պիտի բացուին, այս լաւ մտցուցէ՛ք ձեր գլխուն մէջ», կը կռթնի իր երկրի պատմական փորձին վրայ: Այսօր չեն վարանիր ըսելու, որ Թուրքիան միայն ներկայ սսահմաններով Թուրքիա չէ: Բնական տրամաբանութեամբ, նման արտայայտութիւններ պատերազմի յայտարարութիւն են: Միջազգային իրադրութիւնը եւ անհեռատես մրցակցութիւնները Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան ուժ կու տան:
Եթէ Արեւմուտքը, բայց նաեւ Թուրքիոյ դրացիները եւ այսօրուան գործակիցները իմացած ըլլային Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հանրի Մորկանթաուի դատումը, որ «Թուրքիան քաղաքական աւազակ մըն է», (bandit polotique) իրենք իրենց կը խնայէին յուսախաբութիւններ, դեռ գալիք ապակայունացումներ եւ չարիքներ:
Եւրոմիութիւնը միթէ՞ այնքա՜ն քիչ ժողովրդավարական է, չլսելու համար Եւրոխորհրդարանի որոշումը: Ինչպէ՞ս կրնան չհակազդել այդ երեսփոխանները ընտրող ժողովուրդները:
Այս բոլորին զուգահեռ, մենք դեռ կոչ կ’ընենք հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, փոխանակ ըսելու, որ Թուրքիան դարձած է եւ հետզհետէ պիտի դառնայ համաշխարհային վտանգ, քանի որ, ինչպէս յայտարարուած է, «Թուրքիան կը տարածուի Ատրիականէն մինչեւ Չինաստան»:
Երբ կը հանդուրժուին բռնագրաւումները, կ’անտեսուին իրաւունքներ, ոչ ոք կը հակազդէ ծաւալապաշտական նկրտումներու, Րէչէփ Էրտողան, իր մատը թափ տալով, կրնայ ըսել՝«Զիս լաւ լսեցէ՛ք: Եթէ աւելի հեռու երթաք, սահմանները պիտի բացուին, այս լաւ մտցուցէ՛ք ձեր գլխուն մէջ», եւ ուրիշ բաներ ալ:
Եւրոպական Խորհրդարանի որոշումը պիտի ըլլա՞յ սկիզբ ապագայատես քաղաքականութեան մը, թէ՞ պարզապէս փուչիկ:
Մեր զանազան մակարդակի խօսակիցներուն այսքան իրատեսութիւն կրնա՞նք թելադրել, դադրելով հրճուելէ բառային աղմուկով:
Մարք Յարութիւնեան,
Քուինզ, Նիւ Եորք