ՀՄԸՄ-Ռիատի մրցումին ընթացքին Ռիատիի համակիրներներ կը պարզեն թրքական դրօշը
Lebanondebate կայքէջին վրայ կը կարդանք.
Հասկնալի եւ ըմբռնելի են մարզական հարցերով մարզադաշտին վրայ հակառակորդը զայրացնելն ու գրգռելը, սակայն ծանր վիրաւորանքն ու անբարոյ վերաբերմունքը տեղի կու տայ պահ մը կանգ առնելու եւ վերլուծելու պատահարները, ինչպէս նաեւ պատասխանատու կողմերէն պահանջելու հաշուետուութեան ենթարկել խնդրառուները:
Լիբանանի Ռիատի ակումբի համակիրները Կիրակի օր ՀՄԸՄ-ի դէմ պասքեթպոլի խաղին ընթացքին (Ռիատին պարտութեան մատնեց ՀՄԸՄ-ը՝ 73-66 արդիւնքով) փորձեցին ջղագրգռել ՀՄԸՄ-ի խաղացողներն ու համակիրները թրքական դրօշակ պարզելով հայ համակիրներուն դիմաց, որ, որպէս ազգ, իր ուսերուն կը կրէ Հայոց ցեղասպանութեան տառապանքները, որոնց պատասխանատուներն էին նոյնինքն թուրքերը:
Հեռու ազգային հարցերէ, տակաւին առկայ է լիբանանեան նոր դատ մը, որուն զոհ գացին 3 լիբանանցի երիտասարդներ Կաղանդի գիշեր թրքական հողերու վրայ, եւ որոնց արիւնը տակաւին չէ չորցած… թրքական դրօշակ բարձրացնել համարձակեցան կարգ մը լիբանանցիներ, զանց առած նաեւ լիբանանի կրած տառապանքները Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան շրջանին, որոնց զոհ կ’երթային մահմետականներ եւ քրիստոնեաներ առանց խտրութեան:
Ռիատի ակումբին հասցուցած վիրաւորանքն ու գրգռիչ կեցուածքը պէտք է շուտով կասեցուի խաղարկութեան պատասխանատուներուն կողմէ, նախքան հարցերուն առաւել եւս զարգանալն ու անբաղձալի հետեւանքներու առաջնորդելը, նամանաւանդ նախորդ գիշերուան պատճառած ծանրագոյն ազդեցութենէն ետք՝ հայ խաղացողներուն եւ քաջալերողներուն սրտերուն մէջ, որոնք դուրս եկան մարզադաշտէն չափազանց բորբոքած՝ ոչ թէ կրած պարտութեան համար, այլ նոյն հայրենիքը բաժնեկցող հայրենակիցներու կողմէ իրենց հասցէին նուաստացուցիչ կեցուածքին, որ շատ հեռու էր մարզական բարոյագիտութենէն:
Պասքէթպոլի Լիբանանեան Մարզական Լիկան այսօր պարտաւոր է արդարադատութիւն եւ միեւնոյն ժամանակ խոհեմութիւն ցուցաբերելու. արդարադատ ըլլալու է բոլոր ակումբներուն հանդէպ հաւասար կեցուածք որդեգրելով եւ ոչ թէ կարգ մը ակումբներ հաշուետուոթեան կանչելով, իսկ ուրիշներ՝ ոչ, իսկ խոհեմ ըլլալու է, որպէսզի կարենայ խաղարկութեան ընթացքը ղեկավարել եւ հասցնել խաղաղ աւարտի: Ներկայիս արտօնելի չէ այլեւս հայհոյանքներ տեղացնել իրաւարարներու հասցէին, ինչպէս պատահեցաւ երէկուան խաղարկութեան ընթացքին, մինչ լիկայի պատասխանատուները խուլօրէն անտեսեցին եղածը, հակառակ որ նախապէս ԱլՀիքմէ ակումբին հասցէին պատիժներ արձակուած էին նոյնինքն Լիկային կողմէ: Բացարձակապէս արտօնելի չէ այլեւս քաղաքական հարցերը փոխադրել մարզադաշտ, ինչպէս նաեւ Լիկան պարտաւոր է գործադրելու իր խոստումները, երբ կը սպառնայ, որ պիտի գործադրէ խաղի կանոնները՝ հաւասարապէս բոլոր ակումբներուն նկատմամբ:
Նշենք, որ Կիրակի, 8 Յունուար 2017-ին տեղի ունեցաւ վերոնշեալ պասքէթի խաղը. Լիբանանի պասքէթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ ՀՄԸՄ կրեց իր առաջին պարտութիւնը Ռիատիին դէմ, յաջորդական եօթը յաղթանակներէ ետք: