Ազրպէյճան Իսրայէլեան պաշտպանական Հրթիռակայաննե՞ր Պիտի Գնէ
Ճոշուա Քոչերա eurasianet.org կայքին վրայ տեղակայուած իր յօդուածին մջէ կը գրէ‚ որ ազրպէյճանցի պաշտօնատարներ եւ շարք մը լրատու աղբիւրներ հաղորդած են‚ որ Պաքու աշխատանք կը տանի «Երկաթեայ գմբէթ» օդային պաշտպանութեան համակարգի գնման շուրջ Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու։ Համաձայնութիւնը նշանակալից պիտի ըլլայ‚ որովհետեւ մեծահամբաւ «Երկաթեայ գմբէթ»-ը արդիական համակարգ մըն է‚ որ նկատառելի կերպով նուազեցուցած է Իսրայէլի դէմ հրթիռային յարձակումները‚ սակայն տակաւին չէ արտածուած։
Հակառակ համատարած տեղեկատուութեանց՝ Ազրպէյճան անհաւանական է‚ որ գնէ «Երկաթեայ գմբէթ»-ը՝ շատ ծախսալից համակարգ մը‚ որ անկարող է Ազրպէյճանի կարիքները բաւարարել։ Տեղեկատուութիւններու առատութիւնը‚ սակայն‚ կու գայ վկայելու Ազրպէյճանի այն մտահոգութեան մասին‚ որ անոր թշնամին՝ Հայաստանի զինարշաւին մէջ մէկ քայլ յառաջ անցած է։
Անցեալ ամիս‚ ազրպէյճանցի երեսփոխան Ետեւա Ապրամով հաղորդեց‚ որ «Երկաթեայ գմբէթ»-ը «պատրաստ է Ազրպէյճանի յանձնման»։ Ապրամով ըսաւ‚ որ համակարգը պիտի վնասազերծէ «Իսքանտեր» հրթիռները‚ որոնք Հայաստան վերջերս ստացաւ Ռուսիայէն։ «Այս համակարգը «Իսքանտեր» հրթիռներուն պիտի չարտօնէ գետին հասնիլ»‚ ըսաւ Ապրամով։
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Դեկտեմբերին պիտի այցելէ Պաքու‚ եւ իսրայէլեան լրատուամիջոցները՝ անանուն աղբիւրներ մէջբերելով հաստատեցին Ապրամովի պնդումը‚ թէ «Երկաթեայ գմբէթ»-ի վերաբերեալ համաձայնութիւն մը պիտի ըլլայ օրակարգին վրայ։ Հետագային այդ լուրին անդրադարձան շարք մը հաւաստի լրատուամիջոցներ‚ ներառեալ «Թայմզ աֆ Իսրայէլ»‚ ռուսական վերլուծական Զէնքի համաշխարհային վաճառքի վերլուծման կեդրոնը եւ ամերիկեան առեւտուրի հրատարակութիւն «Տիֆենս Ինտասթրի Տէյլի»-ն։
Ուրեմն ինչո՞ւ ատիկա անհաւանական է։ Առաջին հերթին գինը. Մէկ համակարգը‚ որ կը բաղկանայ հրթիռարձակման երկու փողերէ‚ ռատարէ մը եւ վերահսկման կեդրոնէ‚ կ’արժէ շուրջ 50 միլիոն տոլար։ Իսրայէլ‚ որուն տարածքը Ազրպէյճանի քառորդն է‚ 10 համակարգեր ունի։ Համակարգի իւրաքանչիւր հրթիռը կ’արժէ 100 հազար ամերիկեան տոլար։ Այս բոլորը մինչ նաւթի գիները անկում կրած են եւ Ազրպէյճան իր պիւտճէն կը կրճատէ‚ ներառեալ զերոյի հաւասարեցնելու զէնքերու ձեռք բերման համար իր օգտագործած յատուկ պիւտճէն։ Ազրպէյճան թերեւս կարողութիւնը ունի այդ գումարը տալու‚ սակայն ատիկա պիտի ըլլայ շռայլութիւն մը‚ որ իրմէ պիւտճէական բազմաթիւ այլ զոհողութիւններ պիտի պահանջէ։
Երկրորդ՝ «Երկաթեայ գմբէթ»-ը չի կրնար դէմ դնել Հայաստանի «Իսքանտեր»-ներուն։ Անոր առաւելագոյն հասողութիւնը 70 քիլոմեթր է‚ ինչ որ զայն նպատակայարմար կը դարձնէ պաղեստինցի զինեալներուն Իսրայէլի դէմ արձակած «Քաթիուշա»-ներուն նման հրթիռներու համար։ Սակայն Հայաստանի ունեցած «Իսքանտեսր»-ներուն հասողութիւնը 300 քիլոմեթր է։ «Այս համակարգը անօգուտ է Ազրպէյճանի համար»‚ կ’ըսէ բրիտանական «Չաթըմ Հաուզ»-ի աշխատակից Զաուր Շիրիեւ «Տը Պակ Փիթ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին։