Արմէն Գարոյի նուիրուած ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» պատանեկան միութեան Սեմինարը Վանգուվըրի մէջ

 

Վանգուվըրի Սիմոն Վրացեան կոմիտէութեան ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» Պատանեկան Միութիւնը Նոյեմբեր 11-13 ունեցաւ սեմինար մը Նուրիուած Արմէն Գարոյին, Հայ Կեդրոնի Լազարեան սրահէն ներս։

Բանակումին մասնակից էին 25 պատանիներ, որոնց վարիչներն էին  ընկհ. Սեւան Յակոբեան, ընկհ. Սուսան Սեդրակեան եւ ՀՅԴ ԳՊՄ Ընդհանուր Վարիչ մարմնի անդամ Մարալ Քիւլահեան։

Սեմինարի դաստիարակչական բաժինը ստանձնած էր տեղւոյն ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» Երիտասարդական միութիւնը։  Դասախօսութիւններու շարքին էին «Պանքօ Օթոմանի գրաւումը», «Բաբգէն Սիւնի» եւ «Արմէն Գարօ» նիւթերը։ Պատանիները սեմինարի ընթացքին խանդավառութեամբ սորվեցան յեղափոխական երգեր, ունեցան հաճելի խաղեր ինչպէս նաեւ աւազանագնացութիւն մը։

Սեւան Յակոբեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.