Վերաբնակեցուած Կովսականը՝ խնդիրներով ու առաւելութիւններով

 

Քաշաթաղի մէջ դժուար թէ բնիկ արցախցի գտնէք, բոլորս ՀՀ տարբեր մարզերէն ենք։ Հիացած տեղի պայմաններով` ընտանիքներով տեղափոխուած ենք այստեղ ու սկիզբ դրած՝ վերաբնակեցմանը։
Այս նոյն միտքը տարբեր բարբառներով մի քանի անգամ հնչեց Կովսականի՝ Թաթուլ Կրպէեանի անուան միջնակարգ դպրոցի ուսուցչանոցին մէջ, ուր ուսուցիչներուն հետ կը զրուցէինք վերաբնակեցման, տեղի խնդիրներուն եւ, ի հարկէ, առաւելութիւններուն մասին։
Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքին մէջ, ըստ ուսուցիչներու՝ կ’ապրի շուրջ 500 բնակիչ։
Մեծ մասը Կովսական տեղափոխուած են 1994 թ.-ին. պատերազմի ժամանակ կռուող տղամարդիկ հաւնած են տարածքը, ձեռնամուխ եղած են պայմաններու բարելաւման եւ ընտանիքներով տեղափոխուած են՝ հայրենի տարածքները վերաբնակեցնելու։ Սկիզբը զբաղած են միայն հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ, սակայն ժամանակի ընթացքին հնարաւորութիւնները ընդլայնուած են, ստեղծուած են նոր աշխատատեղեր։ Այժմ Կովսականի մէջ կան մանկապարտէզ, դպրոց, հիւանդանոց, ոստիկանութիւն, հրշէջ եւ այս բոլորին զուգահեռ, ինչպէս նշեց ուսուցիչներէն մէկը, «բաղ ու բոստան»։
Դպրոցին մէջ աշակերտներու եւ մասնագէտներու խնդիր չունին. Թաթուլ Կրպէեանի անուան միջնակարգ դպրոցին մէջ կ’աշխատին աւելի քան 20 ուսուցիչ, ունին բնագիտական նիւթերուն համար տարրալուծարան, համակարգչային լսարան, գրադարան, իսկ երեխաներուն արտադասարանական գործունէութիւն ապահովելու համար ունին երգի, պարի, ինչպէս նաեւ արուեստի այլ ճիւղերու ուսուցման խմբակներ։ Դպրոցը աւարտելէ ետք շատերը կ’երթան Երեւան, Գորիս կամ Ստեփանակերտ՝ բարձրագոյն ուսում ստանալու, իսկ յետոյ կը վերադառնան ու կը դասաւանդեն դպրոցին մէջ։
Մանկապարտէզը երկու տարի է, որ կը գործէ, բայց կրցած է արդէն մանուկներուն համար հաճելի միջավայր դառնալ։ Հիւանդանոցի սարքաւորումներէն չեն բողոքեր, պարզապէս կը նշեն, որ ունին որոշ մասնագէտներու կարիք․ հիւանդանոցին մէջ կը գործեն մի քանի բնիշկ, բայց օրինակ կնոջական բժիշկի կարիք ունին, որուն պատճառով ալ յաճախ ստիպուած կ’ըլլան Երեւան կամ Ստեփանակերտ հասնելու։ Կովսականցիները Երեւան, Ստեփանակերտ կամ Քաշաթաղի շրջկեդրոն Բերձոր կ’երթան նաեւ գումար ստանալու կամ փոխանցելու համար. արդէն 5 տարի է՝ աշխատավարձը դրամատնային համակարգով կը ստանան, բայց Կովսականի մէջ դրամատուն չկայ:
Տարիներու ընթացքին Կովսականի մէջ փոփոխութիւններ շատ եղած են, բայց տեղացիներուն խօսքով՝ այդ ամէնը ոչ թէ պետութեան, այլ բարերարներու կամ սեփական ուժերու շնորհիւ իրականացուած են։ Ընտրութիւններու ժամանակ բարձրաստիճան պաշտօնեաները ոգեւորում են տեղացիները՝ անուանելով «հրաշք մարդիկ», որոնք վերաբնակեցուցած են այդ տարածքները, զարգացուցած, բայց վարկի հետ կապուած նոյնիսկ նուազագոյն խնդիրի պարագային բնակիչները զիրար անմիջապէս դատարանի դուռը կը հասցնեն՝ մոռնալով, որ որոշ ժամանակ առաջ անոնք հերոսներ էին, եւ ծագած խնդիրը կարելի է այլ տարբերակով լուծել։
Հակառակ որոշ դժգոհութիւններուն՝ բնակիչները առիթ չեն փախցներ շեշտելու, որ Կովսականէն հեռանալու եւ Երեւան կամ մէկ այլ քաղաք բնակելու հնարաւորութիւն ունեցեր են, բայց մնացեր կամ երթալէ ետք վերադարձեր են, որովհետեւ աշխատանքային ու մարդկային յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն Կովսականը իրենց աւելի հարազատ է։
Ուսուցիչներէն մեկը նշեց, որ ապրիլեան պատերազմը ա՛լ աւելի ամրացուց Կովսական մնալու իրենց ցանկութիւնը.
Մեզի՝ ուսուցիչներուս, կ’ըսէին՝ դադրեցուցէք դասերը, պատերազմ է, բայց մենք դասի կու գայինք։ Չնայած բոլորս ալ կը գիտակցէինք, որ կրնայ ըլլալ տունէն դուրս ելլենք ու չվերադառնանք, բայց կը շարունակէինք ապրիլ այնպէս, ինչպէս սովոր էինք՝ խուճապէն խուսափելու համար։ Հազիւ դասարան մտած, երեխաներուն կը հարցնէինք. «Պապայէն լուր ունի՞ք, զանգեցի՞ն, խօսեցա՞ք»։ Բոլորին հայրերը, մեծ մասին զաւակներն ու փեսաները սահմանին էին ու դեռ այնտեղ են։ Ամէն օր հայրենասիրական երգերով կը սկսէինք»։ Իսկ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհին կը յիշեցնէր. «Գիտէ՞ք, մանկապարտէզին մէջ չորս տարեկան աղջիկ մը ըսաւ. «Պապան գնացել է կռուի, մնացել է մի թուրք՝ սպաննի ու գայ»։
Վերաբնակեցուած այս շրջանին մէջ պատերազմը իր հետքը թողած է, բայց անոր զուգահեռ աճած է Կովսականը զարգացնելու եւ խնդիրներուն լուծումներ գտնելու ցանկութիւնը։
 
Մանէ Գէորգեան

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.