160 Ընտանիք Իրենց Տուներուն Բանալիները Տուած Են Սփիւռքի Նախարարութեան` Սուրիահայերուն Տրամադրելու
Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ըսած է, որ վերջին երկու շաբաթներուն 33 սուրիահայեր հասած են Հայաստան, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը:
Անդրադառնալով անոնց բնակութեան վայրեր տրամադրելու հարցին` նախարարը դիտել տուած է, որ կայ երկու ձեւ. մէկը այն է, որ նոր հասնողները կը մնան ժամանակաւոր կացարաններու մէջ, մինչեւ տուներ վարձուին անոնց համար, իսկ ոմանց հարազատները արդէն իսկ Հայաստան կը գտնուին, ուստի նոր եկողները կ՛ապաստանին անոնց քով, մինչեւ որ անոնց մնայուն տուներ ապահովուին:
Նախարարը հաստատած է, որ չկայ Երեւան գալ փափաքող սուրիահայ մը, որուն համար համապատասխան օգնութիւն չի ցուցաբերուիր: «Չկայ ոեւէ մէկը, որ կ՛ուզէ Երեւան հասնիլ եւ չի հասնիր: Մենք յստակացուցած ենք նաեւ, թէ ուրկէ՛ կրնան գումարներ ստանալ, ի՛նչ քայլերու պէտք է դիմեն, որպէսզի Երեւան հասնին»` յայտարարելով, որ նկատի ունենալով այս հարցին համազգային բնոյթ ունենալը, տարբեր կառոյցներ կ՛օժանդակեն այս նպատակին:
Ըստ Հրանուշ Յակոբեանի, սուրիահայերը Հայաստանի մէջ կը դիմագրաւեն երկու հիմնական հարցեր` բնակարանի եւ աշխատանքի: Աշխատանքի առումով կառավարութիւնը կը փորձէ նախարարութիւններու, գործարարներու միջոցով աջակցիլ, որպէսզի անոնք կարենան գործարարական ծրագիրներ կատարել, աշխատիլ եւ ապրիլ: Ան աւելցուցած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանն ալ կը փորձէ իր առաւելագոյնը ընել` առաջին անհրաժեշտութեան կենցաղային իրեր տրամադրելով:
Բնակարանային հարցերուն մասին խօսելով` նախարար Յակոբեան ըսած է. «160 ընտանիք իրենց տուներուն բանալիները տրամադրած են մեզի, եւ մենք այդ տուներուն մէջ անվճար կը տեղաւորենք սուրիահայ ընտանիքներ»:
Ան տեղեկացուցած է, որ այս տարուան ընթացքին, մինչեւ 30 Սեպտեմբեր, Հայաստան մեկնած են 428 սուրիահայեր: 30 Սեպտեմբերէն ետք, Հոկտեմբերին, Հայաստան մեկնած է 47 հոգի: