Արցախեան Պատերազմի Նահատակներուն Ընդհանուր Թիւը
- (0)

Ստեփանակերտի Արցախեան պատերազմի զոհերու թանգարանի կայքին մէջ (Музей погибших воинов НКР, www.kniga.am) անուն առ անուն տեղադրուած են բոլոր այն մարդոց անունները (անոնց ծնած թուականը, վայրը, որոշ այլ մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ` նկարը), որոնք զոհուած են ինչպէս ռազմական գործողութիւններու ընթացքին` 1991-1994 թուականներ, այնպէս ալ նախապատերազմեան` 1988-1990 թուականներուն (Սումգայիթ, Պաքու, “Օղակ” գործողութիւն), եւ յետպատերազմեան` “ոչ խաղաղութիւն, ոչ պատերազմ”, տարիներուն` 1994-ի մայիսեան անժամկէտ հրադադարէն մինչեւ այսօր:
Հակառակ որոշակի կրկնութիւններու (որոշ անուններ կը հանդիպինք երկու անգամ), ասիկա Արցախեան պատերազմի զոհերու մասին ամէնէն ամբողջական, համապարփակ եւ վստահելի տեղեկատուութիւնն է մինչեւ այսօր հրապարակուածներու շարքին։
Հայկական ուսումնասիրութիւններու«Անի» կեդրոնը կը ներկայացնէ զոհերու վիճակագրական ընդհանուր պատկերը:
Պատերազմի տարիներւն Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու ընդհանուր թիւը շուրջ 1.500 է:
Արցախէն եւս շուրջ 2.700 հոգի նահատակուած է ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու ընթացքին, այսինքն` այդ մարդիկ եղած են ազատամարտիկներ կամ իրենց հարազատ տուներու պաշտպաններ:
Եւս շուրջ 300 արցախցի զոհուած է 1994-ի անժամկէտ հրադադարէն ետք:
Արցախի մէջ նահատակուած հայաստանցի ազատամարտիկներուն եւ զինուորներուն թիւը կը կազմէ 2.034 հոգի:
Եւս 1.326 հայաստանցիներ` ազատամարտիկներ, իրենց գիւղերու պաշտպաններ եւ խաղաղ բնակիչներ, զոհուած են պատերազմի տարիներուն Հայաստանի մէջ (հայ-ատրպէյճանական սահմանամերձ կռիւներու ընթացքին):
Հայաստանէն եւ Արցախէն անհետ կորածներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ շուրջ 600 հոգի:
Պատերազմի տարիներուն հայկական կողմէն կռուած եւ զոհուած ռուսերու, ուքրանացիներու ու նախկին խորհրդային այլ հանրապետութիւններու քաղաքացիներուն թիւը 37 է:
Զոհուած սփիւռքահայերու թիւը 4 հոգի է:
Զոհուածներու շարքին կան եւս մէկ տասնեակ իրանահայեր, որոնք, սակայն, նախքան պատերազմը տեղափոխուած էին Հայաստան:
Այս վիճակագրութեան մէջ չեն ներառուած 2015 եւ 2016 թուականներու կորուստները: