Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Նախարար Ֆընէյշի
Երէկ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիայի:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեան:
Հանդիպումին ընթացքին Քախիա շնորհաւորեց նախարարը` իր նոր պաշտօնին ստանձնումին առիթով, ինչպէս նաեւ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց ֆետերասիոնին տարած բոլոր աշխատանքներուն մասին:
Իր կարգին, նախարարը շնորհաւորեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը` 15 դեկտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն առիթով, անոր մաղթելով յաջողութիւն` չորս տարուան պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին անոր իրագործելիք բոլոր ծրագիրներուն մէջ:
Հանդիպումին աւարտին պատուիրակութիւնը տեսակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի հետ: