Կարօ Փայլանի Ձերբակալութեան Մասին Լուրը Չի Համապատասխաներ Իրականութեան
Թուրքիոյ Մէջ ընդդիմադիր Ժողովուդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ) անդամներուն դէմ իրականացուած ոստիկանական գործողութեան ընթացքին հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան չէ ձերբակալուած:
Կարօ Փայլանի ձերբակալման մասին ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած լուրը Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին հերքած է անոր մամուլի խօսնակ Թամար Նալճըն:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու եւ Ժողովուդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Twitter-ի պաշտօնական էջին` կուսակցութեան ձերբակալուած անդամներն են` Սելահաթթին Ըէմիրթաշը, Ֆիգեն Եուքսեքտաղը, Իտրիս Պալուքենը, Սըրրը Սիւրէեայ Օնդերը, Ֆերհաթ Էնջուն, Կիւլսեր Եըլտըրըմը, Սելմայ Ըրմաքը, Զիյա Փիրը, Նուրսել Այտողանը, Լեյլա Պիրլիքը, Ապտուլլահ Զէյտանը:
ԺԺԿ անդամներուն դէմ իրականացուած ոստիկանական գործողութենէն ետք Կարօ Փայլան Twitter-ի իր պաշտօնական էջին մէջ գրած է հետեւեալը.
«Ո՛չ ներսը (նկատի ունի բանտը), ո՛չ դուրսը երբեք վիզ չենք խոնարհեր:
«Մեր ապրած տարին 1915-ն է, օրը` Ապրիլ 24: Թոյլ չենք տար, որ մեր երկիրը, մեր երիտասարդները այդ ֆաշիստները եւս մէկ անգամ այրեն»:
Յիշեցնենք, որ այսօր Տիարպեքիրի եւ Անգարայի մէջ ձերբակալուած է քրտամէտ Ժողովուդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 11 անդամներ, որոնց մէջ` կուսակցութեան համանախագահներ Սելահաթթին Տէմիրթաշն ու Ֆիգեն Եուքսեքտաղը:
Դեռ Մայիս ամսուն Թուրքիոյ խորհրդարանական սահմանադրական յանձնաժողովը ընդունած է ԺԺԿ խմբակցութեան շարք մը պատգամաւորներու անձեռնմխելիութենէն զրկելու մասին որոշում: