Սուրիոյ հանրապետութեան մուֆթի՝ Շէյխ Ահմատ Պատրըտտին Հասսուն այցելեց նորընտիր Առաջնորդին
1731
0
(Գանձասար) – 17 Յունիս 2019-ի միջօրէին, Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Մուֆթի՝ Շէյխ Ահմատ Պատրըտտին Հասսուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդին՝ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի:
Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Մուֆթին ջերմապէս շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ յաջողութեան ու արեւշատութեան իր մաղթանքները յայտնելով վստահեցուց, որ հոգեւոր առաջնորդները միասնաբար, գործակցութեան ոգիով սատար պիտի հանդիսանան Սուրիական Հայրենիքի վերականգնումի աշխատանքներուն: