Սթանպուլի մէջ հայկական դպրոցի մը պատին վրայ կրկին ցեղապաշտական գրութիւն

 

Սթանպուլի մէջ կրկին ցեղապաշտական գրութիւն մը տեսնուած է հայկական դպրոցներէն մեկուն պատին վրայ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս» շաբաթաթերթը, այս անգամ թիրախ դարձած է Սթանպուլի Բոմոնթի թաղամասը գտնուող Մխիթարեան վարժարանը:

Ցեղապաշտական գրութեան մասին տեղեկացուած է գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» նախկին պատգամաւոր Այքան ԷրտէմիրըԱն ընկերային ցանցերուն վրայ տարածեր է դպրոցին լուսանկարը, որուն մէջ կը յայտնուի հետեւեալ գրութիւնը. «Գիշեր մը յանկարծակի կը յայտնուինք Ղարաբաղի մէջ»:

Նշենք, որ 2016 թ. ընթացքին այս մէկը Սթանպուլի հայկական դպրոցներու վրայ յարձակման առաջին դէպքը չէ: Օգոստոսին Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Դպրեվանք վարժարանի պատին, իսկ Սեպտեմբերին Սկիւտարի Գալֆայեան դպրոցի ճակատամասին ցեղապաշտական գրութիւններ տեսնուած էինԱմիսներ անցեր են, բայց դեռյայտնի չէ, թէ ո՛վ կամ ովքե՛ր են այդ արարքներուն հեղինակները:

Այս հարցը քննարկուած է նոյնիսկ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: ԺՀԿ պատգամաւոր Սեզգին Թանրըքուլուն Սեպտեմբերին գրաւոր հարցադրում մը ուղարկած էվարչապետ Բինալի Եըլտըրըմին, սակայն սահմանուած ժամկէտին պատասխան չէր ստացած:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.