Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ն 126,500 տոլար տրամադրած է զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն

 

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ, Արցախի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք զոհուած 108 զինուորներու ընտանիքներուն համար կրցած է 126,500 տոլար օժանդակութիւն տրամադրել՝ վերջին 8 ամիսներուն ընթացքին։

«Գերագոյն նուիրաբերումով իրենց կեանքը հայրենիքին զոհած զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն երախտապարտ պիտի մնանք, եւ որոշած ենք շարունակել այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը։ Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք Ապրիլէն ի վեր մեզի զօրավիգ կանգնեցան», կը յայտնէ «Մեր զինուորներուն կողքին» յանձնախումբի անդամ Դաւիթ Առաքելեան։

Նշեալ ժամանակամիջոցին, օժանդակութիւններ տրամադրուած են Հայաստանի 10 մարզերէն եւ Երեւանէն 82 զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն, իսկ Արցախի 7 մարզերէն՝ 26 ընտանիքներուն։

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ն այժմ նախաձեռնած է համացանցային դրամահաւաքի միամսեայ նոր արշաւի մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 29 Յունուար 2017, Բանակի օրը։ Հաւաքուած գումարը պիտի տրամադրուի վիրաւոր զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներու կարիքներուն։

«Մեր զինուորներուն կողքին» յանձնախումբի ատենապետուհի Հուրի Մինոյեան կոչ կ՛ընէ համայնքին, որ աշխոյժ մասնակցութիւն բերէ դրամահաւաքի այս արշաւին, որ առիթ պիտի ընծայէ բոլորին՝ գործնականապէս աջակցելու եւ քաջալերելու Արցախի սահմանները պաշտպանող մեր զինուորները։

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի ջանքերով 2012-ին հաստատուած «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր աջակցելու համար, այցելել www.withoursoldiers.com կայքը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.