ՀՅԴ-ի Նախաձեռնութեամբ Արդէն Ձեւաւորուած է Կամաւորականներու Պահեստային Գումարտակը

 

ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի նախաձեռնած պահեստային գումարտակը գրեթէ կազմաւորուած է եւ յառաջիկային Պաշտպանութեան նախարարութեան համապատասխան մասնագէտներու աջակցութեամբ ուսումնավարժական հաւաքներ պիտի սկսի` անհրաժեշտ պահուն բանակի կազմին մէջ մեր երկրի տարածքը պաշտպանելու համար:

Այդ մասին armtimes.com-ին յայտնած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ Հրաչ Թադեւոսեանը:

— Պարոն Թադեւոսեան, Հոկտեմբեր 13-ին ՀՅԴ ԳՄ ազատամարտիկներու հարցերու յանձնախումբը յայտարարեց, որ կը կազմէ կամաւորականներու պահեստային գումարտակ, որ պիտի գործէ միայն լայնածաւալ մարտական գործողութիւններու վերսկսման պարագային: Ի՞նչ փուլի մէջ է այս գործընթացը:

— Այս պահուն կազմաւորման գործընթացը ընթացքի մէջ է, բայց շատ շուտով գործընթացը պիտի ամբողջանայ: Բնականաբար, արդէն կան անհրաժեշտ թիւով կամաւորներ, բայց դեռ հերթագրումը ընթացքի մէջ է:

— Երբ հերթագրումը աւարտի, ի՞նչ պտի ըլլայ ատկէ ետք:

— Զօրամաս կը ձեւաւորուի եւ, Աստուած մի արասցէ, պատերազմի պարագային` մեր բանակի կողքին կը կանգնի հակառակորդին դէմ մարտնչելու համար:

— Կամաւորները ուսումնավարժական դասեր կ՛անցնին:

— Հիմա հաւաքագրումները կ՛աւարտին արդէն, ատոր հետ կապուած որեւէ խնդիր չունինք: Գումարտակի կազմաւորումը աւարտուելէն ետք ՊՆ համապատասխան մասնագէտներու աջակցութեամբ պէտք է սկսին ուսումնավարժական հաւաքներ, ուր հերթագրուած անձիք պէտք է անհրաժեշտ պատրաստութիւն ստանան եւ կազմ ու պատրաստ ըլլան` անհրաժեշտ պահուն իրենց պարտականութիւնները կատարելու համար:

 Դուք նշեցիք, որ կան անհրաժեշտ թիւով կամաւորներ: Որքա՞ն է այդ թիւը:

— Այս պահուն 500 կամաւորներ արդէն արձանագուած են, բայց մենք դեռ կը ստուգենք բոլորին առողջական վիճակը, այլ հանգամանքներ, որպէսզի ընտրութիւն կատարուի: Այսինքն` այնպէս չէ, որ պէտք է անպայման բոլորը ըլլան գումարտակի կազմին մէջ:

— Հաւաքագրուած բոլոր մարդիկ դաշնակցակա՞ն են, թէ՞ ատիկա պարտադիր չէր:

— Ատիկա պարտադիր չէր, մենք երբեք որեւէ գործ մեզմով ըրած են:

— Հաւաքները, ուսումնավարժական դասերը ո՞ւր տեղի պիտի ունենան:

— Այդ բոլոր հարցերը Պաշտպանութեան նախարարութենէն ճշդէք, որովհետեւ այդ զօրամասը պիտի ըլլայ ՊՆ պահեստային զօրամաս, նախարարութեան տրամադրութեան տակ պիտի ըլլայ: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պէտք է որոշէ, թէ որ զօրամասին մէջ պէտք է հաւաքուին, հաւաքները ուր պէտք է տեղի ունենան:

— Պարոն Թադեւոսեան, երէկ «Պահեստազօրի սպաներու համահայկական միութեան» նախագահ, պահեստազօրի զօրավար-գնդապետ վարդան Աւետիսեանը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` աշխարհազօրային ջոկատներու հրամանատարներուն խնդրելով զօրաշարժի ենթարկել կամաւորական բոլոր ուժերը: Կապ ունի՞ն ձեր եւ Աւետիսեանի յայտարարութիւնները իրարու հետ: Ձեր տեղեկութիւններով յառաջիկային հնարաւո՞ր է ռազմական գործողութիւն:

— Մենք Վարդան Աւետիսեանի կազմակերպութեան յայտարարութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունինք: Որեւէ այլ տեղեկութեան ես չեմ տիրապետեր:

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի տարածած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուէր. «2016 թուականի Ապրիլ 2-էն սկսած լայնածաւալ մարտական գործողութիւններուն յանպատրաստից կամաւորականներու մասնակցութիւնը վեր հանեց կազմակերպչական եւ պատրաստուածութեան շարք մը հարցեր, որոնք անհրաժեշտ է իրականացնել այս սպառնալից ժամանակաշրջանին, այդ իսկ պատճառով ՀՀ Պն-ի հետ համաձայնեցուած, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը որոշում կայացուց` կազմաւորել կամաւորականներու պահեստային գումարտակ, որուն կիրառումը կը նախատեսուի միայն լայնածաւալ մարտական գործողութիւններու վերսկսման պարագային:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.