Յեղաշրջումի փորձէն ետք մաքրագործումները ազդած են Թուրքիոյ Բանակին մարտունակութեան վրայ
2016-ի Մարտին‚ Թուրքիոյ օդուժը 600 օդաչու ունէր։ Անոնցմէ 280-ի պաշտօնազրկումէն ետք‚ այժմ բանակի տրամադրութեան տակ են 320 օդաչու։
Մեթին Կուրճան al-monitor.com-ի մէջ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ‚ որ 15 Յուլիսի յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք 27 եւ 30 Յուլիսին‚ 2 եւ 7 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած չորս մեծ մաքրագործումներու պատճառով բազմաթիւ սպաներ դուրս դրուեցան Թուրքիոյ զինեալ ուժերէն։ Այդ օրէն ի վեր այդ մաքրագործումներուն թրքական զինեալ ուժերու մարտունակութեան վրայ ազդեցութեան վերաբերեալ ենթադրութիւնները շատ են։
8 Սեպտեմբերին‚ թրքական բանակի սպայակոյտի պաշտօնական կայքը մաքրագործումներէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ զինեալ ուժերու մարդուժի փոփոխութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ ներկայացուց։
Ըստ ներկայացուած թիւերուն‚ այսօր Թուրքիոյ բանակին‚ ծովուժին եւ օդուժին մէջ կը ծառայեն 351‚000 բանակայիններ‚ որոնցմէ 206-ը՝ զօրավարներ‚ 29‚949-ը՝ սպաներ‚ 67‚476-ը՝ ենթասպաներ‚ 48‚879-ը՝ մասնագէտ զինուորներ‚ 15‚888-ը պայմանագրային զինուորներ եւ 188‚611-ը՝ զօրակոչեալներ։ Ըստ որոնց‚ թրքական զինեալ ուժերուն 46 առ հարիւրը արհեստավարժներ են‚ իսկ 54 առ հարիւրը՝ զինուորագրեալներ։
Երբ կը բաղդատենք Մարտ 2016-ի թիւերուն հետ‚ 38 առ հարիւրի նուազում կը նկատենք զօրավարներու թիւին մէջ‚ որ օրին 325 էր երեք ճիւղերու մէջ եւ 8 առ հարիւր նուազում սպաներու (32‚451 սպաներ)։ Այլ շարքերուն մէջ հիմնական փոփոխութիւններ չկան։
15 Յուլիսէն ետք վտարումները հիմնականին մէջ ազդեցին գնդապետ-զօրավարներուն եւ ծովակալներուն։ Նկատի ունենալով որ թրքական զինեալ ուժերը մեծաթիւ գնդապետներ ունի այդ բացերը գոցելը դժուար պիտի չըլլայ։ Գնդապետ-զօրավարները Օգոստոսին անմիջապէս փոխարինուեցան։ Գնդապետներ արագօրէն աստիճանի բարձրացում ստացան եւ նշանակուեցան արեւելեան եւ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ գտնուող ջոկատներու մէջ՝ մինչ ուրիշներ արեւմտեան շրջանի մէջ գտնուող ջոկատներուն մէջ ստանձնած են հրամանատարի պաշտօն։ Օգոստոսին 27 աւագ զօրավարներ եւ 7 դերզօրավարներ պաշտօնազրկուեցան ու փոխարինուեցան։ Եզրակացնելու համար՝ բոլոր պաշտօնազրկուած զօրավարները փոխարինուած են եւ բացեր գոյութիւն չունին։
Պաշտօնէ արձակումներէն առաւելագոյն չափով ազդուած սպաներու խմբակը օդուժի կործանիչներու օդաչուներն են։ Թուրքիոյ բանակը ունի 321 պատերազմական օդանաւ‚ որոնցմէ 240-ը «Էֆ-16» են։ Մարտին‚ Թուրքիոյ օդուժը 600 գործօն օդաչու ունէր։ Անոնցմէ 280-ի պաշտօնազրկումէն ետք‚ այժմ տրամադրութեան տակ են 300 օդաչու։ 15 Յուլիսէն առաջ իւրաքանչիւր պատերազմական օդանաւի համար երկու օդաչու գոյութիւն ունէր։ Այդ թիւը ներկայիս նուազած է 0‚8-ի։
Մինչ այդ՝ բազմաթիւ օդաչուներու շուրջ հետաքննութիւնները կը շարունակուին‚ ինչ որ յաւելեալ վտարումներու հեռանկարը կը ստեղծէ։
Թրքական օդուժը ինչպէ՞ս պիտի բաւարարէ օդաչուներու իր կարիքը։ Այս կարեւոր հարցին մէջ եռակողմ մօտեցում գոյութիւն ունի։ Առաջին հերթին օդաչուներու 15-ամեայ պարտադիր ծառայութիւնը կրնայ բարձրացուիլ 18 տարուան։ Նաեւ ծրագիր գոյութիւն ունի համալսարաններու մէջ ճարտարեստական ճարտարագիտութեան‚ ելեկտրոնային գիտութեան‚ օդանաւորդութեան‚ անջրպետի եւ համակարգչային գիտութեանց ուսանողներ զինուորագրելու օդուժի ակադեմիոյ մէջ, եւ զանոնք երկամեայ խտացուած ծրագիրով մը մարզել իբրեւ պատերազմական օդանաւերու օդաչուներ։ Եւ վերջապէս‚ կառավարութիւնը հանգստեան կոչուած եւ այժմ հաւանաբար քաղաքային օդանաւային ընկերութիւններու մէջ աշխատող օդաչուները հրաւիրող կոչ մը ուղղած է վերադառնալու թրքական օդուժ։ Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց‚ 140 նախկին օդաչուներ կը պատրաստուին բանակի շարքեր վերադառնալու։
Այս քայլերով պատերազմական օդանաւերու բացը կրնայ յաղթահարուիլ երկու տարուան ընթացքին։ Սակայն մինչեւ Սեպտեմբեր 2018 գոյութիւն ունեցող օդաչուները շատ ծանր աշխատանք պիտի կատարեն‚ յաւելեալ ժամերով եւ աւելի յաճախակի կարգով։
Պաշտօնազրկումներէն ազդուած մէկ այլ խմբակ մըն է բանակի ուղղաթիռներու օդաչուները։ Անոնցմէ շուրջ 20-ը‚ ներառեալ յարձակողական ուղղաթիռներու օդաչուներ պաշտօնազրկուած են։ Անոնց բացակայութիւնը աւելի ծանր բեռ կը դնէ բանակի օդաչուներու վզին‚ որոնք կարեւոր պարտականութիւններ ունին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ պայքարին մէջ։
Պաշտօնազրկումներուն շարքին են մասնայատուկ ուժերու գումարտակներու եւ խմբակներու հրամանատարներունը։ Անոնցմէ շատերը ձերբակալուեցան եւ վտարուեցան բանակէ՝ յեղաշրջումին մասնակցելու ամբաստանութեան հիմամբ։
Բանակին մէջ պաշտօնազրկումներուն մեծամասնութիւնը Անգարայի մէջ սպայակոյտի կեդրոնատեղիէն եւ ցամաքային ուժերու հրամանատարութենէն‚ ինչպէս նաեւ Պոլսոյ մէջ զօրամասերէ են։ Սուրիոյ հետ հարաւարեւելեան սահմանին վրայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատասխանատու երկրորդ բանակի եւ ներկայիս ընթացքի մէջ եղող «Եփրատի վահան» գործողութեան հրամանատարութիւնը նուազագոյն կորուստները ունեցաւ։ Երկրորդ բանակի հրամանատարութենէն շուրջ 20 ջոկատներ ներկայիս կը գործեն նոր հրամանատարներով։
Ծովուժի պաշտօնազրկումները Անգարայի հրամանատարութեան կեդրոնէն են կամ այդտեղ աշխատող անձնակազմէն։ Ծովուժը նուազագոյնը ազդուած թեւն է։
Այս տեղեկութեան լոյսին տակ՝ յստակ է‚ որ ամենէն ազդուածը թրքական օդուժի պատերազմական եւ վառելանիւթի մատակարարման օդաչուներն են‚ ապա մասնայատուկ ուժերը‚ ցամաքային ուժերը եւ ծովուժի կեդրոնատեղիի անձնակազմը։
Թէեւ թրքական զինեալ ուժերը կը թուին յարմարիլ պաշտօազրկումներուն՝ կարելի չէ ժխտել‚ որ մասնայատուկ ուժերու զօրաբաժինները‚ ծովու յատակէն յարձակումի խմբակներ եւ օդուժի փրկարարական խմբակները առնուազն կարիքը պիտի ունենան մէկ տարուան‚ իսկ օդուժը երկու տարուան՝ վերականգնելու համար իր անձնակազմերուն թիւը եւ հասցնելու նախքան 15 յուլիսեան իր մակարդակին։
Սակայն Անգարայի մէջ աղբիւրներ al-monitor-ի յայտնած են‚ որ «Եփրատի վահան» գործողութեան շնորհիւ թրքական զինեալ ուժերու բարոյականը նկատառելի կերպով բարձրացած է։
Թուրքիոյ զինեալ ուժերէն ներկայիս ձերբակալուած բազմաթիւ անդամներ կապ չունէին յեղաշրջումի փորձին հետ։ Անոնց շուրջ հետաքննութեան աւարտը կրնայ մեծցնել պատրաստ սպաներու թիւը։
Այլ խօսքով՝ պատերազմական օդանաւերու եւ ուղղաթիռներու օդաչուներու‚ ինչպէս նաեւ մասնայատուկ ուժերու անդամներու թիւի նուազումը ազդած է Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն վրայ‚ սակայն ընդհանուր առմամբ մնացող զինուորականներուն բարձր տրամադրութիւնը կրնայ փոխհատուցել թիւի նուազումը։ «Բարեբախտութիւն է‚ որ 2-րդ բանակը‚ որ ՔԱԿ-ի դէմ կը կռուի‚ Սուրիոյ հետ սահմանին կը հսկէ եւ կը մասնակցի «Եփրատի վահան»-ին‚ նուազագոյնը ազդուած հրամանատարութիւնն է։ Սակայն ի վերջոյ թրքական զինեալ ուժերը կարիքը պիտի ունենան առնուազն երկու տարուան՝ յեղաշրջումի փորձէն ու անոր յաջորդած մաքրագործումներէն վերականգնելու համար»‚ կը գրէ Կիւրճան։