ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Միջ-Վարչական Խորհրդակցական Ժողով եւ Նորագիր Անդամներու Դաստիարակչական Սեմինար
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) 2016-2017 տարեշրջանի միջ-վարչական խորհրդակցական ժողովն ու նորագիր անդամներու դաստիարակչական սեմինարը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 5-6 շաբաթավերջի ընթացքին՝ Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնէն ներս, շրջանի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղի հիւրընկալութեամբ։
Սոյն սեմինար-ժողովին ներկայ էին Քեպէքի, Օնթարիոյի եւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի բոլոր շրջաններէն ժամանած վարչական կազմերն ու յանձնախումբերու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ դաշնակցական նորագիր երիտասարդներու մեծաթիւ փաղանգ մը։
Երկու օրուայ վրայ երկարող սեմինարի աշխատանքները սկսան շաբաթ առաւօտեան, ուր նորագիրներն ու վարչական պատասխանատուները միատեղ ունկնդրեցին դասախօսութիւններ ընկերական ցանցերու գործնական կարեւորութեան մասին և ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան աշխատանքներուն մասին: Անդամները նաեւ յատուկ առիթը ունեցան զրուցելու Գէմրպրիճի շրջանի Գանատայի խորհրդարանի անդամ Պրայըն Մէյի հետ, վերջինիս Հայաստան այցելութեան մասին: Ապա, վարչականներն ու նորագիրները բաժնուելով տարբեր խմբակներու հետեւեցան տարբեր օրակարգերու։
Սեմինարի ընթացքին վարչական կազմերն ու յանձնախումբերը ներկայացուցին իրենց տարեկան ծրագրիրները։ ԳԵՄ-ի նորագիր անդամները առիթը ունեցան դատախօսութիւններով և աշխատանոցներով մօտէն ծանօթանալու ՀՅԴ ԳԵՄ-ի աշխատանքներուն:
Կիրակի առաւօտեան ներկայացուեցան ԳԵՄ-ի նախաձեռնած Հայաստանի Վանաձոր քաղաքին մէջ դաստիարակչական ճամբարի գործունէութիւնն ու միութեան պաշտօնաթերթ «Արծիւ»ի կացութիւնը։
Նշենք, որ շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, որ կազմակերպուած էր շրջանի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղին կողմէ։
Ժողովի վերջին օրուայ օրակարգերու սպառումէն ետք, վերանորոգուած ոգեւորութեամբ եւ աշխատանքային նոյն թափը շարունակելու վճռակամութեամբ բոլոր երիտասարդները վերադարձան իրենց քաղաքները։
ՀՅԴ Գանատաայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն