«Հորիզոն» կ՚ընդունի 2019 թուականի վարժողական ծրագրի թեկնածութիւններ

Գանատայի աշխատանքի եւ ընկերային զարգացման պետական բաժանմունքին կողմէ տրամադրուծ յատուկ ֆոնտով, «Հորիզոն» շաբաթաթերթը չորրորդ տարին ըլլալով կը նախաձեռնէ ուսանողական վարժողական ծրագիր։

Աշխատանքի մանրամասնութիւններ

– «Հորիզոն»ի ամէնօրեայ խմբագրական աշխատանքներու ծիրէն ներս թարգմանութիւններ կատարել, անգլերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։

– Գաղութային ձեռնարկներու թղթակցութիւններ կատարել։

– Հարցախոյզներ կազմակերպել։

– «Հորիզոն»ի վարչական աշխատանքներուն օգնել ։

– Բաժանորդագրութիւններու գործընթացը հետապնդել։

– Արխիւներ դասաւորել ։

Պայմաններ

– Թեկնածուն 15-30 տարեկան երկրորդական վարժարանի, Cegep-ի կամ համալսարանի ուսանող պէտք է ըլլայ։

– Պէտք է լիաժամ ուսանող ըլլայ, որ վարժողական ծրագրէն ետք վերստին իր ուսումը պիտի շարունակէ։

– Պէտք է Գանատայի քաղաքացի, մնայուն բնակիչ, կամ Immigration and Refugee Protection Act-ի օրէնքներով սահմանուած ապաստանեալ (Refugee) ըլլայ։

– Պէտք է աշխատելու իրաւունք ունենայ։

Աշխատանքի տեւողութիւն եւ վարձատրութիւն

– Վարժողական այս ծրագրի դիմումները կը սկսին Մայիս 1-ին։ Ծրագիրը կը սկսի Յունիս 17-ին եւ կ՚աւարտի Յուլիս 26-ին։

– Ծրագրի տեւողութիւնն է 6 շաբաթ, շաբաթական 30 ժամ աշխատանքային ժամով եւ 12.50 տոլար ժամական վարձատրութեամբ։

Ձեր դիմումնագրերը ուղարկեցէք «Հորիզոն»ի հասցէին մինչեւ Յունիս 7

3401 Olivar-Asselin

Montreal, Quebec

Canada H4J 1L5

Կամ ե-նամակով ուղարկել «Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատու

Սիլվա Էհրամճեանի հասցէին՝ sylva@horizonweekly.ca

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.