ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարը այցելած է հիւսիս-արեւելեան շրջանի զօրամաս
Զինուած ուժերու ուսումնական պատրաստութեան ծրագրին համաձայն՝ զօրամասերու հրամանատարներուն եւ անոնց տեղակալներուն հետ տեղի ունեցող հրամանատարական հաւաքներու ծիրէն ներս, ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը հանդէս եկած է «Ռազմաքաղաքական իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ, անոնցմէ բխող հնարաւոր զարգացումները» թեմայով դասախօսութեամբ:
Դաւիթ Տօնոյեան հաւաքի մասնակիցներուն ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ձեւաւորուած անվտանգային միջավայրի հիմնական մարտահրաւէրները, միջազգային ու տարածաշրջանային շահերու եւ հակամարտութիւններու ոլորտին մէջ առկայ եւ հաւանական զարգացումները, ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ հայկական կողմին համար բարենպաստ բանակցային պայմաններու ապահովման հիմնական գրաւականները:
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարը պատասխանած է նաեւ սպաները հետաքրքրող հարցերուն:
Այնուհետեւ, Լոռիի մարզի Վանաձոր քաղաքին մէջ, Դաւիթ Տօնոյեան մասնակցած է զինծառայողներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն համար նախատեսուած նորակառոյց բնակելի շէնքին բացման հանդիսաւոր արարողութեան։
Շնորհաւորելով բնակարանամուտ տօնող զինծառայողներուն ու անոնց ընտանիքներու անդամներուն` Դաւիթ Տօնոյեան մաղթած է անոնց նոր յարկի ներքոյ ընտանեկան երջանկութիւն ու ջերմութիւն, վստահութիւն յայտնելով որ բնակարանամուտը խթան կը հանդիսանայ նաեւ զինուորական ծառայութեան նոր լիցքերով ու եռանդով լծուելու համար: