Որո՞ւն Ռազմավարական Դաշնակիցները
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Ռուսական մամուլէն կ՛իմանանք Պաքուի գագաթաժողովէն յղուած Նախագահներ՝ Փութինի, Ռուհանիի եւ Ալիեւի միացեալ յայտարարութեան մասին։ Երեքի համաձայնութեան վերջնական մանրամասնութիւնները դեռեւս պէտք է բացայայտուին։ Բայց եւ այնպէս մամուլին մէջ լոյս տեսած նախնական տեղեկութիւնները կը միտին ցոյց տալու, որ արդէն գոյութիւն ունի հիմնական շրջանային համաձայնութիւն մը գագաթաժողովի մասնակիցներուն միջեւ։
Կը թուի, թէ Հայաստանի գլխաւոր «ոազմավարական դաշնակիցներ» հանդիսացող Ռուսաստանն ու Իրանը «հրաշալի ժամանակ» կ՛անցընեն թշնամի երկրի մայրաքաղաքին մէջ՝ իրենց միացեալ յայտարարութեամբ ընելով թափանցիկ ակնարկութիւններ նաեւ այս օրերու Արցախի բանակցութիւններուն մասին եւ, անշուշտ, ակներեւ կողմնակալութեամբ ի նպաստ Ատրպէյճանի։ Կը թուի, թէ օր-ցերեկով շրջանային դաշինք մը կը կազմաւորուի, որուն մէջ կը ներառուի Ատրպէյճանը, այսինքն՝ ֆաշիստ նախայարձա՛կը ընդդէմ դրացի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի, եւ այդ համաձայնութենէն դուրս կը ձգուի Հայաստանը։ Եւ այս մէկը կը պատահի այնպիսի ժամանակ, երբ Ատրպէյճան ամէն օր կը խախտէ Ռուսաստանի միջամտութեամբ եւ հովանաւորութեամբ հաստատուած վերջին զինադադարը։
Հետեւա՛նքը այս բոլորին։ Գործանականօրէն Հայաստան կը դրուի դրսեցիի դիրքերուն վրայ ոչ միայն ԱՄՆի կողմէ հովանաւորուած Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան շրջանային համարկումի (integration) ծրագիրներէն, այլեւ Հայաստանի ենթադրեալ դաշնակիցներ՝ Ռուսաստանի եւ Իրանի կողմէ։ Եւ այս բոլորէն բխող պատգամը շատ յստակ է եւ մեկին։ Հայաստան կը թուի «զանցառելի» քանակութիւն ըլլալ գերտէրութեանց շահերուն համար։ Գերտէրութիւնները կը թողուն այն տպաւորութիւնը, որ Հայաստանը իրենց համար գործօն արժէք չէ տարածաշրջանի բեմին վրայ։ Այն արժէքը չէ, զոր պէտք է նկատի առնել։ Անոնք կը կարծեն, թէ կրնան շրջանային իրենց վէճերը հարթել Հայաստանի հաշւոյն։ Եթէ իսկապէս այս է իրենց հաշիւը, անոնք չարաչար կը սխալին։ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը «մատի փաթթոց»ներ չեն եւ պիտի չըլլան։ Հայաստանն ու Արցախը այս տարածաշրջանի սալին վրայ արդէն քանի մը անգամ փաստած են որակը իրենց մէտաղին։ Ռուսաստան եւ ԱՄՆ իրենց գրաւը դրած են սխալ ձիու վրայ։ Ալիեւ թոյլ յենարան մըն է իրենց համար։ Թոյլ եւ անվստահելի։ Ալիեւ նորէն պիտի պարտուի եւ յաջորդող մէկէ աւելի տարիներու ընթացքին ան «սուղի պիտի նստի» իր հովանաւորներուն վրայ։
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Օգոստոս 8, 2016
Ուաշինկթըն
Անգլերէն բնագրէն թարգմանուած Վահէ Յ. Աբէլեանի կողմէ