Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան երկրորդականի հունձքը՝ 49 շրջանաւարտներ

 

Յուզումնալից եւ միաժամանակ ուրախ պահ մըն է դպրոցական տարեշրջանի մը աւարտը, յատկապէս երկրորդականի շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման արարողութիւնը, երբ հրաժեշտ կու տանք մեր աւարտական դասարանի շրջանաւարտներուն:

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Բատրմաճեան Երկրորդականի Ե. կարգի աշակերտներուն վկայականներու բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի 19 Յունիս 2016-ին, ժամը 3-ին, վարժարանիս Բաստրմաճեան թատերասրահէն ներս: Հանդէսին ներկայ էին յարգարժան հիւրեր՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան, նորընտիր Թեմակալ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Աւգ. Քհնյ. Գոյունեան, մեծայարգ ներկայացուցիչներ՝ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ  Հոգաբարձութեանց, Կրթական Գործադիր Մարմնի, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ բարերարներ, պարգեւներու եւ մրցանակներու նուիրատուներ, ուսուցչական կազմ, ծնողներ եւ պատուարժան հիւրեր:

Աւարտական դասարանի 49 աշակերտներու շուքով մուտք գործեցին հանդիսասրահ Տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի առաջնորդութեամբ եւ խանդավառ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ: Գանատայի ու Հայաստանի օրհներգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց օրուան հանդիսավար պրն.Մհեր Գարագաշեան: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ամէն մարդ չէ որ կրնայ ըսել, որ Ս. Յակոբ վարժարանը յաճախած է եւ որ Ս. Յակոբ վարժարանը աւարտած է: Մեր շրջանաւարտները պէտք է գիտակից ըլլան իրենց դպրոցին արժէքին եւ երախտապարտ իրենց ծնողներուն, որոնք իրենց ուղարկեցին այս վարժարանը, ուր ստացան որակաւոր ուսում եւ հայեցի դաստիարակութիւն:

Հանդիսութեան գեղարուեստական ճոխ յայտագրին ընթացքին յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Երկ.Ե.կարգէն Սարիթա Պամպուքեան, որ կատարեց «Իմ անունը Հայ է» դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Բասգալ Տէմիրճեանի, Յովիկ Կանիմեան, որ ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Եւ այր մի Մաշտոց անուն…», եւ Վիքի Ասատուրեան, որ ֆրանսերէնով ասմունքեց Ուիլիամ Սարոյեանի «Nouvelle Arménie» կտորը:

Մշակութային բաժնէն ետք, խօսք առաւ վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհի՝ Տիկին Լենա Գատեանը, որ նշեց Ս. Յակոբ վարժարանի իւրայատկութիւնը գանատական եւ Քէպէգի իրականութեան մէջ: Շեշտեց անոր կրկնակի առաքելութիւնը, որն է՝ բարձրագոյն ուսման հասցնելու կողքին, ջամբել հայերէն լեզու եւ հայկական մշակոյթ: Ան յիշեց, որ անցնող հինգ տարիներէն ետք հարկ է ճանչնալ հաւաքական եւ անձնական ջանքերուն արդիւնքը եւ յաջողութիւնները՝ աւարտականները երկրորդական դասարաններուն մէջ, իսկ ընդհանուր տնօրէնութեան պաշտօնին մէջ: Խօսքը ուղղելով ուսուցիչներուն, Տիկ.Գատեան մէջբերեց Ժան-Ժորէսի խօսքերը.«Չենք սորվեցներ ինչ որ գիտենք, այլ ինչ որ ենք»: «Մեր շրջանաւարտները էջ մը գրեցին Ս.Յակոբի պատմութեան մէջ» ըսաւ ան եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր շրջանաւարտներուն, որոնք ընդունուած են բարձրագոյն ուսման հաստաութիւններու մէջ. ան ընդգծեց կարեւորութիւնը ճակտի քրտինքով յարատեւելու, կարեկցութիւն ցուցաբերելու եւ նաեւ՝ արդարացնելու իրենց հայկական դպրոց յաճախելու առանձնաշնորհումը, որ ունեցած են շնորհիւ իրենց ծնողքին եւ գաղութին զոհողութեանց:

Վկայագրերու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարեցին Ընդհանուր տնօրէնուհի Տիկ.Լենա Գատեան եւ փոխ-տնօրէնուհի Տիկին Ցոլինէ Շամլեան (ամբողջական ցանկը տեսնել ստորեւ): Իսկ աւարտական դասարանին կողմէ Տնօրէնութեան յուշատախտակ մը յանձնեց Սեւակ Պապիկեան առ ի շնորհակալութեան 2015-2016 աւարտականներու կողմէ:

Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխման աւարտին, Երկրդ. Ե. կարգի շրջանաւարտներու անունով ուղերձներ կարդացուեցան, նախ՝ ֆրանսերէն լեզուով, զոր ընթերցեցին Սեւակ Պապիկեան եւ Արիանա Արին Անթապի, ապա անգլերէն լեզուով զոր ընթերցեց՝ Լիա Ճանգուզեան. Հրակ Քիւփէլեան եզրափակեց ուղերձներու բաժինը հայերէնով ներկայացնելով իր ուղերձը:

 Պրն.Մհեր Գարագաշեան փակման խօսքին մէջ յիշեց Վիքթոր Համբարձումեանը, որ գիտնական ըլլալու կողքին մեծ հայ էր, որ Արցախի ի նպաստ հացաթուլ ըրած էր, եւ հրաւիրեց աշակերտներուն ներշնչուելու իր օրինակէն:

 Երկրդ. Ե.ի հանդիսութեան փակման խօսքը կատարեց Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան, նորընտիր Թեմակալ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, որ մեծապէս գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, որոնց բոլորին ջանքերով հաստատ եւ կանգուն կը մնայ հայեցի կրթութեան օճախ՝ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանը: Մեծապէս գնահատեց եւ շնորհաւորեց նաեւ մեր շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները:

 Տէր Գառնիկ Աւգ. Քհնյ. Գոյունեան «Պահպանիչ»-ով փակեց 2015-2016 տարեշրջանի պաշտօնական յայտագիրը: Հանդիսութեան աւարտին, շրջանաւարտները բեմին վրայ նկարուեցան յիշատակի պատկեր մը շրջապատուած իրենց ուսուցիչներով եւ Տնօրէնութեան անդամներով, ապա օդը նետեցին իրենց գլխարկները եւ շարքով, ծնողներու եւ հիւրերու ծափահարութիւններու ընկերակցութեամբ դուրս եկան թատերասրահէն: Ուսուցիչներն ու Տնօրէնութիւնը այս անգամ հետեւեցաւ իրենց սրահէն դուրս:

Աւելի ուշ, շրջանաւարտները իրենց ծնողներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ միատեղ Լաւալի «Էմպէսի փլազա» շքեղ ճաշասրահներուն մէջ հաւաքուեցան: Շրջանաւարտները անցուցին փառաւոր խրախճանք-պարահանդէս մը, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն, հարազատներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ վարժարանի անձնակազմին հետ: Մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը ներկաները անցուցին անմոռանալի պահեր: 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.