Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի օրուան տօնակատարութիւնը
Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն, Կիրակի, 5 Մայիս 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի օրուան տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ Հոգշ. Տէր Վարդան Վրդ. Թաշճեանի, որպէս ներկայացուցիչ Սրբազան Հօր, Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեանի, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Անի Օհանեանի եւ անդամուհիներու, օրուան նախագահ ընկհ. Աննա Պուլկարեանի, զոյգ մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ անդամուհիներու, պատկան մարմիններու եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներու, ՀՕՄ-ի բարեկամներու եւ համակիրներու:
Բացումը կատարուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով, որմէ ետք օրուան հանդիսավար ընկհ. Բալիկ Լատոյեան հանդէս եկաւ բարի գալուստի խօսքով, որուն մէջ շեշտեց. «Այսօր առիթը պիտի ունենանք յետադարձ ակնարկով մը վերյիշելու գաղութիս գուրգուրոտ մօր դեր կատարող կազմակերպութեան բոլոր իրագործումները, որպէսզի անգամ մը եւս ուրախանանք, հպարտանանք եւ նոր թափով շարունակենք մեր երթը»:
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Սոնա Թիթիզեան, Յուշիկ Բաբուճեան եւ Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարանի աշակերտուհի Սիլվի Միքայէլեան, որոնք ներկայացուցին Շաւարշ Նարդունիի «Կարօտ հայ լեզուին» արձակ կտորը: Անոնց յաջորդեց Երդման արարողութիւն Լաւալի «Շուշի» եւ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղերու շարքերը խտացնող խումբ մը նորագիր անդամներու, կնքամայրութեամբ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Անի Օհանեանի:
Հանդիսավար ընկերուհին համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան նախագահ ընկհ. Աննա Պուլկարեանի կենսագրականը, որմէ ետք ան հրաւիրուեցաւ բեմ՝ փոխանցելու իր սրտին խօսքը: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց զոյգ մասնաճիւղերուն՝ օրուան նախագահութիւնը իրեն վստահուած ըլլալուն համար, ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն ըսելով. «Գուրգուրա՛նք այս մե՛ծ կազմակերպութեան վրայ: Կրկնապատկե՛նք մեր ջանքերը՝ առաւել եւս արդիւնաւէտ դարձնելու համար այս մե՛ծ կազմակերպութեան գործունէութիւնը: Ջանք չխնայե՛նք եւ բոլոր միջոցները մե՛նք ձեռք առնենք, որպէսզի ներգրաւենք մեր զաւակները, ինչպէս որ մեր երէց սերունդը վստահեցաւ մեզի»:
Անկէ ետք «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Հուրի Զաքարեան եւ «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Ֆլորա Կիրակոսեան ներկայացուցին մասնաճիւղերուն տարեկան տեղեկագիրները՝ սահիկներու ցուցադրութեամբ: Զոյգ մասնաճիւղերու տեղեկագիրները լի էին բեղուն գործունէութեամբ եւ օգտաշատ ձեռնարկներով ու ծրագիրներով, ինչպէս նաեւ անոնց ներդրումները՝ արդիւնաշատ: Զեկոյցի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ տիկին Նաթալի Հաճէթեան Սթանպուլեան, որպէսզի ստանայ զոյգ մասնաճիւղերուն եւ Շրջանային վարչութեան տարեկան յատկացումները:
Տեղի ունեցաւ զարդասեղներու տուչութիւն. ՀՕՄ-ի շարքերէն ներս 15-ամեայ ծառայութեան համար՝ ընկերուհիներ Մայտա Փիլոյեան, Անահիտ Թաքըճեան եւ Սալբի Զարուկեան, ձեռամբ ընկհ. Հուրի Զաքարեանի, 25-ամեայ ծառայութեան համար՝ ընկերուհիներ Նուշիկ Աւագեան, Անուշ Պօղոսճիքեան, Մարի Գալուստեան, Զուարթ Օտապաշեան, ձեռամբ Շրջ. Վարչութեան անդամ ընկերուհիներու՝ Անի Գրալեանի, Վարդուկ Պեզճեանի եւ Անի Թորիկեան Պապիկեանի, 35-ամեայ ծառայութեան համար՝ ընկերուհիներ Մարիա Արսլանեան, Սալբի Բակլայեան, Սիմա Մարունեան, Ռիթա Օհանեան, Լուսին Մանուկեան, Լենա Աբրահամեան, Լուսին Հացագործեան, Անժէլ Հոփուռեան եւ Անի Օհանեան, ձեռամբ Շրջ. Վարչութեան վերոնշեալ ընկերուհիներուն:
50-ամեայ ծառայութեան համար վկայագիր ստացաւ ընկհ. Տիգրանուհի Թօփուզեան, որուն կենսագրականը կարդացուելէն ետք, վկայագիրը յանձնուեցաւ ձեռամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Անի Օհանեանի:
Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղէն իր 50-ամեայ ծառայութեան համար վկայագրի արժանացաւ ընկհ. Շաքէ Ստեփանեան, իսկ 60-ամեայ ծառայութեան համար՝ ընկհ. Քնար Եափուճեան. երկու ընկերուհիներուն կենսագրականներուն ընթերցումէն ետք, իրենց բանաւոր բացակայութեան պատճառաւ, վկայագիրները պիտի յանձնուին յետագային, Շրջանային վարչութեան անդամներու ձեռամբ:
Ընկ. Հուրի Զաքարեան հանդիսութեան ընթացքին անակնկալ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ ըսելով. «ՀՕՄ-ի կեանքը լի է մարտահրաւէրներով, ինչպէս նաեւ անսպասելի անակնկալներով», ապա աւելցուց, թէ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղը օժտուաեցաւ 15,000 տոլարի նոր հիմնադրամով մը, ի յիշատակ «Սօսէ» մասնաճիւղի հիմնադիր վարչական անդամ ընկհ. Արաքս Պոյաճեան Այնթապլեանի: Սոյն հիմնադրամը հաստատեցին տէր եւ տիկին Արեգ եւ ընկհ. Քրիստին Մարգարեանները, իրենց երեք դուստրերը եւ տէր եւ տիկին Արթօ եւ ընկերուհի Ալիս Մարգարեանները: Հիմնադրամը անուանուեցաւ «Արաքս Պոյաճեան Այնթանպլեան, Գարին, Ալիք եւ Գաթիա Մարգարեան» հիմնադրամ:
Ընկհ. Բալիկ Լատոյեան ներկայացուց օրուան բանախօս «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր տիար Վահագն Գարագաշեանի կենսագրութիւնը, որմէ ետք բանախօսը հրաւիրուեցաւ բեմ՝ փոխանցելու օրուան պատգամը:
Ան իր խօսքին ընթացքին յայտնեց. «ՀՕՄ-ի պատմագրութեան մէջ, յատկանշական կը հանդիսանայ 20-րդ եւ 21-րդ դարերու հատման ժամանակահատուածը, երբ ՀՕՄ-ի բարեսիրական գործադաշտը տարածուեցաւ չորս տարբեր բեւեռներու վրայ՝ Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք եւ Սփիւռք։ Իր ծանրաբեռնուած օրակարգերով հանդերձ, ՀՕՄ-ը չվարանեցաւ հայութեան դիմագրաւած իրերայաջորդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ զօրաշարժի ենթարկելով իր շարքերը նետուեցաւ գործի դաշտ, ձեռք երկարելու 1988-ի Հայաստանը հարուածած երկրաշարժի աղէտեալներուն, մայրութիւն ու տիրութիւն կատարելով որբացած երեխաներուն, կողք-կողքի կանգնելով Արցախի ազատամարտիկներուն, զօրակցելով Հայաստանի հիւսիսային դարպաս Ջաւախքի հայրենակիցներուն ու վերջապէս յենասիւն հանդիսանալով Սփիւռքի գաղթօճախներու մէջ գործող կրթական հաստատութիւններուն։ Սիրելի ՀՕՄ-ի ընկերուհիներ, դուք վկան դարձաք նաեւ մեր նորօրեայ ազատագրական պայքարին, Արցախի ազատագրութեան մարտին։ Ներկայ եղաք հոն եւ վճռորոշ դեր կատարեցիք։ Հայ ազատամարտիկին եւ զինուորին կողքին եղաք, նոյնիսկ եթէ առաջնագիծի խրամադիրքերէն հազարաւոր մղոններ հեռու էիք»:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Հոգշ. Տէր Վարդան Վրդ. Թաշճեան, որ փոխանցեց Սրբազան Հօր ողջոյնի խօսքը եւ «Պահպանիչ»ով փակեց ձեռնարկը: Աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Նշենք, որ սոյն ձեռնարկին եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնց ընդհանուր գումարը հասաւ 21,425 տոլարի:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան