Հայ-հրէական կապը. ողջակէզի ազդեցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան շարժանկարներու վրայ

 

Հայ ու հրեայ ժողովուրդներու աղէտի փորձընկալումը Ի. դարուն հիմք դարձաւ «ցեղասպանութիւն» բառի ստեղծումին լեհ հրեայ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ։ Երկու ցեղասպանութիւններուն զուգահեռներն ու կապերը քննարկումի ու վերլուծումի ենթարկուած են գիտական շրջանակներու մէջ։ Սակայն, անոնք կարեւոր նիւթ եղած են ո՛չ միայն գիտութեան, այլեւ շարժապատկերի բնագաւառին մէջ։ Հայկական Ուսմանց Ծրագիրը՝ UCL-ի Hebrew and Jewish Studies Department-ի հետ գործակցաբար, հիւրընկալեց փրոֆ. Լօրընս Պարոնը, որ դասախօսեց ցեղասպանութեան շարժանկարներու հայ-հրէական կապակցութեան մասին։ Դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ՝ UCL Hebrew and Jewish Studies Department-էն փրոֆ. Մայքլ Պերքովիցի ատենավարութեամբ։

Փրոֆ Լօրընս Պարոն San Diego State Universityի արդի հրէական պատմութեան «Նասաթիր» ամպիոնի վարիչն է 1988էն ի վեր եւ անոր հրէական ուսմանց ծրագիրը ղեկավարած է մինչեւ 2006։ Ստացած է արդի եւրոպական մշակութային եւ մտաւորական պատմութեան տոքթորականը University of Wisconsinէն, ուր ուսանած է պատմաբան Ճորճ Լ. Մոսէի հետ։ 1975էն մինչեւ 1988 դասաւանդած է St. Lawrence Universityի մէջ։ Ան հեղինակած ու խմբագրած է չորս հատոր, որոնց շարքին «Արդի հրէական փորձառութիւնը համաշխարհային շարժապատկերի մէջ» (Brandeis University Press, 2011) եւ «Ողջակէզը լուսարձակել ներկայի մէջ. ժամանակակից Ողջակէզի շարժապատկերի փոփոխական կիզակէտը (Rowman and Littlefield, 2005)։ Ան ծառայած է իբրեւ պատմաբան ու հարցազրոյց վարող Սան եւ Փըրլ Օլինըրի «Այլասէր անհատականութիւնը. հրեաներու փրկարարներ նացի Եւրոպայի մէջ» հատորին։ 2006ին Լ. Պարոն գլխաւոր բանախօսը եղած է Հոլիվուտի եւ Ողջակէզին նուիրուած Եատ Վաշէմի առաջին գիտաժողովին։ Ողջակէզի ուսմանց անոր նպաստը ներկայացուած է «Ողջակէզի եւ ցեղասպանութեան յիսուն բանալի մտածողներ» (Routledge, 2010) հատորին մէջ։ 2015ի աշնան, Ողջակէզի ուսմանց Ida King ականաւոր այցելու դասախօսը եղած է Նիւ Ճըրզիի Richard Stockton Universityի մէջ։

Երկու ցեղասպանութիւններուն միջեւ կապը յաճախ կապուած է Ատոլֆ Հիթլէրի տխրահռչակ խօսքերուն հետ. «Ո՞վ, ի վերջոյ, այսօր կը խօսի հայոց ոչնչացումին մասին»։ Կ՚ըսուի, թէ այս խօսքերը Հիթլէրին հոգեբանական անհրաժեշտ ապահովութիւնը տուած են, որպէսզի Բ. Աշխարհամարտին հրեաներուն դէմ գործէր միեւնոյն ոճիրները, զորս Ա. Աշխարհամարտին օսմանեան պետութիւնը գործած էր հայոց դէմ։ Հայ ու հրէական փորձառութիւններուն զուգահեռները արուեստի տարբեր ձեւերով արտայայտուած են, բայց թերեւս ամենէն զարմանալի զուգահեռները երեւան եկած են ֆիլմերու մէջ։ Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ իրերայաջորդ թրքական կառավարութիւններու ուրացումի քաղաքականութեան պատճառով, ցեղասպանութեան նիւթը ներկայացնող ֆիլմերու ենթահողը առաջին անգամ մշակուած է Ողջակէզի շարժանկարներուն կողմէ։

Լ. Պարոնի յիշած առաջին ֆիլմը Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեանի ականատեսի վկայութիւններուն վրայ հիմնուած ու 1919ին Ամերիկա նկարահանուած «Յօշոտուած Հայաստան»ն էր։ Այս ֆիլմին նպատակն էր, յայտարարուած էր, ցեղասպանութեան սարսափները ամերիկացիներուն ծանօթացնել։ Այս պատգամը շարժանկարի միջոցով պիտի փոխանցուէր, քանի որ ան միլիոններու պիտի հասնէր, մինչ տպագիր խօսքը միայն հազարներու կրնար հասնիլ։ Իբրեւ մտաւորական եւ մշակութային երեւոյթներու պատմաբան, Լօրընս նշեց, թէ կ՚ուսումնասիրէ գաղափարներու տարածումը մշակոյթներու մէջ, եւ յատկապէս այս պատճառով է, որ գլխաւորաբար հետաքրքրուած է շարժանկարներով, քանի որ անոնք ամենամեծ լսարաններու կը հասնին։ Արդի դարաշրջանին ֆիլմերու վայելած ժողովրդականութիւնը զանոնք կը վերածէ գաղափարներու մեծ աղբիւրի մը, որուն կը յղուին մեծ լսարաններ։

Հայ-հրէական կապի առաջին յիշատակումը, սակայն, կու գայ գիրքէ մը՝ Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Տաղի քառասուն օրերը»։ Հրէական ծագումով աւստրիացի գրագէտին վէպը ներշնչուած էր Միջին Արեւելքի հայ որբերու եւ գաղթականներու սրտաճմլիկ տեսարաններէն։ Վէպը հրատարակուեցաւ 1933ին, զուգադիպելով Հիթլէրի վերելքին, զոր Վերֆէլ դատապարտեց՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը օգտագործելով հրեաներուն սպառնացող վտանգին ուշադրութիւն հայցելու համար։ Վէպը Երրորդ Ռայխ ապրող հրեաներուն առիթը տուաւ իրենց կացութիւնը համեմատելու թրքական ֆաշականութեան ընդդիմացող հայերուն հետ։ Վարշաւայի կեթոյի եւ Մուսա Տաղի դիմադրութեան միջեւ զուգահեռներ գծուեցան։ Ցեղասպանութեան մը պատկերը ուրիշի մը միացնելու այս գործընթացը Պարոն կը կապէ «բազմա-ուղղութիւն յիշողութեան» (“multi-directional memory”) հետ, որ կը նշանակէ ընտանի պատկերներու յիշատակումը մէկ իրադարձութենէն միւսը։

Թուրքիա ատենին կ՚օգտուէր հակախորհրդային պատուարի իր դիրքին հետ կապուած քաղաքական լծակներէն, իսկ ներկայիս՝ ՆԱԹՕի անդամի կարգավիճակէն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կանխելու եւ անոր ժողովրդային ներկայացումի կերպերը ճնշումի ենթարկելու համար։ Ահա թէ ինչու հրեաներու ցեղասպանութեան փորձընկալումը առաջինը կը դառնար, որ իր յուշերը ազատօրէն կ՚արտայայտէր շարժանկարի միջոցով։ Հետեւաբար, արեւմտեան գիտակցութիւնը ցեղասպանութիւնը կը կապէ համակեդրոնացումի ճամբարներու եւ ո՜չ թէ դէպի սուրիական անապատ քալող հայերու պատկերներու հետ։ Որպէսզի արեւմտեան լսարանները աւելի լաւ ընկալեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, «Ողջակէզի պատկերներու ներկայացումը հայկական գազանութիւնները մշակութային առումով աւելի ընթեռնելի կը դարձնէ իբրեւ ցեղասպանութիւն»։ Իբրեւ բազմա-ուղղութիւն յիշողութեան օրինակ բերելով Սէմուէլ Պարպըրի Adagio for Stringsի օգտագործումը «Յօշոտուած Հայաստան»ի մէջ, փրոֆ. Պարոն նշեց, որ այս յօրինումը յաճախ գործածուած է սուգ պատկերացնելու համար։ Իրադարձութեան մը պատկերը, այսպէսով, ենթագիտակցաբար կը պահպանուի լսարաններու կողմէ եւ ապա, երբ պատկերը կրկին կը ներկայացուի, ուրիշ իրադարձութեան հետ կապի մէջ կը դրուի։

Թուրք պետութեան երկարամեայ փորձը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը բեմադրիչներու կողմէ ներկայացուելու հնարաւորութիւնը կանխելու, թոյլ չէ տուած արթնցնել յուշեր, որոնք ազգային գիտակցութիւնը պիտի խթանէին։ Ասիկա նման էր համայնավար կուսակցութեան կողմէ իտիշ գրականութեան վրայ դրուած արգելքներուն։ Սակայն, շարժանկարներու իրականացումին մէջ փոքր պատուհան մը բացուեցաւ ցեղասպանութեան յիսնամեակի ցոյցերէն ետք։

Թէեւ այս ֆիլմերուն մեծ մասը Հայոց Ցեղասպանութեան ակնարկած էր, տեսողական թէ բանաւոր իմաստներով, իբրեւ «ծածկագրուած ենթաբնագիր», երկու խորհրդահայ բեմադրիչներ նիւթին անդրադարձան իբրեւ խորհրդահայերը չարչարող վէրք։ Անոնցմէ մէկը Հենրիկ Մալեանն էր, որուն «Նահապետ»ը (1977) տակաւին գրաքննութեան ենթարկուած ըլլալով, վերապրողի հոգեբանական նրբութիւնները չկարողացաւ լրիւ արտայայտել։ «Նահապետ»ը ներշնչեց ուրիշ ժապաւէն մը՝ Ֆրունզէ Դովլաթեանի «Կարօտ»ը (1990)։ Շարժանկարը տեղի կ՚ունենայ 1930ական թուականներուն, երբ Ստալին ճնշումի կ՚ենթարկէր տեղական ազգայնականութեան ամէն արտայայտութիւն։ Ան կը ներկայացնէ պատմութիւնը գիւղացիի մը, որ կը տառապի իր գիւղը աւերած թուրք զինուորներու յիշատակներով։ Կ՚որոշէ խորհրդա-թրքական սահմանը անցնիլ ու այցելել իր հին տան աւերակները, ուր կ՚երեւակայէ գիւղը լափող բոցերը եւ կը հանդիպի աղջկան մը, որ մեծցած է քրտական ընտանիքի մը ծոցին մէջ։ Այս բոցերուն պատկերը կը յիշեցնէ Ողջակէզի առաջին ֆիլմերէն մէկը՝ «Կիներու դերձակ», որ միեւնոյն պատկերակերտումը կ՚օգտագործէ։ «Կարօտ»ի որբուհին կրնայ պոռալ, բայց ձայն չի հաներ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ան կրնայ փորձել իր ցաւը արտայայտել, բայց ոչ ոք պիտի լսէ կամ հասկնայ։ Ռուբինա Փիրումեան բաղդատականներ ըրած է հայկական եւ հրէական ցեղասպանութեան գրականութեան միջեւ, նշելով այս հասարակաց յատկութիւնը՝ ցաւոտ յուշեր ուրիշներու բացատրելու կամ ուրիշներու աչքին հաւաստի դարձնելու անկարողութիւնը։

Վերջին երկու տասնամեակներուն քաղաքական կլիման աւելի ազատութիւն ընծայած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շարժանկարներու պատրաստութեան Հայաստանի թէ Արեւմուտքի մէջ։ Իտալական «Արտոյտներու ագարակը» ժապաւէնը (2007) կը ներկայացնէ հայ բարեկեցիկ ընտանիք մը, որ հակահայ զգացումները կը նշմարէ եւ կը փորձէ իր հարստութիւնն ու ազդեցութիւնը գործածել պետական յարձակումէն խոյս տալու համար։ Այս ֆիլմը անժխտելի զուգահեռներ ունի 1970ի ժապաւէնի մը՝ «Ֆինցի Գոնթինիներու պարտէզը»ի հետ, ուր հրեայ հարուստ ընտանիք մը կը հաւատայ, որ իր ազդեցութիւնը պիտի յաջողի կանխել 1930ականներու ֆաշականութեան եւ հակասեմականութեան բարձրացող յորձանքը։ Հայերու եւ հրեաներու պատմութիւնը լաւագոյնս հիւսող շարժանկարը ֆրանսական «Ոճիրի բանակ»ն է, ուր Միսաք Մանուշեանը կը զինուորագրէ ձախակողմեան գաղթականներու խմբակ մը, որուն մօտ կէսը հրեաներ են, գերմանացի զինուորներ սպաննելու եւ ռազմական արդիւնաբերութիւնը խափանարարութեան ենթարկելու 1943ին՝ Փարիզի մէջ։ Բեմադրիչ Ռոպէր Կէտիկեան կը միահիւսէ հայերու եւ հրեաներու ճակատագիրները։

Գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ»ը (2002) շատ սպասուած էր հայերու կողմէ։ Շարժանկարը կը նկարագրէ, թէ ինչպէս զանազան կերպարներ՝ արուեստի պատմաբան մը, ահաբեկիչի մը որդին, արուեստագէտ մը (Արշիլ Կորքի) կը դիմագրաւեն ցեղասպանութեան իրենց յուշերը։ Լօրընս ֆիլմէն տեսահոլովակ մը (clip) ցոյց տուաւ, զոր նկարագրեց իբրեւ «Հիթլէրի մէջբերում»ին ամենէն արդիւնաւէտ օգտագործումը։ Հոն, Րաֆֆի՝ հայ ահաբեկիչին որդին, հայկական ցեղասպանութիւնը կը քննարկէ այն դերասանին հետ, որ Ճէւտէթ պէյի դերը պիտի խաղայ շարժանկարին մէջ ընթացող շարժանկարին մէջ։ Դերասանը կը փորձէ Րաֆֆին համոզել, թէ ցաւոտ պատմութիւնը պէտք է մոռնալ եւ թէ իրենց ամերիկեան նոր կեանքը թարմ սկիզբ մը պէտք է հայթայթէ։ Րաֆֆի դերասանին կ՚ըսէ. «Գիտե՞ս, թէ Հիթլէր ուրիշ ինչ ըսաւ իր հրամանատարներուն՝ զանոնք համոզելու համար, որ իր ծրագիրը արդիւնաւոր պիտի ըլլար. “Ո՞վ կը յիշէ հայերու բնաջնջումը”»։ Դերասանը կը պատասխանէ. «Ո՛չ մէկը յիշեց… ո՛չ մէկը կը յիշէ…»։

Վերջերս, հայ-թրքական յարաբերութիւններու առնչութեամբ զարգացումներ արձանագրուած են շարժապատկերի կալուածին մէջ։ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը սկսած է հայ եւ թուրք բեմադրիչներու հարթակ մը ըլլալ՝ հանդիպելու եւ հարցեր քննարկելու համար։ «Վէրքը» առաջին ֆիլմն է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որ արտադրուած է թրքական ծագումով անձի մը՝ Ֆաթիհ Աքինի կողմէ։ Նման շարժանկարներու տարածումը կարեւոր է, քանի որ անոնք կը դիտուին զանգուածներու կողմէ։ NBCի «Ողջակէզ» հաղորդաշարը նշանակալից ազդեցութիւն ունեցած է Ողջակէզի ժողովրդականացումին եւ անոր դաստիարակութեան վրայ։ Նոյնը կարելի է ըսել «Շինտլէրի ցանկը»ի եւ «Ռուանտա պանդոկ»ի մասին։ Պէտք է յուսալ, որ օր մը հայերը կարիքը պիտի չունենան Ողջակէզին յղում ընելու, որովհետեւ աշխարհի լսարանները պիտի յիշեն հայերը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.