ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւնը Հայաստանի մէջ
Օգոստոս 5, 2016-ին, ընթացք առաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի կազմակերպած «Հայաստանագնացութիւն 2016» ծրագիրը, որուն կը մասնակցին Օնաթրիոյի եւ Քեպէքի մասնաճիւղերէն 14-16 տարեկան 46 ընկեր-ընկերուհիներ եւ անոնց պատասխանատու վարիչները։
Այսօր յիշատակելից եւ խորհրդաւոր օր մըն էր մեզի, պատանիներուս համար: Մեր առաւօտը սկսաւ Եռաբլուր այցելութեամբ, ուր ընդհանուր հրամանատարը դիմաւորեց մեզի եւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց, յատկապէս քաջալերելով մեզի որպէս սփիւռքահայեր, որ կը ջանանք կապուած մնալ մեր Հայրենիքին:
Եռաբլուրի մէջ մեր այցելութիւնը սկսաւ Սօսէ Մայրիկի դամբարանին շուրջ «Վէրքերով Լի» երգեցողութեամբ: Ապա առաջնորդուեցանք ընկ. Մհեր Ջուլհաճեանի շիրիմը, որուն անոնով ԸՎՄ-ը յատուկ մրցանակ մը հիմնած է, Գանատայի մեր դպրոցներու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն համար: Այցելեցինք նաեւ ընկ. Վիգէն Զաքարեանի շիրիմը: Մեր մասնաճիւղերէն մէկը կը կրէ Վիգէն Զաքարեանի անունը:
Եռաբլուրի մեր զգացական վիճակը աւելի եւս զօրացաւ երբ հասանք Ծիծեռնակաբերդ: Նախ այցելեցինք Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանը։ Անբացատրելի էր մեր հոգեկան ու զգացական ապրումները երբ զետեղեցինք ծաղկեպսակները յուշարձանին դիմաց եւ մեր յարգանքը մատուցեցինք Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին՝ խոր լրութեամբ եւ ամփոփուած մեր մտածումներուն մէջ։